Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ո ՞վ Է Հայ Ազգին Իրական Թշնամին

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Մեր կրօնական հաւատքին համաձայն, սատանան մեր մէջ կը մտնէ, եթէ ընդունինք զայն մեր մէջ, եւ այն ատեն է, որ գործիք կը դառնանք իրեն, եւ կ՛որոշուի մեր կեանքի ընթացքն ու ճակատագիրը:

Նոյնն է պարագան նաեւ ազգերուն համար, որոնք կամովին ենթակայ կ՛ըլլան արտաքին չար ուժերու դրդումներուն, խորհուրդներուն ու նպատակաւոր ցուցմունքներուն` որպէս թակարդի: Եւ ահաւասիկ հոն է, որ կը սկսին ազգին բաղկացուցիչ տարրերուն երկպառակութիւնները եւ իրարու հակընդէմ դիրքաւորումները` որպէս սկիզբ տկարացման եւ ուժերու նահանջին, ու այդ միջոցին հարկ չկայ արտաքին թշնամիին գոյութեան, քանի սկսած են արդէն զիրար ատելու, նետարձակման դիմելու եւ ընդհարումներու ծաւալման զանազան ուղղութիւններով:

Դժբախտաբար մեր պատմութեան որոշ շրջաններուն տիրած է այդ պատկերը, նոյնիսկ` թագաւորական շրջաններուն, երբ նախարարներ դաւաճանական արարքներու դիմած են` խախտելով երկրին անդորրութիւնը, ենթարկուելով դուրսէն օտար ձայներուն ու յարուցանելով սպանութիւններ,  եւ եղբայրական կռիւներ տակաւ առաջնորդած են ազգը բաժանումներու եւ փլուզման, մինչեւ որ օտար տիրապետութիւններ մեր ուսերուն վրայ ծանրանան: Թէեւ գտնուեցան ազգասէր եւ անձնուէր դէմքեր ալ, որոնք դիմադրեցին այդ վատ կացութեանց` ի վերջոյ փաստելով, որ իրաւ հայրենասիրութիւնը միասնական ուժերով եւ զոհողութեամբ կրնայ յաղթել ու վանել որեւէ արտաքին թշնամի ու մերժել անոր մոլորեցուցիչ ու խանգարիչ ձայները:

Վերոյիշեալ տեսանկիւնէն մեկնելով` կրնանք հաստատել ուրեմն, որ «որդը ներսէն» երբ ըլլայ, ըստ ժողովրդական առածին, փտութիւնը եւ քանդումը չեն ուշանար: Հետեւաբար թշնամին որքան ալ զօրաւոր եւ ճարպիկ ըլլայ, ազգին միասնական կամքին եւ զօրակցութեան դիմաց ետ կը քաշուի իր չարամիտ ծրագիրներէն:

Ուրեմն թշնամին նոյն ինքն է, երբ ազգը կ՛իյնայ պառակտումներու ցանցին մէջ, ինչպէս որ կ՛ըլլար նախկին դարերուն, մինչեւ որ ջարդ ջարդի ետեւէն ցնցեցին, փոքրացուցին ու մոռցնել տուին մեր ցեղին փառքը երազելէն եւ յիշելէ հայ թագաւորին պատգամը` «Սահման քաջաց, զէնն իւրեանց» խօսքը, մինչ վերածեցին մեզ անյոյս բեկորներու:

Արդ, ներկայիս ազգը արթնցաւ իր թմբիրէն եւ սկսաւ առնել իր երբեմնի ընթացքը:

Այո՛, արթնցի՛ր ու խրո՛խտ քալէ յարատեւ նոր լուսաւոր ճամբէդ:

23 ապրիլ 2019          


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13224

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>