Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Մօրս Պատգամը

$
0
0

ՎԻԳԻ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ-ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ո՜ւր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մայ՜ր լեզուն չմոռանա՛ս…

Մէկ տարի առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ սիրելի մայրս: Երբ ան անհանգստացաւ, դժուար էր իր բարի կերպարը տեսնել այդ վիճակին մէջ, օրէ օր կը հիւծէր իմացական կարողութեամբ, բայց միշտ ուրախ եւ լաւատես էր իր հոգեկան աշխարհով: Վերջին տարիներուն, երբ հիւանդութեան պատճառով այլեւս դժուար էր յարաբերական կեանք վարել իր շրջապատին հետ, ան ենթագիտակցական եւ զգացական զօրեղ կարողականութեամբ, ընտանեկան թէ միութենական հաւաքներուն դեռ կը պատգամէր Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»-ը:

Այնճարի առաջին սերունդի զաւակներէն, փայլուն աշակերտուհի, ապա` ուսուցչուհի եւ միութենական ու, վերջապէս, տիպար մայր եւ երէցկին:

Հզօր էր ան, ժպիտով գիտէր յաղթահարել կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Դեռ ականջիս մէջ կ՛արձագանգէ իր հնչեղ ձայնը… Եղբօրս` Պետոյին մանկութեան օրերու լսողական դժուարութեան ժամանակ, առօրեայ դրութեամբ,  աշխատանքի լծուած, այսօրուան հնչաբանութեան վարժողական մեթոտները գերազանցելով, զանոնք կը կիրարկէր տասնեակ տարիներ առաջ  եւ, այո՛, ան գերմարդկային ուժով մը յաջողած էր խօսիլ սորվեցնել իր զաւակին` զարմանք պատճառելով բոլորին:

Մայրական համբերատարութեամբ, խանդաղատանքով եւ զոհողութեամբ զեղուն, բնազդային բարձր արժանիքներով օժտուած` ան կը մարմնաւորէր բարիի տիպարը: Բարի էր իր քաջ նկարագրով, բարի էր իր աշխատասէր ոգիով, բարի էր իր արդար վէճերով, բարի էր իր համարձակ դիտողութիւններով, բարի էր իր իմաստուն խրատներով, բարի էր իր նախաձեռնելու ոգիով, բարի էր իր պայծառատես միտքերով, բարի էր իր զօրեղ տրամաբանութեամբ, բարի էր իր լաւատես նկարագիրով:

Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի սիրուած եւ յարգուած ուսուցչուհի: Նորակառոյց Այնճարի կազմաւորուող առաջին սերունդի ներկայացուցիչներէն` ան երիտասարդ տարիքէն նետուած էր ուսուցչական ասպարէզ, ընտանեկան պարտաւորութեանց պատճառով որոշ շրջան մը դադրած էր եւ ապա նոյն թափով կրկին շարունակած էր ծառայել:

Միութենական իւրայատուկ տիպար էր ան: Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի առաջին ատենապետուհի եւ անկէ ետք որպէս երէցկին` ան համերաշխ եւ կարգապահ ժողովավարն էր միութեան, գործնապաշտը եւ գործադրողը: Հօրս` Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին կողքին` տիրական եւ գործունեայ ներկայութիւն: Յիշողութեանս մէջ թարմ են մօրս եւ իր միութենակից կիներու  խանդավառ եւ եռանդուն պահերը` ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին: Եւ ահա այդ օրերուն այս ոգեպնդիչ մթնոլորտին մէջ էր, որ լոյս տեսաւ Մուսա Լերան եւ Այնճարի տոհմիկ ճաշերու գիրքը, որ մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ բոլորէն: Իր տեսակին մէջ եզակի երեւոյթ էր նաեւ գիւղի կիներու Քառաղբիւր միութեան հիմնադրութիւնը, որ կը համախմբէ գիւղի մէջ գործող կնոջական միութիւնները միասնական աշխատանք ծաւալելու միտումով` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը եւ 3 համայնքներու տիկնանց յանձնախումբերը: Համակող օրինակներ, որոնց շարունակականութիւնը կը գօտեպնդէ մեր միութիւնը:

Դեռ կանուխ էր: Կեանքը նոր պիտի ժպտէր իրեն… Ինք հեռացաւ կեանքէն մարմնապէս,  բայց ան դեռ կայ ու կը մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ: Ահա ան ներկայ է մեր մէջ, զինք կը տեսնեմ դեռ միշտ խրոխտ ու կանգուն, ան կենդանի յուշարձան է մեզի համար: Այո՛, ան իր լաւ օրինակով  յատուկ դրոշմ ձգեց իր ընտանիքին, հարազատներուն, գործակիցներուն եւ շրջապատին վրայ: Այսօր զինք  անձկութեամբ կը փնտռեն իր 4 թոռները, որոնք առյաւէտ պիտի յիշեն ու պահպանեն իրենց մեծ մօր տուած հազարագանձ հայոց լեզուի սուրբ խորհուրդը:

Թող մենք գօտեպնդուինք մեր նախորդ սերունդներուն կտակով, թող մեր կեանքը լիցքաւորենք իրենց աւանդած  դասերով: Ու մայրս կը պատգամէ` ի՞նչ է կեանքը, եթէ ոչ` մեր դրական ներգործութիւնը այլոց եւ հաւաքականութեան վրայ: Երեւութական, նիւթապաշտ եւ հաճոյքներով մարմնաւորուած կեանքը ժամանակաւոր է եւ անցաւոր, յաւիտենական է բարեսիրականը, յիշատակելին եւ օրինակելին:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>