Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Նահատակաց Յուշարձանին Դիմաց «Ծաղր» Ու «Ծանակ» (6 Մայիս)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Իմ նահատակ եղբայրներուս անունով, լսեցէ՛ք զիս,
զաւակները երկրիս ու ազգիս, ահաւասիկ իմ վերջին խօսքերս.
թուրքերը կ՛ուզեն խեղդել մեր ազատութեան ձայնը մեր կուրծքերուն մէջ:
Կ՛ուզեն արգիլել, որ խօսինք, բայց մենք պիտի խօսինք:
…Մենք ապրեցանք անկախութեան համար եւ կը մեռնինք անկախութեան համար:

Ապտել-Քարիմ Խալիլ
(«Ազդակ», 6 մայիս 2017)

Իր նահատակութենէն քանի մը վայրկեան առաջ հերոսի մը արձակած պատկառելի ու յաւերժահունչ ղօղանջներ են վերոնշեալ տողերը, որոնք գրի առնուած են եւ փոխանցուած հետագայ սերունդներու դատողութեան: Հակառակ անոր որ  ան մօտիկ բարեկամը  եղած է մարդակեր Ճեմալ փաշային, իր կարգին արժանացած է թուրքի դաւադիր ու ոճրագործ վերաբերումին:

Ան կը հերոսանայ կախաղանին վրայ, երբ իր բորբ հայեացքը կ՛ուղղէ թշնամի կուսակալին աչքերուն եւ քաջաբար կը փոխանցէ իր պատգամը:

Պատգամ, որ խտացուած կտակն է եղած այն բոլոր հայրենասէր գրողներու, մտաւորականներու, լրագրողներու եւ հոգեւորականներու, որոնք իրենց գրիչով եւ կամքի ուժով դէմ կանգնեցան օսմանցի թուրքին եւ թրքութեան` գերադասելով իրենց ժողովուրդի ազատութիւնն ու երկրի անկախութիւնը:

Անոնք չվարանեցան կախաղան բարձրանալ եւ թշնամի թուրքին երեսին գոռալ պատուական խօսքեր` դրսեւորելով ազգասիրութեան եւ ազատասիրութեան հիանալի եւ արժանահաւատ կեցուածք:

Ճիշդ է, որ 1915-1916 թուականի Լիբանանի թէ Սուրիոյ տարածքին թուրքերու կատարած սպանդները մեծատառ գիրերով արձանագրուած են պատմութեան  էջերուն մէջ, եւ իրերայաջորդ սերունդներ քաջատեղեակ են եղած ահռելի մանրամասնութիւններու, այդուամենայնիւ, Լիբանանի պարագային, ներկայ ու մօտիկ անցեալի տարեգրութիւնը մեզի կը յուշէ այլ բան. սեփական պատմութենէն փախուստի եւ արժեզրկումի վարքագիծի մը անարգել երթը, որ իր դրսեւորումը կը գտնէ պետական մակարդակի վրայ:

Փաստօրէն, աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, 2006-ին, «Լիբանանի օրուան կառավարութիւնը Լիբանանի նահատակաց օրը կը փոխէ` զայն բնութագրելով իբրեւ նահատակ լրագրողներու օր»: Գոյութիւն ունեցող յուշարձանին իմաստը ինչ-ինչ պատճառներով կ՛այլափոխուի` միշտ հաշուի առնելով տնտեսական հաշուարկներ, եղբայրական սին քարոզներ ու աշխարհաքաղաքական առաջադրանքներ:

Այո՛, Պուրճի Նահատակաց յուշարձանին մասին է խօսքը, որ, դժբախտաբար, այլեւս չունի իր երբեմնի հնչեղութիւնն ու իմաստը: Անիկա դարձած է սովորական ու «խափշիկ» կառոյց մը, որ տժգունած կը շարունակէ իր «ողբի» երգը:

Քարեղէն կառոյց մըն է, որ կանգուն է տասնամեակներէ ի վեր, թէեւ վիրաւոր ու միայնակ, անտեսուած, մտամոլոր, լո՜ւռ ու համբերատար, այդուհանդերձ իր ոգեղէն ներկայութեամբ կենդանի յուշարար կը մնայ բոլոր անոնց, որոնք ունին գիտակցութիւնը` յարգելու իրենց ժողովուրդին պատմութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը, ազգային արժանապատուութիւնը:

Թէ ինչո՛ւ նման ողբերգական ու սրտաճմլիկ ճակատագիրի ենթարկուած է այս համեստ յուշարձանը, պատասխանը պարզ է` հաւաքական անտարբերութիւն եւ կեղծ հայրենասիրութիւն:

Ի դէպ, հրապարակագրութեան բարոյական չափանիշերը չեն արտօներ, որ այլ դիպուկ բառերով արտայայտենք մեր մտածումները` մեր այս օրուան քաղաքական վիճակին ու վերեւ յիշուած յուշարձանի ճակատագիրին վերաբերող:

Այլ խօսքով, ինչո՛ւ զարմանալ ի տես այս բոլորին, երբ երկրի մը ժողովուրդը մոռացութեան կու տայ իր նահատակներուն յիշատակը, ձեւով մը կը հեգնէ ու կը ծիծաղի, աւելի՛ն. կ՛ուրանայ թշնամի թուրքին գործած ցեղային մաքրագործումները, ահաւոր սպանդներն ու կախաղաններու բարձրացուած հերոս ազգայիններու թափած արիւնը, հազարաւոր լիբանանցիներու սովահար ըլլալու իրողութիւնը:

Ամէնէն ողբերգականը այն է, որ վերջին տասնամեակին իսլամական կրօնին թէ պատմութեան փառահեղ էջերուն միջեւ սեպ կը խրուի` ծայրայեղականութեան ու հաւատադրժողութեան ալիքներ բարձրացնելով եւ ժողովրդավարութեան նորովի ըմբռնումներ տարածելով, երբ թուրքը, ատենին, առանց համայնքային ու յարանուանական խտրութեան` սուինէ կ՛անցընէր ու կախաղան կը բարձրացնէր բոլոր անոնք, որոնք կը համարձակէին խօսիլ ու երգել հայրենիքի անկախութիւնը:

Փաստօրէն, Նահատակաց յուշարձանը նաեւ կը պարփակէ խորհուրդ մը, որով պէտք է հպարտանան արաբական աշխարհի ժողովուրդներ (եթէ տակաւին գոյութիւն ունի նման հասկացութիւն)` այն առումով, որ տարբեր երկիրներու պատկանող ազատասէր արաբ անձնաւորութիւններ միասնաբար կախաղան կը բարձրացուէին` դառնալով արեան եղբայրներ: Անոնք իրենց նահատակութեամբ կը ջրդեղէին արաբականութեան դատն ու հայրենասիրական ոգին:

Իբրեւ լիբանանահայութիւն, ամէն պատեհ առիթի ցոյց տուած ենք մեր վճիտ յարգանքն ու երախտագիտութիւնը` Նահատակաց յուշարձանին ու անկէ ցայտող բազմախորհուրդ իմաստին: Նոյնիսկ եղան ժամանակներ, մօտիկ անցեալի, երբ ձեւով մը մոռացութեան տրուած էր 6 մայիսը, ու լիբանանահայութիւնը, տէր կանգնելով իր  քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան, իր պարտքը կը մատուցէր` այցելութիւն տալով Նահատակաց յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղելով` ամբողջ Լիբանանի անունով:

Իսկ նման վեհանձնութեան ի տես, ճիշդ է, որ տարբեր համայնքի ու յարանուանութեան պատկանող քաղաքական անձնաւորութիւններ թէ հոգեւոր հայրեր միշտ ալ գնահատանքով անդրադարձած են լիբանանահայութեան անկաշառ եւ օրինակելի կեցուածքին, այդուամենայնիւ ցարդ կը յամենան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք շատ անգամ ատելութեամբ եւ անհանդուրժողութեամբ յագեցած են:

Իրօք, նման թրքատիպ ու այլատեաց երեւոյթի մը ականատես եղանք մենք վերջերս, երբ լիբանանահայութեան ապրիլեան քայլարշաւին հակազդելու համար, եղան լիբանանցի խուլիկաններ ու վարձկաններ (թէեւ մատի վրայ համրուող), որոնք Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ թրքական դրօշակը իրենց ուսերուն կը շրջագայէին եւ ստրկամտօրէն կը յայտնէին իրենց մտքի թշուառութիւնն ու հոգիի դատարկութիւնը:

Այլապէս ալ, ամէնէն ողբերգականը այն էր, Լիբանանի ու հաւաքական յիշողութեան  հաշուոյն, երբ թրքական դեսպանատան նոյն կամակատարները, առանց ամօթի ու խպնանքի, թուրքի արիւնաթաթախ դրօշակը իրենց գլխին կը շրջէին Նահատակաց յուշարձանին շուրջ, հանդիպակաց թաղերու եւ փողոցներու մէջ, բարձրացնելով վայնասուն եւ բնազդական ճիչեր:

Յայտնապէս այս վերաբերումով անոնք ցոյց տուին քաղաքացիական կրթութեան կամ ազգային դաստիարակութեան իրենց ըմբռնումը: Ըստ երեւոյթին, անոնք, յագուրդ տալով իրենց թրքասէրի բնազդին, գիտակցաբար կ՛ուզէին նախատել յուշարձանի խորհուրդը, անպատուել նահատակները, որոնք դար մը առաջ Լիբանանի անկախութեան համար կախաղան բարձրացուած էին թուրքի ձեռամբ:

Աւելի՛ն. նման երիտասարդական կամ տմարդի խուլիկանութիւն պարզապէս յաւելեալ ապացոյց մըն էր, որ անոնց տրուած, այսպէս ըսած, դաստիարակութիւնը սնանկութեամբ կը բնորոշուէր, պարզ այն պատճառով որ անոնք ո՛չ միայն կ՛ուզէին հայոց վճռակամութիւնը ստորագնահատել կամ հաւաքական յիշողութիւնը անարգել, այլ պետութեան շուքին տակ ծաղր ու ծանակի ենթարկել Նահատակաց յուշարձանը, որ կոչուած է սերունդներու յիշողութիւնը վառ պահելու եւ հանդիսանալու ողջ պատմութեան ու ազգային արժանապատուութեան ոգեղէն պատուանդանը:

Լիբանանահայութեան քաղաքական հասունութիւնն ու փորձառութիւնը, այս պարագային եւս, ունեցան իրենց ողջմիտ եւ նշանակալի դերակատարութիւնը:

Փաստօրէն չտարուելով թրքատիպ նման որոգայթներէ, արդէն ինքնին հատու հարուած էր բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկային ներքին կեանքի անդորրը կրկին խանգարել եւ անպատեհութիւններու դուռ բանալ:

Եւ ահա, գտնուեցան քաղաքակիրթ լիբանանցիներ, որոնք, ի տես պատահածի տգեղութեան եւ անլրջութեան, ընկերային ցանցերու վրայ ըսին իրենց ճշմարիտ խօսքը եւ դատապարտեցին խուլիկանութիւնը: Անոնք նոյնիսկ ափսոսացին այն իրականութեան համար, որ, մէկ կողմէ պատմութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը կը վարկաբեկուէր յաչս աշխարհին, եւ միւս կողմէ`ատելութեան սերմեր ի յայտ կու գային նորահաս սերունդին մօտ:

Թէեւ նման հակահայ քարոզչութիւն նորութիւն չէ մեր գաղութին համար, սակայն մեր հաւաքական գիտակցութիւնը կը պարտաւորեցնէ ըլլալու աւելի զգօն եւ ի հարկին հակադարձելու նման տխեղծ երեւոյթներու` օգտագործելով քարոզչական ամէն միջոց եւ յարաբերական աշխատանք:

Որովհետեւ շատ անգամ զգաստութեան հրաւիրող ամուր կեցուածքներ, ձեւով մը կը սանձեն թշնամական եւ ատելավառ արարքները:

2 մայիս 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>