ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
1915 թուականին Արեւմտեան Հայաստանի Պինկէօլ (Բիւրակն) գիւղին մէջ գարնանային օր մըն էր, երբ յանկարծ արեւը կանուխ մար մտնելու կը սկսի եւ, կարծես, խաւարը սուրի նման երկինքէն դէպի երկրի վրայի մարդոց գունաւոր սրտերուն մէջ թափանցելով` խոցելի վէրքեր կը յառաջացնէ: Մինչ այդ թուրք զինուորներ հայ ընտանիքներու տեղահանութեան եւ ջարդի ծրագիրը գործադրելու սկսած էին: Մեծ հայրս եւ իր եղբայրը իրենց հօրը սպանութենէն ետք իրենց մօրը դասաւորումով կառքի մը մէջ յարդի տակ պահուըտելով` կարողացան ազատիլ թուրք զինուորներու բարբարոսութիւններէն եւ Յունաստանէն անցնելով` վերջնականապէս հասան Լիբանան: Հետագային իրենց մօրը միացան Անթիլիաս հաստատուած որբանոցին մէջ` իրենց ետին ձգելով զոհուած ընտանեկան պարագաներ եւ հողեր:
Իմ նախահայրերուս Պինկէօլի , Մուշի, Մարաշի եւ Խարբերդի պատմութեան նման ամէն մէկ հայ ընտանիք իր տեղահանութեան եւ ջարդի պատմութեան տարբերակը ունի, բայց մեր բոլորը կը միացնեն անօթութեան, զրկանքի, կալուածի եւ ընտանեկան պարագաներու կորուստի անմարդկային չարչարանքներու եւ սպանութեան դէպքերը: Մեր մեծամասնութիւնը նաեւ կը միացնեն մեր նախահայրերուն չյանձնուելու եւ ինքնութիւնը պահպանելու պինդ կեցուածքը, որոնք նոյնիսկ իրենց անձերը զոհեցին` տեղի չտալով թշնամիին առջեւ: Դժբախտաբար, այսօր եթէ մեր նահատակները ներկայ ըլլային եւ մեր նոր սերունդին վիճակը տեսնէին, իրենք զիրենք երկրորդ անգամ սպաննուած պիտի զգային: Վստահ եմ, որ իրենց հոգիները հանգիստ չեն ննջեր, երբ այսօր ձուլման ուղին բռնած շատեր գիտակցաբար եւ յօժար կամքով հեռացած են 1,5 միլիոնի սուրբ ուղիէն եւ հայ ըլլալէ դադրած են այլեւս: Հայ ըլլալ` կը նշանակէ հայաշունչ մթնոլորտի մէջ հասակ առնել, նաեւ` նոյնանման մթնոլորտի մէջ զաւակներ դաստիարակել: Այս կամ այն պատճառով օտար դպրոց ուղարկող ծնողներ, որոնք պէտքը չեն զգացած հայոց լեզուի, պատմութեան եւ կրօնի դաստիարակութիւնը փոխանցելու իրենց զաւակներուն, կարծէք երկրորդ անգամ սպաննած կ՛ըլլան իրենց նախահայրերը:
Գարեգին Նժդեհի գլխաւոր խօսքերէն մէկը կ՛ուզեմ յիշել. «Հայերի խնդիրը նրանում չէ, որ աշխարհում կան թուրքեր, այլ նրանում է, որ կան թուրքանման հայեր»: Հարկ է յիշել եւ գնահատել այն ծնողները, որոնք օտար դպրոցներ ուղարկելու կողքին, պէտք եղած հայեցի դաստիարակութիւնը կու տան իրենց զաւակներուն: Հայ դպրոցին եւ հայեցի դաստիարակութեան գանձին արժէքը գիտնալը եւ լաւ ձեւով եկող սերունդներուն փոխանցելը ամէն հայու պարտականութիւնն է: Շատ անգամ մեզ հրեայ ժողովուրդին կը նմանցնեն… Դժբախտաբար մենք հայասիրութեան եւ եղբայրասիրութեան դաստիարակութեան պակասը ունենալով` ճիշդ հակառակը կը գործենք եւ շատ անգամ անձնասիրութեան իբրեւ հետեւանք` զիրար կը քննադատենք: Հրեայ ժողովուրդը` իբրեւ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ, կրցաւ դէմ դնել բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն, իսկ հայերը եղան Քրիստոսէ ետք ընտրեալ ժողովուրդը, երբ 301 թուականին առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը դարձան, իսկ 1915-ին 1,5 միլիոն սուրբեր նահատակուեցան` կառչած մնալով իրենց ինքնութեան եւ կրօնին… Դժբախտաբար այսօր ճերմակ ջարդով հայը իր ձեռքով թուրքին բնաջնջումի ծրագիրը կը գործադրէ` հայ սերունդ չպատրաստելով… Մեր բոլոր կառոյցները վերածնունդի կարիքը ունին, որպէսզի նոր միտքերով, հին միտքերուն զուգահեռ, վերածաղկին եւ ժամանակին հետ քայլ պահելով հանդերձ, ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդեն եւ իրենց շուրջը համախմբեն բոլորը առանց խտրութեան: Նիւթապաշտութիւնը պէտք է քրիստոնէապաշտութեամբ փոխարինուի եւ ընտրեալ քրիստոնեայ հայ ազգի կարեւորութիւնը զգալով` եկող սերունդները ազգասիրութեամբ առաջնորդուին: ժամանակը հասած է արթննալու եւ մեր նախահայրերէն մեզի վստահուած հայապահպանման առաքելութեան պարտականութիւնը կատարելու: Ցեղասպանութենէ ազատած ազգի ամէն մէկ անձի ճիտին պարտքն է այս մէկը…