ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Գարեգին Նժդեհ
Գարեգին Նժդեհ, բուն անունով` Գարեգին Տէր Յարութիւնեան.- Ռազմական, քաղաքական եւ պետական գործիչ, հրապարակախօս, փիլիսոփայ, սպարապետ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1 յունուար 1886-ին, Նախիջեւանի Կզնութ գիւղը: Հայրը քահանայ էր: Խանդավառուած հայ ազատագրական շարժումով` կանուխէն կը մտնէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքերը:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նախիջեւանի ռուսական դպրոցին մէջ, ապա կը յաճախէ Թիֆլիսի ուսումնարանը: Աւարտելէ ետք, 1902-ին բարձրագոյն ուսման համար դիմած է Ս. Փեթրսպուրկի համալսարանը եւ ընդունուած` իրաւաբանական բաժանմունքը: Երկու տարի ուսանելէ ետք կը լքէ համալսարանը եւ ամբողջովին կը նուիրուի հայկական յեղափոխութեան:
ՆԺԴԵՀ ծածկանունին մկրտութիւնը դիպուկ էր անոր կեանքի գործունէութեան, որով մկրտուած էր, որովհետեւ ՆԺԴԵՀ բառը հայերէնի մէջ կը նշանակէ պանդուխտ, օտարական, այլ հոմանիշով` վտարանդի: Այդպէս ալ ապացուցուեցաւ Գ. Նժդեհի կեանքի ամբողջ ժամանակահատուածի ընթացքին` մինչեւ իր մահը:
Նժդեհ Սոֆիայի պահեստի սպաներու վարժարանէն 1907-ին յաջողութեամբ շրջանաւարտ կը դառնայ: Ռազմական կրթութիւն ստանալէ ետք կ՛ուղարկուի Պարսկաստան:
Քիւրտերը, օգտուելով Պարսկաստանի խառն իրադարձութիւններէն, թալանի եւ կոտորածի մտադրութեամբ, կը յարձակին հայկական գիւղերու վրայ: Հայ յեղափոխական զինուորները, Նժդեհի գլխաւորութեամբ, կը դիմագրաւեն քրտական ասպատակութիւնները:
Նժդեհի մեկնումը Պարսկաստանէն Կովկաս` կը կատարուի այնպիսի ժամանակի մը, երբ ցարական Ռուսիոյ կառավարութիւնը կախաղաններով ու զանգուածային բանտարկութիւններով անգութօրէն կը խեղդէր Ռուսիոյ ազատագրական շարժումները:
Այս շրջանին ցարական կառավարութիւնը միջոցներ չէր խնայեր բնաջնջելու Դաշնակցութիւնը: Ցարական կառավարութիւնը կ՛ուզէր արմատախիլ ընել ՀՅԴաշնակցութիւնը: Բանտի խուցերու մէջ էին հարիւրաւոր անուանի մտաւորականներ ու մարտիկներ:
1909-ին Նժդեհ ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Դաշնակցութեան դէմ ցարական իշխանութեանց ծաւալած հալածանքին պատճառով: 1912-ին անպարտ արձակուած է: 1913-ին, երբ կը բռնկի Պալքանեան պատերազմը, Նժդեհ կը փութայ ստանձնելու հրամանատարութիւնը Դաշնակցութեան կազմած հայկական զօրագունդին, որ պուլկար յեղափոխականներու կողքին պատերազմի դաշտ նետուեցաւ օսմանեան զօրքին դէմ: Պալքանեան պատերազմը արեան մկրտութիւնը եղաւ ռազմագէտ Նժդեհի, որ դաշնակցական զօրավար հռչակուեցաւ` իր քաջութեամբ ու ռազմավարական-կազմակերպական տաղանդին շնորհիւ: Այդ շրջանին նաեւ երեւան եկաւ Նժդեհի անհատականութեան առանձնայատուկ երեսը, որ անոր արտակարգ ինքնավստահութիւնն էր, որուն պատճառով բախումներ ունեցաւ նոյնպիսի անհատականութեան տէր Անդրանիկի հետ, որ գլխաւոր հրամանատարն էր հայկական զօրագունդին:
1914-ին տեղափոխուած է Թիֆլիս, զինուորագրուած է հայկական կամաւոր շարժումին, նշանակուած է կամաւորական 2-րդ գունդի հրամանատարի տեղակալ: 1916-ին անցած է (կամաւոր, գունդերը լուծարքի ենթարկուելէ ետք) Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի):
1918 մայիսին մասնակցած է Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման առաջին իսկ օրէն զբաղած է ազգային բանակի կազմակերպման եւ ուսուցման գործով:
1919 օգոստոսէն` Զանգեզուրի մէջ զինուած ուժերու հրամանատար: Զօրավարի տաղանդը դրսեւորած է յատկապէս 1919 նոյեմբերին Զանգեզուրի վրայ յարձակած թուրք-թաթարական զօրքերուն կազմակերպուած դիմադրութիւն ցոյց տալու ժամանակ (այստեղ ստացած է գնդապետի կոչում):
Նժդեհ չէ ընդունած Խորհրդային Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ 10 օգոստոս 1920-ին կնքուած համաձայնագիրը (որով Կարմիր բանակը պիտի գրաւէր Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը) եւ շարունակած է պայքարը, իսկ 10 հոկտեմբերին սկսած է համազանգեզուրեան ապստամբութիւնը` Նժդեհի գլխաւորութեամբ: 21 նոյեմբերին Կարմիր բանակը պարտուած` հեռացած է Գորիսէն: 25 դեկտեմբեր 1920-ին ընտրուած է «Ինքնավար Սիւնիքի» (Լեռնահայաստանի Հանրապետութիւն) սպարապետ` դիկտատորի լիազօրութիւններով: 1921-ին Փետրուարեան ապստամբութեան պարտութիւնէ ետք, յուլիսին Նժդեհ անցած է Պարսկաստան, ապա` Պուլկարիա, բնակած է Սոֆիա:
1933-1934 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է ցեղակրօն շարժումը` Ամերիկայի տարածքին ցրուած հայութեան բեկորներուն մէջ ազգային դիմագիծը պահպանելու: ՀՅԴ Ցեղակրօն ուխտերը հետագային դարձան Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ՀԵԴ) կորիզները:
Բ. Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան, Դաշնակցութենէն դուրս գտնուելով հանդերձ, Նժդեհ իրողապէս ղեկավարեց պալքաններու դաշնակցական ընտանիքը: Գործակցեցաւ նացիներուն հետ եւ պաշտպանեց պալքաններու հայութիւնը` թէ՛ խորհրդային եւ թէ՛ թրքական ոտնձգութեանց ու սպառնական վտանգներու դէմ: Սեպտեմբեր 1944-ին, երբ Կարմիր բանակը գրաւեց Պուլկարիան, եւ պատերազմը աւարտեցաւ նացիներու պարտութեամբ, Նժդեհ փախուստ չտուաւ եւ մինչեւ դեկտեմբեր 1944 խորհրդայիններու կողմէ իր ձերբակալութիւնը` շարունակեց պաշտպան կանգնիլ պալքաններու հայութեան:
1944-ին, երբ խորհրդային բանակը մտաւ Պուլկարիա, Նժդեհը ձերբակալեցին, տեղափոխեցին ԽՍՀՄ, ուր ան դատապարտուեցաւ 25 տարուան բանտարկութեան: 1948-1952 տարիներուն Նժդեհ պահուեցաւ ծայր աստիճան «վտանգաւոր» նկատուած բանտարկեալներու Վլատիմիր բանտը: 1952-ին մէկուկէս տարիով փոխադրուեցաւ Երեւանի բանտը, բայց 1953-ին վերստին տարուեցաւ Վլատիմիրի բանտը, ուր եւ մահացաւ 21 դեկտեմբեր 1955-ին:
1983-ին աճիւնը (գաղտնի) տեղափոխուած է Հայաստան եւ, իր կտակին համաձայն, մէկ մասը ամփոփուած է Խուստուփ լերան (Կապան) լանջին, միւսը` Սպիտակաւոր եկեղեցւոյ մօտ (Եղեգնաձորի շրջան):
Արշաւիր Շահխաթունեան
Արշաւիր Շահխաթունեան (Արշօ Շահխաթունի).- Երեւանի զինուորական պարետ, հայ դերասան:
Ծնած է 19 փետրուար 1885-ին, Երեւանի նահանգի Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի) քաղաքը:
Ուսանած է Թիֆլիսի զինուորական ուսումնարանին մէջ, ապա զինուորական ծառայութեան անցած է Պաքուի մէջ:
Իբրեւ դերասան` առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1905-ին, Պաքուի մէջ: Այնուհետեւ Պաքուէն տեղափոխուած է Ալեքսանդրապոլ: Դերասանական ձիրքով աչքի ինկած է 1908-1909 թուականներու թատերաշրջանին` Թիֆլիսի հայոց տրամաթիքական ընկերութեան, ապա նաեւ Պաքուի մշակութային միութեան թատերախումբերուն մէջ: 1910-ին ելոյթներ ունեցած է Թիֆլիսի տարբեր թատերախումբերու մէջ:
1913-ին ընդունուած է Մոսկուայի Գեղարուեստական թատրոնի ուսումնարանը:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կովկասեան ճակատին վրայ մասնակցած է ռազմական գործողութիւններուն, դարձած է ցարական բանակի սպայ:
1918-ին նշանակուած է Երեւանի զինուորական պարետ եւ պաշտօնավարած է մինչեւ 1920-ի վերջերը:
Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք մեկնած է արտասահման: Որոշ ժամանակ ապրած է Կ. Պոլսոյ մէջ, մասնակցած է «Հայ տրամաթիք»-ի ներկայացումներուն, ապա տեղափոխուած է Պուլկարիա, իսկ 1924-ին` Փարիզ:
Շահխաթունի` իբրեւ դերասան, զանազան դերերով նկարահանուած է բազմաթիւ շարժապատկերներու մէջ, մեծ եղած է անոր վաստակը:
Արշաւիր Շահխաթունի մահացած է 4 ապրիլ 1957-ին, Փարիզ:
Լեւոն Շանթ
Լեւոն Շանթ.- Բուն անունով` Լեւոն Նահաշպետեան, ապա հօրը` Սեղբոսի անունով կոչուած է Սեղբոսեան.- Թատերագիր, վիպագիր, բանաստեղծ, ուսուցիչ, տնօրէն եւ հասարակական գործիչ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհդարանի անդամ, ապա` խորհրդարանի փոխ նախագահ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Հիմնադիր` Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Պէյրութի Հայ (ապագային Նշան Փալանճեան) ճեմարանին:
Ծնած է 6 ապրիլ 1869-ին, Պոլիս: Մանուկ տարիքին կորսնցուցած է մայրը, ապա` հայրը: Մինչեւ 13 տարեկան յաճախած է Սկիւտարի վարժարանը: Իբրեւ ուշիմ աշակերտ` 1884-ին խումբ մը պատանիներու հետ մեկնած է Էջմիածին` յաճախելու Գէորգեան ճեմարան: Եօթը տարուան ուսումէ ետք աւարտած է ճեմարանը ու վերադարձած` Պոլիս: Տարեշրջան մը ուսուցչութեամբ զբաղած է, նաեւ Պոլսոյ «Հայրենիք»-ին մէջ հրատարակած է «Մնաք բարովի իրիկունը» երգիծական վիպակը: 1891-ին քսաներկու տարեկան Լեւոնը նոյն օրաթերթին մէջ լոյս ընծայած է իր առաջին բանաստեղծութիւնները` Լեւոն Շանթ գրական ծածկանունով:
1892-ին մեկնած է Գերմանիա ուսանելու: Եօթը տարի հետեւած է մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ յարակից ճիւղերու` Լայփցիկի, Ենայի եւ Միւնիխի համալսարաններուն մէջ: Գրած եւ հրատարակած է բանաստեղծութիւններ ու փոքր վէպեր: Ասոնք, ընդհանրապէս իրապաշտ ներշնչումով, խառնուած են վիպապաշտական եւ այլ տարրերու հետ:
Կովկաս վերադառնալով` 1899-էն մինչեւ 1910 դասաւանդած է Թիֆլիսի Գայեանեան աղջկանց եւ Երեւանի Թեմական դպրոցներուն մէջ: Կովկաս ապրած շրջանին սերտ յարաբերութիւններ ստեղծած է արեւելահայ գրողներու հետ, մասնակցած` Յովհաննէս Թումանեանի «Վերնատուն» գրական խմբակի ժողովներուն եւ Ս. Լիսիցեանի եւ Թումանեանի հետ հրատարակած` «Լուսաբեր» դասագիրքերու շարքը: Գրած է իր առաջին թատերախաղերը, ինչպէս` «Եսի մարդը»:
Ցարական իշխանութեան կողմէ Դաշնակցութեան դէմ սանձազերծուած բուռն հալածանքի շրջանին, 1908-էն ետք, երբ կովկասահայ մտաւորականութիւնը անխտիր ոստիկանական հետապնդումի ենթարկուեցաւ, ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ. շատերու նման` Լեւոն Շանթ եւս ճաշակեց ցարական բռնութիւնները:
1911-ին տարի մը Եւրոպա մնալէ ետք Պոլիս վերադարձած է, ուր մինչեւ 1913 դասաւանդած է Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ: Գրած է իր առաջին մեծ թատրերգութիւնը` «Հին աստուածներ»-ը:
1913-ին կրկին մեկնած է Եւրոպա: 1915-ին Եւրոպա գտնուելով ազատած է ապրիլեան եղեռնէն:
1916-ին վերադարձած է Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուած է ազգային-քաղաքական գործունէութեան:
1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եւ դարձած` փոխ նախագահներէն մէկը: Այդ պաշտօնը վարած է 1 օգոստոս 1919-էն մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:
1920 ապրիլին յատուկ պատուիրակութեամբ մը մեկնած է Մոսկուա` բանակցելու համար ռուս համայնավար իշխանութիւններուն հետ: Ապարդիւն: Այս շրջանին շարունակած է գրել «Կայսրը» եւ այլ թատերախաղեր:
1921-ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Լեւոն Շանթ Պարսկաստանի ճամբով անցած է Մարսէյլ ուր հաստատուած է` մինչեւ 1925 վարելով ուսուցչական պաշտօններ: 1926-ին Նիկոլ Աղբալեան զայն հրաւիրած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս)` դասաւանդելու համար Ազգային Պօղոսեան վարժարանին մէջ: 28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորականերու հետ հիմնած է Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը:
1929-ին Նիկոլ Աղբալեանի հետ անցած է Պէյրութ, ուր 3 մարտ 1930-ին հիմնած են Հայ ճեմարանը: Հետագային Հայ ճեմարանը ստացած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան ճեմարանը» անունը` իր բարերարին յիշատակին: Շանթ Ճեմարանի տնօրէն մնացած է մինչեւ իր մահը: Լեւոն Շանթ ապրեցաւ ու գործեց Պէյրութի մէջ` իբրեւ Ճեմարանի տնօրէն եւ ուսուցիչ:
Շանթ իր կուսակցութեան ճամբով ծառայեց ազգին, ան մասնակցած է ՀՅԴ-ի Ընդհանուր ժողովներու:
Պէյրութ ապրած շրջանին տուած է իր վերջին գրական գործերը` ծաւալուն թատրերգութիւն մը եւ վէպ մը: Աւելի առատ է իր արտադրութիւնը գրական մարզէն դուրս` ընկերա-քաղաքական կամ գրական-տեսական ուսումնասիրութիւններ, նաեւ` մանկավարժական գործեր, ասոնց կարգին հայերէնի դասագիրքերու շարքերը` «Մանկական աշխարհ» եւ «Հայրենի աշխարհ»: Յատկապէս թատերական իր գործերով` մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին աստուածներ» ու «Կայսրը» գլուխ գործոցներով անմահացաւ Լեւոն Շանթ:
Լեւոն Շանթ մահացած է 29 նոյեմբեր 1951-ին, Պէյրութ:
Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան
Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան.- Հայ հասարակական գործիչ, մանկավարժ, գրող, ռազմական, քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ Սարգիս Բարսեղեանին կինը:
Պերճուհի Պարտիզպանեանը ծնած է 1886-ին, Էտիրնէ (Ադրիանապոլիս): Միջնակարգ դպրոցը աւարտած է Պուլկարիոյ Ֆիլիպէ (այժմ` Փլովտիւ) քաղաքը: 16 տարեկան հասակին հանդիպած է ապագայ ամուսինին` յեղափոխական Սարգիս Բարսեղեանին, որուն խորհուրդով օրիորդներու խմբակ ստեղծած է, որ լուսաւորութիւն եւ յեղափոխական գաղափարներ տարածելու նպատակ ունէր: Մեկնած է Ժընեւ` ուսանելու գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն: Ստեղծագործած է Էտնա կեղծանունով: Պարտիզպանեանին պատմուածքները ամփոփուած են «Փոթորիկէն վերջ» ժողովածուին մէջ:
Ուսումը աւարտելէ ետք դասաւանդած է Կիրասոնի եւ Վանի մէջ: 1909-ին ամուսնացած է Սարգիս Բարսեղեանին հետ, վերջինս 1915-ին ձերբակալուած եւ նահատակուած է: Իր հետագայ կեանքը Պերճուհին նուիրեց զաւակին ու մարդոց ծառայելու: Ան կը տեղափոխուի Պուլկարիա, անուհետեւ` Թիֆլիս, իսկ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք կ՛անցնի Երեւան, 1919 յուլիսին ՀՅԴաշնակցութեան կողմէ ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի երեսփոխան, ընդգրկուած Ամերիկեան խնամատարութեան կոմիտէին մէջ:
Հանրապետութեան անկումէ ետք գաղթած է Հայաստանէն: Որոշ ժամանակ բնակած է Սոֆիա, այնուհետեւ վերջնականապէս հաստատուած է Փարիզ, ուր ղեկավարած է Նանսենեան գրասենեակը եւ զբաղած` գրական գործունէութեամբ:
Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանը մահացած է 1940-ին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:
(Շար. 24)
* Մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ, թէեւ նշած էինք, որ այս յօդուածաշարքը աւարտած է, սակայն տակաւին կան երկու բաժիններ, որոնք ակամայ դուրս մնացած էին: