Ես անկեղծօրէն չզարմացայ` «Ազդակ»-ին մէջ կարդալով «Թրքական մամուլը կը ցնծայ Նոթր Տամի մոխիրներուն վրայ» առաջին էջով տրուած լրատուութիւնը:
Ճանչնալով թուրքերը եւ գիտնալով իրենց անցեալը` «բնական» կը գտնեմ թուրքերու այս վերաբերումը: Մենք դրացիներ եղած ենք դարերով, սակայն բոլորովին տարբեր ազգեր ենք: Որեւէ նմանութիւն չունինք պարզ այն պատճառով, որ մենք ապրած ենք մեր հայրենիքին մէջ (հազարաւոր քիլոմեթր իրենցմէ հեռու), մինչ իրենք եկած ու տիրացած են ուրիշներու հողերուն եւ հիմնած` իրենց օսմանեան ոճրագործ կայսրութիւնը: Թուրքերը մոռցած են, որ իրենք Մոնկոլիայէն եկած են եւ չեն կրնար ջնջել իրենց վայրենի բնազդը, որ ժառանգական է:
Ահաւասիկ այս տարբերութեան պատճառով է, որ հայը կը նեղուի, երբ եկեղեցի մը կամ մզկիթ մը քանդուի, որովհետեւ այդ երկու կառոյցներն ալ Աստուծոյ (Ալլահին) տուներն են:
Հայուն համար աղօթքի վայրը սուրբ է, բայց այդպէս չէ թուրքերուն համար, որոնք 1915-1918 թուականներուն քանդեցին Աստուծոյ աւելի քան 2000 տուներ (հայկական եկեղեցիներ եւ վանքեր) խղճի ամենայն հանգստութեամբ:
Դեռ կայ աւելին. թրքական պետութիւնը իր նախագահ Էրտողանով կը մերժէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ամբողջ աշխարհը գիտէ պատահածին մասին: 29 պետութիւններ ընդունած եւ դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց եկո՛ւր տես, որ Թուրքիոյ նախագահը անտեղեակ է եղածէն եւ կը շարունակէ պնդել, որ թուրքերը ցեղասպանութիւն չեն գործած:
Այս բոլորը անշուշտ կարելի չէ ներել, եւ իրենք ստիպուած` օգնականներու պէտք պիտի ունենան իրենց սուտը տարածելու համար:
Համոզումս այն է, որ միայն իրենց ոճրագործ նախահայրերը, որոնք դժոխքի կրակներուն մէջ կ՛այրին, կրնան իրենց օգնութեան հասնիլ դժոխքէն:
Թուրքիոյ նախագահը եթէ կ՛ուզէ յարգուած ըլլալ, եւ մարդիկ լուրջի առնեն զինք, պէտք է օրինակ առնէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որ ապրիլ 24-ը յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:
Վերջապէս, ո՞վ կրնայ «շողացող աստղին վարագոյր քաշել»:
Հասկցողին` շատ բարեւ:
Անշուշտ երբեք պէտք չէ մոռնալ ժողովրդային առածը `
«Խեւին խրատն ի՞նչ անի,
Սեւին սապոնն ի՞նչ անի»:
18 ապրիլ 2019, Այնճար