Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Շնորհաւորենք Ու Խոնարհինք

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Hayoc-banaki-or_013016

Շնորհաւոր տօնդ, շնորհաւոր ծնունդդ` Հայո՛ց Բանակ: Շնորհաւոր տօնդ` Հայոց Բանակի զինուո՛ր:

Խոնարհում ու խնկարկում` Հայոց Բանակի նահատակ զինուորներու յիշատակին:

Այս նուիրական օրուան առթիւ մեր բաժինը չի կրնար բաւարարուիլ շնորհաւորական ու յիշատակի խօսքերով: Չենք կրնար կենացներով բանակ պահել, չենք կրնար ողջոյններով զինուորի կորով բարձրացնել:

Այո՛, մեր զինուորը կրնայ կարիքը չունենալ մեր զօրակցութեան, մեր նեցուկին, մեր բարոյական ու նիւթական աջակցութեան® Հայրենի հողի պաշտպանութեան անոր ուխտը շա՛տ աւելի գիտակից խորքերէ կու գայ, ու կարիքը չունի որեւէ այլ ներշնչման:

Խնդիրը մե՛րն է` կողքի կանգնածներուս, յատկապէս` սփիւռքի մէջ ապրողներուս:

Ինչպէ՞ս կրնանք Հայոց Բանակին հանդէպ մեր ունեցած սէրը, յարգանքն ու ակնածանքը վերածել նոյն բանակի ուժականութիւնը բարձրացնող ազդակի: Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ այդ լուծումը գտնելու աշխատանքին:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ Արցախի ազատագրութեան ոգեւորութիւնը խամրած է մեր մէջ: Ո՛չ:

Հայաստանի ու Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին մեր զինուորներու հերոսական ամէնօրեայ խիզախումները բաւարար հպարտութիւն չե՞ն ներշնչեր մեզի:

Անշո՛ւշտ կը ներշնչեն:

Մեր նահատակ զինուորներու ծնողներուն զոհաբերութիւնը երախտագիտական ու գնահատման զգացումներով չե՞ն լեցներ մեր սիրտերը: Այո՛, կը լեցնեն:

Ամէն օր, տագնապով, սահմանը պաշտպանող զաւակներուն մասին լուր սպասող մայրերուն ու հայրերուն անձկութեան հանդէպ կրնա՞նք անտարբեր ըլլալ: Ո՛չ, չենք կրնար:

Իրենց քրտինքով ու աշխատանքով շահած գումարէն պետական պիւտճէին ճամբով Հայոց Բանակին զէնք, զինամթերք, սնունդ ու վառելանիւթ մատակարարող Հայաստանի ու Արցախի քաղաքացիներու զոհաբերութիւնը կրնա՞նք անտեսել: Ո՛չ, չենք կրնար:

Ուրեմն, մենք ի՞նչ կրնանք ընել: Մեր մասնակցութիւնը այս սրբազան գործին ինչպէ՞ս պիտի ծրագրուի, ինչպէ՞ս պիտի գործադրուի:

Չենք կրնար բաւարարուիլ Արցախի վիճակահանութեան տոմս գնելով:

Չենք կրնար բաւարարուիլ «Հայաստան» հիմնադրամին տարեկան տուրք վճարելով:

Չենք կրնար բաւարարուիլ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կամաւոր աշխատանքով կամ բարեգործական ծրագիրի մը աջակցելով:

Ուղղակի՛ բանակին, ե՛ս եւ դո՛ւն ինչպէ՞ս պիտի զօրակցինք:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>