Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Քաղաքական Անդրադարձ. Երեւանէն Պէյրութ, Պէյրութէն` Ռիատ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ապրիլ 23-ի գիշերը Թուրքիոյ դրօշակը այրելը բաւական լայնածաւալ բանավէճի նիւթ  դարձաւ հայաստանեան մամուլին մէջ: Չեմ յիշեր, որ նախորդ տարիներուն այս նիւթը այսքան շատ քննարկուած ըլլար ընկերային ցանցերուն վրայ: Այս տարի իւրայատուկ էր այս իմաստով:  Չեմ ուզեր նաեւ քննարկել այն նիւթը, թէ պէ՞տք էր այրել այդ դրօշակը` թէ՞ ոչ, սակայն նպատակը յստակ էր: Շատերուն համար Թուրքիոյ դրօշակը` կը նշանակէ դրօշակը՝ ցեղասպան երկրի մը, որ մինչեւ օրս կը ժխտէ Ցեղասպանութիւնը, հակահայ քաղաքականութիւն կը վարէ եւ մեր պատմական հողերը կը բռնագրաւէ: Արդեօք պէտք էր ծաղի՞կ նուիրէինք ցեղասպանին: Գոնէ Հայաստանի մէջ այս նիւթը վիճելի պէտք չէր դառնար` գիտնալով, որ թրքական քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Սակայն միեւնոյն ատեն քաջ գիտակցելով, որ այսպիսի արարքներ ոչ մէկ յառաջխաղացք կը բերեն Հայ դատի պայքարին, այսպիսի դէպքեր չեն անցնիր զգացական սահմանները:

Յաջորդ օրը` ապրիլ 24-ին, հակառակ բոլոր մտահոգութիւններուն, լիբանանահայութիւնը, յատկապէս լիբանանահայ երիտասարդութիւնը, անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ Հայ դատին: Հազարաւոր հայորդիներ մասնակցեցան քայլարշաւին` վերանորոգելով իրենց ուխտը եւ հաւատքը: Իբրեւ հետեւանքկարգ մը հայ երիտասարդներու կողմէ թրքական դրօշակի հրկիզման` այս անգամ Լիբանանի մէջ թրքական համայնքը գործի անցաւ:

Յստակ է, որ այս համայնքը իր ֆինանսաւորումը կը ստանայ Անգարայէն` Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան միջոցով: Վերջին տարիներուն թրքական դեսպանատունը թուրքմենական եւ թրքական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ տնտեսական, մշակութային, կրթական հսկայ ներդրումներ կատարեց այս համայնքին մէջ: Շատ քիչ ուսումնասիրութիւն կայ Լիբանանի մէջ ապրող այս հաւաքականութեան մասին, շուտով այլ յօդուածով մը կ՛անդրադառնանք անոր, սակայն առայժմ նշենք, որ անիկա կը բաղկանայ հիմնական երեք համայնքէ. մարտինլիները կամ մահլամիաները, որոնք 1930-ականներուն եւ 1950-ականներուն տնտեսական պատճառներով հաստատուեցան Պէյրութ. թուրքմենները, որոնք կը բնակին Աքքարի, Պաալպեքի եւ փոքր թիւով` Սայտայի մէջ, ասոնք այն թուրքերն են, որոնք Լոզանի դաշնագիրին համաձայն, լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացան, գրեթէ թրքախօս են, եւ, վերջապէս,  Թրիփոլիի թուրքերը, որոնք տեղահանուած են յունական Կրետէ կղզիէն, 1897-ին: Այս համայնքները ունին տարբեր կազմակերպութիւններ, որոնց կը միացնէ միայն իրենց յարաբերութիւնը թրքական դեսպանատան հետ եւ իրենց հակահայ կեցուածքը:

Անոնց կողմէ կազմակերպուած հակահայ ցոյցերը եւ թրքական դեսպանատան աշխուժութիւնը Դիմատետրի վրայ ամէն ինչ կը պարզաբանեն, սակայն ցոյց կու տան նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական ներկայութիւնը Լիբանանի սիւննի համայնքին մէջ կը տկարանայ, համայնքը կը ձեւաւորուի Թուրքիոյ կողմէ, եւ եթէ ընթացքը այսպէս շարունակուի, ասիկա ապագային մեզի համար քաղաքական փորձանք մը կրնայ ըլլալ:

Այս բոլորին վրայ հիմնուելով` կրնանք ըսել, որ այսօր Սէուտական Արաբիան Լիբանանի մէջ կարիքը ունի նոր դէմքերու եւ գործընկերներու: Չեմ ուզեր ըսել` դաշնակիցներու, որովհետեւ Սէուտական Արաբիոյ շրջանային քաղաքականութիւնը չի բխիր մեր համայնքային շահերէն: Սակայն քաղաքական չափաւոր գործակցութիւնը տարբեր ուղղութիւններ պիտի բանայ` կամուրջ մը հաստատելով սիւննի աշխարհին հետ եւ հաւասարակշռելով թրքամէտ կազմակերպութիւններու քաղաքականութիւնը Լիբանանի մէջ: Այստեղ նաեւ կարեւոր է նշել, որ մինչեւ օրս Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ գոյութիւն չունին: Լիբանանահայ համայնքը իր երկարամեայ քաղաքական փորձառութեամբ Երեւանի եւ Ռիատի միջեւ կրնայ քաղաքական եւ դիւանագիտական կամուրջ մը դառնալ:

Yeghia.tash@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>