Ոչինչ փոխուած է Սպիտակ տան մէջ: Կը պարզուի, որ ամէն տարի, ապրիլ 24-ին, նախագահական ուղերձ պատրաստող պաշտօնեան կ՛օգտագործէ նախորդ տարիներու գրութիւնները` զանազան պարբերութիւններ առջեւ-ետեւ տեղադրելով, կարգ մը չնչին փոփոխութիւններ ալ կատարելով, բնականաբար ի մտի ունենալով «կտրել ու փակցնել»-ու գործելաձեւը:
Գերարդիական պայմանները այնքան դիւրացած են, որ մկրատի կարիքն ալ չկայ: Համակարգիչին ստեղնաշարին վրայ գիր մը կամ նշան մը սեղմելով, կարելի է գրել նոր ուղերձ մը:
Իսկ նախագահն ալ, յատկապէս` ներկայ Սպիտակ տան վարձակալը, որուն գերագոյն նպատակը իր կեցութիւնը չորս տարիով երկարաձգելն ու տուգանային «թնճուկ»-ը մոռացութեան մատնելն է, առանց ամենադոյզն ստուգման կամ վերանայման` թութակի մը նման կը կարդայ իրեն տրամադրուած էջ մը գրութիւնը: Եթէ վերջերս Ֆրանսայի նախագահները դժուարութեամբ, սակայն խոր համոզումով հնչեցին ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը, նախագահ Թրամփ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով բաւական դժուար առոգանութեամբ «կարդաց» Եղեռնը:
Այս սովորութիւնը կամ լափալիսեան ճշմարտութիւնը կարելի չէ գործածել քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ: Խրթին, բարդ եւ անակնկալներով լի բնագաւառ մը: Ստանձնել Միացեալ Նահանգներու նման մեծ պետութեան մը թիւ մէկ ղեկավարի պաշտօնը եւ ըստ այնմ գործել, յատկապէս` միջազգային-արտաքին յարաբերական գործունէութեան դաշտէն ներս, շատ աւելի հետեւողականութեան, ճկունութեան եւ ուշիմութեան կը կարօտի:
Եթէ ժամանակին ղեկավարութեան մը Աքիլլէսի կրունկը կարելի էր նշել կամ յայտնաբերել, այս պարագային բազմաթիւ են աքիլլէսեան կրունկները, որոնց կարգին` յատկապէս արտաքին քաղաքականութիւնը, ուր յստակ է, թէ հարցերը անտարբերութեամբ եւ մակերեսային ձեւով կը հետապնդուին` առանց խոր ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծումներ կատարելու: Այսպէս, տարիներէ ի վեր «outsource» կացութեան մը մէջ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Միջին Արեւելքի պարագային, ուր վստահաբար շատ են առիւծի բացակայութեան դեր ստանձնողները անտառին մէջ:
Բնականաբար Սպիտակ պալատն ալ (թուրք նախագահին նորակառոյց բնակատեղին Անգարայի մէջ), յանձինս ներկայ վարձակալ կամ մշտնջենական բնակիչի մարմաջով, Էրտողանի, այս գծով կը շարունակէ ո՛չ միայն ուրացման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ` շրջանէն ներս սուլթանական ոճով իշխելու գործընթացը, բնականաբար հանդիպելով իշխող այլ ուժերու ընդդիմութեան:
Վերջին քանի մը օրերուն պատահած երկու իրադարձութիւններ ցոյց կու տան ներկայ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ:
Առաջին հերթին` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին այցելութիւնը (երկրորդ անգամ ըլլալով) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան: Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ պարզ տեսակցութիւն մը չէր ապրիլ 24-ի սեմին պատահածը, այլ դեսպանը սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` շեշտելով, որ հայորդին, հակառակ հալածանքի եւ անարդարութեան ենթարկուելուն, յաջողեցաւ վառ պահել իր Դատը բոլոր այն ժողովուրդներու յիշողութեան եւ խղճին մէջ, որոնք կառչած կը մնան արդարութեան: Աւելի՛ն. դեսպանը նաեւ ուղղուեցաւ Նահատակաց յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւններուն առջեւ:
Այս կարեւոր իրադարձութեան կողքին, երկրորդ յիշատակելին Լիպիոյ արեւելեան շրջանի` զօրավար Հաֆթարի հրամանատարութեան տակ գտնուող ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը, որ կը վայելէ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական էմիրութիւններու աջակցութիւնը, որդեգրեց 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ճանչնալու բանաձեւը:
Հուսկ, քաղաքական այս ձեռնավարութիւնը` «մանիպուլացիա»-ն ոչ մէկ խոր ազդեցութիւն կամ տեւողութիւն կրնայ ունենալ: Երկար է ճանաչման, հատուցման եւ «Մեր հողեր»-ու պահանջի ուղին: