Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Թրամփ Նոյնքան Վախկոտ Է, Որքան` Օպաման, Կրտսեր Պուշը, Քլինթընը Եւ Աւագ Պուշը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
եւ խմբագիր

Անցեալ շաբաթ, «Հայոց յիշատակի օր»-ուան առիթով, նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդէս եկաւ ապրիլքսանչորսեան իր երրորդ ուղերձով: Եւ երեք տարի անընդմէջ ան չհամարձակեցաւ օգտագործել ճիշդ եզրը` «ցեղասպանութիւն»` օսմանեան թրքական կառավարութեան կողմէ 1,5 միլիոն անմեղ հայ կիներու, մանուկներու եւ տղամարդոց բնաջնջումը նկարագրելու համար…

Հիմնականօրէն Թրամփ կրկնեց այն նոյն խօսքերը, զորս ան չնչին փոփոխութիւններով օգտագործած է վերջին երկու տարիներուն: Ան կրկին օգտագործեց «Մեծ եղեռն» հայերէն եզրը` զանգուածային սպանութիւնները «ցեղասպանութիւն» կոչելէ խուսափելու համար…: Մեծ եղեռնը պարզապէս նկարագրութիւն է, որ հայ ժողովուրդը կիրարկած է մինչեւ Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառին ստեղծումը` 1940-ականներուն, մինչդեռ «ցեղասպանութիւն»-ը միջազգային իրաւունքի եզր է եւ ունի իրաւական հետեւանքներ: Ասկէ անկախ, եթէ Թրամփ հաստատակամ է հայերէն բառ օգտագործելու հարցով, ապա ան պէտք է, որ արտասանէ հայերէն «ցեղասպանութիւն» բառը…

Բազմաթիւ հայեր Թրամփի ընտրուելէն ետք յոյսեր կը փայփայէին, որ ապաւինելով իր անկանխատեսելի մղումներուն` ան հայերու զանգուածային սպանութիւնները կը նկարագրէ իբրեւ ցեղասպանութիւն` անտեսելով իր օգնականներուն խորհուրդը եւ իր նախորդներուն դիրքորոշումը: Ցաւօք, Թրամփ շատ քիչ բան գիտէ ամերիկահայերու մասին եւ քիչ կը մտահոգուի անոնց հարցերով: Ցեղասպանութեան հարցին Թրամփ ուշադրութիւն կը դարձնէ միայն այն ատեն, երբ ամերիկահայերը քաղաքական շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան:

Թրամփի կողմէ մեծ խիզախութիւն չի պահանջուիր «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու համար, քանի որ նախագահ Ռանըլտ Ռէյկըն զայն արդէն օգտագործած է իր նախագահական հռչակագիրին մէջ, 22 ապրիլ 1981-ին: Իրականութեան մէջ ամերիկահայերը կարիք չունին, որ Թրամփ որեւէ բան ըսէ ապրիլի 24-ին, եթԷ ան չի կրնար եղածը անուանել «ցեղասպանութիւն»: Միացեալ Նահանգներ արդէն բազմիցս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ի յաւելումն Ռէյկընի յայտարարութեան` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող յաջորդաբար երկու բանաձեւ ընդունած է, 1975-ին եւ 1984-ին, իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 1951-ին պաշտօնական փաստաթուղթ ուղարկած է Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան)` հայերու զանգուածային սպանութիւնները ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ:

Այսուամենայնիւ, Թրամփի ոչ լիարժէք յայտարարութիւնը Հայկական հարցին համար ունի երկրորդական կարգի քանի մը օգուտներ.

  1. Անիկա սարսափելիօրէն կը զայրացնէ թուրք ղեկավարները, որոնք կարծես թէ կ՛ամչնան եւ կը վրդովին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը աշխարհին կը յիշեցնէ «20-րդ դարու զանգուածային վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկ»-ուն մասին, պնդելով, որ «1915-էն սկսեալ` Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին, մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու»: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու զայրոյթով եւ ժխտումով ընդունեցին Թրամփի ապրիլքսանչորսեան յայտարարութիւնը:
  2. Նախագահ Թրամփի եւ անոր նախորդներուն յայտարարութիւնները ամէն տարի քաղաքական մեծ արձագանգ կը յառաջացնեն ամբողջ աշխարհի տարածքին` միջազգային մամուլի մէջ ստեղծելով զանգուածային հրապարակայնութիւն, ինչ որ աւելի եւս կը բորբոքի թուրք ղեկավարներու ժխտումներով:

24 ապրիլ 2019-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր յայտարարութիւն ըրաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով: Զարմանալիօրէն անոր յայտարարութեան մէջ Թուրքիա կամ Օսմանեան կայսրութիւնը չյիշատակուեցաւ` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն իրագործողի… Ասիկա ցաւալի թերութիւն է վարչապետին եւ անոր օգնականներու կողմէ: Ես չեմ կարծեր, որ ասիկա դիտաւորեալ եղած է, յատկապէս` հաշուի առնելով, որ յայտարարութեան մէջ լուրջ յղում կատարուած է հայերու կողմէ` իրենց հայրենիքի կորստեան մասին` մարդկային կորուստներէն բացի: Նախապէս Հայաստանի ղեկավարները ձեռնպահ մնացած են` Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու հարց բարձրացնելու գծով:

Միաժամանակ, ապրիլ 24-ին Անգարայի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին Էրտողան հանդէս եկաւ բացառիկ խայտառակ յայտարարութեամբ. «Արեւելեան Անատոլիայի մահմետական բնակիչներուն, անոնց շարքին` կիներ եւ մանուկներ կոտորող հայկական աւազակախումբերու եւ վերջիններուս աջակիցներուն աքսորը ամէնէն ողջմիտ քայլն էր, զոր կարելի էր իրագործել նման ժամանակաշրջանի մը մէջ»:

Էրտողան անամօթաբար կը մեղադրէ հայ զոհերը` ոճրագործ թուրքերու դէմ զանգուածային յանցագործութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով: Ասիկա խայտառակ սուտ մըն է, որ համարժէք է Ողջակիզումի ժամանակ հրեաները մեղադրելուն` գերմանացիներ սպաննելու յանցանքով… Էրտողան կը տառապի հոգեկան լուրջ հիւանդութենէ…

Զարմանալի զարգացումով մը վարչապետ Փաշինեան խստօրէն արձագանգեց Էրտողանին աղտոտ սուտերուն: Փաշինեան Էրտողանի յայտարարութիւնը նկարագրեց իբրեւ «ատելութեամբ լի» եւ կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան, որ արձագանգէ. «Այն օրը, երբ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը սգար Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիա, այս երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, յայտարարութեամբ մը վերահաստատեց 20-րդ դարու ամէնէն մեծ ոճրագործութեան ժխտումը` զայն անուանելով միայն «հայերու տեղահանութիւն»: Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ հայ բնակչութիւնը, որ ենթարկուեցաւ զանգուածային սպանդի եւ տեղահանութեան մահուան երթերու, «հայ աւազակախումբեր եւ անոնց աջակիցներ» անուանելը, 1,5 միլիոն բնիկ բնակչութեան կոտորածը «ամէնէն ողջմիտ քայլ» որակելը ոչ միայն ժխտողականութեան նոր մակարդակ են, այլ նաեւ` ամբողջ ազգի մը սպանդի արդարացում: Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին օրը կատարուած յայտարարութիւնը խորին վիրաւորանք է հայ ժողովուրդին եւ մարդկութեան համար, նաեւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք` անձամբ Էրտողանին կողմէ: Աշխարհը պէտք չէ լռէ»:

Մենք ոգեւորուած ենք, որ վարչապետ Փաշինեան բարձրացուցած է` Թուրքիայէն հայկական տարածքներու պահանջի հարցը. պահանջ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս պէտք է հետապնդէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>