«Եկեղեցին հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի.
Եկեղեցին հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զըրահանդերձ է փայլուն` մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւ՜ն, եւ երգերն է միշտ յաղթութիւն…»
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Ծառայութիւնը առհասարակ մարդկային ընկերութեան մէջ բնորոշ արժէք է եւ գնահատելի երեւոյթ: Իսկ քրիստոնէական վարդապետութեան եւ ուսուցումներուն մէջ կը նկատուի գերագոյն զոհաբերութիւն: Մարդկային պատմութեան մէջ Աստուածորդին` Քրիստոսը յեղափոխեց մարդոց կեանքը եւ մտայնութիւնը, երբ Իր անձին օրինակով ծառայութեան գործնական տիպար դարձաւ քրիստոնեայ աշխարհին եւ հետեւորդներուն: Քրիստոս ուզեց անուղղակի պատգամ փոխանցել բոլորին, թէ ծառայութիւնը անհրաժեշտութիւն է մեր կեանքին մէջ, որ` պէտք է կատարուի սիրով եւ առանց որեւէ ակնկալութեան: Ի զուր չէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2016 տարին հռչակեց «Ծառայութեան տարի»` լուսարձակի տակ առնելու համար անոր դերը քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ: Սակայն ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր սոսկ եկեղեցական ծառայութեան սահմաններուն մէջ, այլ կ՛ընդարձակուի նաեւ մարդկային առօրեայ յարաբերութեան մէջ:
Քառասուն օրեր առաջ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին գուժեց իր բազմավաստակ սարկաւագին եւ դպրաց դասի տիպար անդամին` Յակոբ սրկ. Պոյաճեանի անժամանակ մահը:
Ան ծնած էր 1963-ին եւ մեծցած` հայաբոյր ու աստուածավախ ընտանիքի մը յարկին տակ: Մանուկ տարիքէն իր մէջ ունեցած Աստուծոյ եւ ազգին հանդէպ ունեցած ծառայական սէրը առաջնորդած են իր քայլերը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Ան հաւատարմօրէն աւելի քան քառասուն տարի հայ եկեղեցւոյ խորանին սպասարկած է որպէս դպիր, կիսասարկաւագ:
25 դեկտեմբեր 2012-ին` Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ ձեռնադրուած է ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ` Գեղամ արք. Խաչերեանի:
Յակոբ սրկ. Պոյաճեան աշխուժ մասնակցութիւն բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբերուն` ամէնուրեք ծառայութեան տիպար օրինակ հանդիսանալով իր շրջապատին: Երգչախումբերու խմբավարներուն իսկ վկայութեամբ, ան մեծ հաւատք եւ համոզում ունէր որեւէ ծրագրի յաջողութեան եւ այս ձեւով կը խրախուսէր բոլորը:
Ան ընտանիք կազմեց Սօսի Սոլաքեանին հետ եւ բախտաւորուեցաւ երկու մանչերով: Յակոբին հոգին ալեկոծուեցաւ, երբ մէկուկէս տարի առաջ անակնկալ կերպով կորսնցուց իր երէց եղբայրը` Պօղոս սրկ. Պոյաճեանը:
Յակոբին կեանքին բնորոշ յատկանիշներն էին` համակ սէր, յարգանք, ընկերասիրութիւն, նուիրեալ ծառայութիւն եւ գործին հանդէպ հաւատք:
Ափսո՜ս, որ անողոք հիւանդութիւնը անակնկալ կերպով բոյն դրաւ կեանքով եռուն այս երիտասարդին մէջ, կարճ ժամանակուան մէջ կլանեց զինք ու խլեց իր սիրասուն ընտանիքէն, ընկերներէն եւ իր շրջապատէն:
Յակոբին յուղարկաւորութեան ներկայ ստուար բազմութիւնը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէր իր ունեցած մարդկային արժէքները եւ ծառայական կեանքը:
Իր կեանքին կենդանի օրինակը կը մնայ մեզի յուշ եւ յիշատակ` կեանքի այս թոհուբոհին մէջ շարունակելու մեր կեանքը եւ զարդարելու ու արժեւորելու զայն ծառայութեամբ:
Սիրելի՛ Յակոբ, մահուանդ քառասունքին առիթով այս վկայութիւնը անուշ խունկ ու մշտական աղօթք դառնայ թարմ հողակոյտիդ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ