ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այս տարի մայիս 1-ը` Աշխատաւորներու միջազգային օրը կու գանք նշելու ընկերային-տնտեսական բաւական տագնապալի մթնոլորտի մէջ:
Այս տարի հայրենի ժողովրդային շարժումէն` թաւշեայ յեղափոխութենէն մէկ տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայաստանի աշխատաւորութիւնը կը նշէ իր միջազգային սուրբ տօնը:
Հայաստանի աշխատաւորութիւնը մասնակիցը դարձաւ ժողովրդային շարժումին եւ որեւէ ճիգ չխնայեց անոր յաջողութեան համար` կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: «Ընկերային արդարութիւն», «տնտեսական արդարութիւն», «բնութեան արդարութիւն» կարգախօսները բարձրացնելով` փողոց իջաւ, մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն եւ, ահաւասիկ, օր առ օր կ՛ապրի նոր արդիւնքներով:
Աշխատաւոր ժողովուրդը, փողոցը ցոյցերուն մասնակցելէ ետք, ուզեց, որ ժողովրդային շարժումին նպատակները (ընկերային եւ տնտեսական արդարութիւն) որդեգրուին Ազգային ժողովին մէջ, որդեգրուին ընկերային-տնտեսական բարեկարգումներ` ի նպաստ աշխատաւորութեան: Այդ նպատակով իսկ աշխատաւորը 2018-ին Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն քուէարկեց յանուն փոփոխութեան եւ արմատական բարեկարգումներուն:
Ի յայտ եկաւ սակայն, որ իշխող «Իմ քայլը» դաշինքը, համաձայն իր տնտեսական ազատական սկզբունքներուն, բարձրացուց շուկայական եւ անհատապաշտութեան դրօշակը:
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ փորձեր կը կատարուին միջազգայնօրէն ձախողած նոր-ազատականութիւնը կիրարկելու Հայաստանի մէջ:
Վերջին ամիսներուն ընթացքին երկու քայլեր առնուեցան` աւելի եւս ամրապնդելու նոր-ազատականութիւնը: Այդ երկու քայլերը հետեւեալներն էին.
Ա.- Պարտադիր կուտակայինի բաղադրիչը, որուն համաձայն, աշխատաւոր անհատը իր օրապահիկի մեծ մասը կը կուտակէ մեծ ընկերութիւններուն մօտ, եւ հոն թիւ մէկ շահաւորները կ՛ըլլան ապահովագրական մեծ ընկերութիւնները, իսկ վնասուողները` աշխատաւորները:
Բ.- Եկամտային հարկի բարեկարգումներ, որոնց պատճառով 150 հազար դրամաշխատավարձ ստացող քաղաքացիները եւ միլիոններ ու միլիառներ ստացող գործատէրերը կը վճարեն 23 տոկոս: Այսինքն 150 հազար եւ 2 միլիոն դրամ ստացողներու միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ` ըստ կառավարութեան: Այսինքն հասարակ քաղաքացին աւելի կը վճարէ (հաշուի առնելով եկամտային հարկն ու կուտակումը միասին), քան` մեծահարուստները:
Ինչպէս կը տեսնենք, թէ՛ պարտադիր կուտակային բաղադրիչի եւ թէ՛ եկամտային հարկի բարեփոխումներուն պատճառով վճարման բեռը ինկած է հասարակ եւ աշխատաւոր քաղաքացիներուն վրայ:
Նմանօրինակ քայլեր կը միտին շուկայացնել ընկերային բարօրութիւնը, սեփականաշնորհել հանրային ծառայութիւնները եւ հարուստին աւելի առիթ տալ հարստանալու, աղքատն ալ` աղքատ պահել:
Անշուշտ նոր-ազատականութիւնը նորութիւն մը չէ Հայաստանին համար. անիկա սկսաւ յետխորհրդային շրջանի առաջին օրերէն իսկ` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութիւններուն գլխաւորած լայնածաւալ սեփականաշնորհումներով եւ դժբախտաբար շարունակուեցաւ իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ:
Նոր-ազատականութեան սանձարձակ կիրարկումը ինքնին դաւաճանութիւն է ժողովրդային շարժման պահանջներուն: Պահանջներ, որոնց համար ժողովուրդը արդարացիօրէն փողոց իջաւ:
Ժողովուրդը չէր սպասեր, որ իր օրապահիկին մեծ մասը կուտակէր ապահովագրական մեծ ընկերութիւններուն մօտ, ու նաեւ չէր սպասեր, որ հարկային բեռին մեծ մասը իր վրայ բեռցուի:
Օգտագործել ժողովրդային խանդավառութիւնը` իրականացնելով նոր-ազատական օրակարգեր, արդէն ինքնին հեռացում է ժողովրդային շարժումի սկզբունքներէն: Այս ընթացքը ո՛չ միայն յարմարուողականութիւն է նախկին իշխանութեան դրամատիրական-հարստապետական քաղաքականութիւններուն հետ, այլեւ անոնց զարգացումն ու արդիականացումն է, որպէսզի կարենայ գոյատեւել տարբեր քաղաքական ցնցումներէ ետք, բայց այս անգամ` մեծ ընկերութիւններու միջոցով:
Օրդ շնորհաւո՛ր, հայ աշխատաւոր:
Պայքարէ՛ յանուն պարտադիր կուտակային բաղադրիչի եւ եկամտային հարկի համահարթեցման ջնջման: