Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Մենք Ենք, Որ Պիտի Ճշդենք Պայքարի Կանոնները

$
0
0

ԳՐԻԳՈՐ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած հսկումի երեկոները կը կազմակերպուին ոչ թէ միայն յիշելու մեր 1,5 միլիոն սուրբ նահատակները, ոչ թէ միայն նորահաս սերունդին օրուան պատգամը յղելու, այլեւ հրաւէր մըն են, կոչ մըն են իւրաքանչիւր հայորդիի` ինքզինք արժեւորելու, ինքն իր անձը եւ խիղճը քննութեան առարկայ դարձնելու, հանդէպ` իր կատարած կամ չկատարած աշխատանքներուն, որդեգրած կամ չորդեգրած հայավայել ու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ դաշնակցականավայել կեցուածքներուն եւ, վերջապէս, նախաձեռնած կամ չնախաձեռնած պահանջատիրական քայլերուն:

Մէկ դար եւ չորս տարիներ առաջ էր, երբ թուրք իթթիհատականները ձերբակալեցին հայ մտաւորականութիւնն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը եւ զանոնք տարին դէպի իրենց ճակատագիրը, դէպի նահատակութիւն, դէպի անմահութիւն:

Պէտք է լաւ հասկնալ թուրքի հոգեբանութիւնը, ինչպէս պիտի ըսէր Միսաք Թորլաքեան, որպէսզի կարելի ըլլայ երեւակայել անոր կատարած բարբարոսութիւնն ու անմարդկայնութիւնը հայութեան հանդէպ:

Մէկ դար եւ չորս տարիներ առաջ թուրքը անցաւ իրականացնելու իր դարերու երազը, ստեղծելու փանթուրանիզմը, ոչնչացնելով անոր իրականացման ուղիին վրայ միակ ու բնական խոչընդոտը` հայութիւնը:

Սակայն ձախողեցաւ եւ խայտառակօրէ՛ն ձախողեցաւ…

Եթէ պիտի ուսումնասիրենք անոր ձախողութեան պատճառները, ապա պիտի տեսնենք, որ անոնք քաղաքական են, տնտեսական են, ռազմավարական են եւ ուղղակիօրէն կապուած են օրուան աշխարհաքաղաքական պայմաններուն: Սակայն այս բոլորին ընդմէջէն նաեւ պիտի տեսնենք այլ պատճառ մը, որն է միայն 3 տարի ետք, 1918-ին, հայ ժողովուրդի կատաղի դիմադրութեան, մարտունակութեան եւ միասնակամութեան սրբազան գիտակցութեան շնորհիւ` կարելի եղաւ մեր դարաւոր թշնամիին ուժգին հարուած մը տալ եւ ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ տարբեր երկիրներու մէջ տասնամեակներ շարունակ  ապաստան գտած հայ ժողովուրդը ինքզինք կազմակերպեց, հիմնեց եկեղեցի, ակումբ, դպրոց եւ միութիւններ, ինքնութիւն պահեց եւ անցաւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում տանող քաղաքական, ակադեմական, իրաւական եւ, հարկ եղած պարագային, յեղափոխական աւանդներուն վերադարձող երկար, քարքարոտ եւ արիւնալի ուղին կտրելու:

Նոյն այս ժողովուրդը, որ յաջողեցաւ մասնակի արդարութիւն վերականգնել, երբ միջազգային ատեաններն ու դատարանները չկրցան կամ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, չուզեցին իրականացնել, զգետնելով ու շան սատակ ընելով թուրք պատասխանատուները, որոնք ծրագրեցին ու գործադրեցին Մեծ եղեռնը, նոյն այս ժողովուրդը, որ ծնաւ Սողոմոն Թեհլիրեաններ, Արշաւիր Շիրակեաններ, Արամ Երկանեաններ ու Միսաք Թորլաքեաններ, 7 տասնամեակ խաւարին մէջ բարձր պահեց եռագոյն դրօշը եւ 20-րդ դարու աւարտին, ապաւինելով միայն ինքնիր ուժին, ծնելով նոր ֆետային, ինչպէս` Աշոտ Ղուլեաններ, Պետոներ, Վիգէններ, Մհերներ ու Կարօտներ, ազատագրեց Արցախը, վերականգնեց հայուն պատիւը եւ զայն վերադարձուց միջազգային բեմերուն վրայ իբրեւ հակամարտող ուժ, որ կարող է արժանավայել կերպով հաշուի նստիլ բոլորին հետ:

Այսօր, 21-րդ դարուն, հայը տակաւին վերատիրացած չէ իր իրաւունքներուն, եւ արդարութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնած չէ: 21-րդ դարը, իր արագասլաց եւ արագընթաց փոփոխութիւններով ու զարգացումներով հարուստ, ամէն օր մեզ կը դնէ դէմ յանդիման նոր դժուարութիւններու:

Արհեստագիտութեան աներեւակայելի արագ զարգացումը յաջողած է արմատական փոփոխութիւն յառաջացնել քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական, տեղեկահաւաքի եւ տեղեկատուական մարզերէն ներս:

Այս փոփոխութիւններու լոյսին տակ ստեղծուած է նոր աշխարհ մը, ուր գրէթէ ամէն ինչ արհեստական է, ուր մարդկային արժէքները օրըստօրէ նահանջի մէջ են, ազգային եւ կուսակցական գաղափարախօսութիւններ կտրուկ ձեւով մերժուած են եւ կը կրեն կրօնական ծայրայեղութեան կամ ազգայնամոլի պիտակը:

Այս արհեստական աշխարհին մէջ, ուր սահմաններու հասկացողութիւնը սկսած է վերանալ, ուր համաշխարհայնացումը սկսած է կուլ տալ փոքր ազգերու ինքնութիւնը, ուր ժողովրդավարութիւն հաստատելու եւ, այսպէս կոչուած, մարդկային իրաւունքներ ու ազատութիւններ պաշտպանելու քողին տակ գերիշխող ուժեր կը հիմնեն քաղաքական ու տնտեսական նոր գաղութներ` իրարու դէմ նոր տեսակի պաղ պատերազմներ մղելով, մեր ժողովուրդին դիմաց կը ծագին նոր մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարելու հրամայականը մեզ կը դնեն կրկնակի պատասխանատուութեան տակ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք, հայրենիքէն արտագաղթին իբրեւ հետեւանք, կազմուած է «նոր սփիւռք» հասկացողութիւնը, որուն վիճակը աւելիով կը բարդանայ այսօր` Լիբանանի տնտեսական վատ պայմաններուն եւ Սուրիոյ տագնապին պատճառով ծայր առած նոր ձեւի գաղթի հոսանքներով:

Ահաւասիկ այս խառնիճաղանճ եւ բաւականին բարդ կացութեան մէջ պէտք է պահ մը կանգ առնել, լաւ քննել իրավիճակը, մասնագիտականօրէն ուսումնասիրել ու կշռել ամէն բան` սկսելով մեր դիմագրաւած զանազան դժուարութիւններէն եւ հասնելով մինչեւ լաւ ճանչնալու մեր ուժերը եւ, վերջապէս, հեռատեսօրէն ծրագրելով յառաջիկայ փուլին մեր կատարելիք բոլոր աշխատանքները, հարկ եղած պարագային փշրելով հինէն մնացած կարգ մը կարծրատիպեր` յարմարելու համար այս դարուս մղուելիք պայքարի կանոններուն ու պայմաններուն:

Երբեք մեզի արտօնուած չէ այսօր բաւարարուիլ միայն վերյիշելով անցեալի փառքերը, ապրիլ այդ փառքերու հոգեկան գոհունակութեամբ եւ ինքնախաբէութեան մատնելով մենք զմեզ, պահ մը հաւատանք, որ յաղթանակը անպայմանօրէն օր մը մերը կը դառնայ:

Որեւէ հակամարտութեան պարագային յաղթական դուրս գալու գաղտնիքներէն մէկն է, լաւապէս նախապատրաստուած ըլլալու կողքին, ունենալ մտային, քաղաքական, կազմակերպական եւ, հարկ եղած պարագային, մարտական բաւարար ճկունութիւն` հակառակորդին կամ այս պարագային թշնամիին անակնկալի մատնելու եւ հակակշիռը ի նպաստ մեր կողմ դարձնելու:

Մօտիկ անցեալին բոլորս ականատէս եղանք, թէ ինչպէ՛ս տասնեակ խորհրդարաններ ու պետութիւններ իրարու յաջորդելով` սկսան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչեր ուղղել` հաշտուելու իր արիւնալի պատմութեան հետ: Այս խորհրդարաններէն ոմանք մինչեւ իսկ քրէական յանցանք նկատեցին Ցեղասպանութեան ժխտումն ու ուրացումը: Սակայն, դժբախտաբար, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը մնայ քաղաքական խաղաքարտ` հսկայ պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ եւ, ասոր զուգահեռ, Թուրքիա կը շարունակէ իր ուրացման ռազմավարութիւնը` հսկայական պիւտճէներ տրամադրելով այս ուղղութեամբ:

1915-ին ծրագրուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը այսօր արդէն իսկ ստացած է միջազգային ճանաչում: Մինչեւ իսկ նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններ եւ ակադեմականներ սկսած են ազատօրէն խօսիլ այս նիւթին շուրջ:

Վերը նշուած ռազմավարական եւ քաղաքական ճկունութիւնը պիտի ըլլայ հայութեան կողմէ մէկ քայլ անդին երթալն ու մեր բոլոր ճիգերն ու աշխատանքները կեդրոնացնել իրաւունքներու պահանջատիրութեան վրայ:

Ինչո՞ւ սպասել Հայոց ցեղասպանութեան` Թուրքիոյ պաշտօնական ճանաչման եւ ապա միայն անցնիլ պայքարի յաջորդ փուլ:

Ինչո՞ւ ներկայիս արդէն իսկ չսկսիլ պահանջատիրական աշխատանքին եւ իրաւական հիմքերով ու տուեալներով զինուած` միջազգային դատական ատեաններէն ներս չպահանջել Թուրքիայէն մեր արդար իրաւունքները:

Պայքարի այս փուլը դէպի յաջողութիւն տանելու համար, սակայն, կը մնան երկու այլ նախապայմաններ:

Առաջին` պէտք է քաջ գիտակցինք, որ Հայ դատի իրաւական ներկայացուցիչը այսօր միջազգային բեմերէն ներս Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Հետեւաբար մենք կոչուած ենք ազգովին նեցուկ կանգնելու մեր հանրապետութեան հզօրացման եւ բարգաւաճման բոլոր աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւրս` իր կարելիութեան սահմաններէն ներս, ոմանք` վերահաստատուելով Հայաստան թէ Արցախ եւ այնտեղ իրենց ներդրումը բերելով տնտեսական աճին եւ քաղաքական զարգացման, իսկ ուրիշներ նոյն այս աշխատանքը սփիւռքէն տանելով:

Այո՛, դժբախտաբար այսօր Հայաստանի իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութիւնը ցարդ կը մնայ անյստակ, մութ ու մտահոգիչ, սակայն այս իրողութիւնը պէտք է մղիչ ուժ դառնայ մեր բոլորին` այնտեղ տանելու ոչ թէ թաւշեայ կամ այլ կտաւէ յեղափոխութիւն, այլ տանելու մտքի յեղափոխութիւն` ծնելու համար Հայաստանի պահանջատէր քաղաքացին, որ մօտիկ ապագային հասնելով իշխանութեան` արժանավայել կերպով յառաջ մղէ մեր դատի պահանջատիրական դրօշը:

Երկրորդ` կենսական ու չափազանց կարեւոր պէտք է նկատել 21-րդ դարու հայ մարդու կերտումը, 21-րդ դարու դաշնակցական մարդու կազմաւորումը:

21-րդ դարու հայ մարդը կը կերտուի միայն գիտութեամբ եւ անոր տարբեր կարողականութիւնները ի սպաս դնելով մեր հաւաքական աշխատանքներուն մանաւանդ ու մանաւանդ անոր վերլուծական ու քաղաքական միտքը զարգացնելով: 21-րդ դարու հայ մարդը պէտք է տարբերի իր նախկինէն. պէտք է տարբերի մտքով, կազմաւորմամբ ու քաղաքական պատրաստուածութեամբ, սակայն պէտք է նմանի իր գիտակցութեամբ, թէ թուրքը է՛ ու կը մնա՛յ մեր դարաւոր թշնամին, պէտք է գիտակցի, որ ազգին ճակատագիրը բեռցուած է իր ուսերուն վրայ:

21-րդ դարու դաշնակցական մարդը կը կազմուի դաշնակցական ակումբին մէջ, պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերուն մէջ, ուր ան լաւ կը ճանչնայ իր պատմութիւնը, կը սորվի անցեալի սխալներէն, կը կազմէ իր քաղաքական միտքը եւ իր մասնագիտութեամբ պայքարի` նոր դաշտեր բանալով եւ ապագայի նոր տեսլականով կը մղուի առաջ:

Ահաւասիկ 2 նախապայմաններ որոնք եթէ լաւապէս ծրագրուին եւ գործադրուին, յաջողութեամբ պիտի կարենանք անցնիլ պայքարի յաջորդ փուլ, ինչպէս նշեցինք` մասնագիտացած ու ուսումնասիրուած պահանջատիրութիւն եւ թշնամին իր անպատրաստ վիճակին մէջ անակնկալի մատնելով, քայլ մը եւս մօտենանք դէպի սրբազան յաղթանակ:

Ժամը հասած է գործելու. ժամը հասած է, որ այս անգամ հայը ինքը ըլլայ մարտահրաւէր կարդացողը Թուրքիոյ, ինքը ըլլայ առաջին քայլ առնողը եւ ոչ` հակազդողը:

Ժամը հասած է, որ մենք դառնանք պայքարի կանոնները բնորոշողը, դուրս գանք սպասման վիճակէն, որ օրէ օր մեզ կը հեռացնէ մեր վճռակամութենէն ու նախաձեռնելու ամէն տեսակի ձեռնհասութենէ:

Ժամը հասած է ազգովին վերականգնելու եւ այսօր այստեղ վերանորոգելու մեր հաւաքական կամքը, վերահաստատելու մեր ուխտը` չխնայելով որեւէ ճիգ, չճանչնալով ո՛չ ցաւ, ո՛չ տառապանք, հարկ եղած պարագային նաեւ կեանքի գնով հասնելու համար սրբազան յաղթանակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles