ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Եւրոպական ցամաքամասի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններու արդիւնքներէն բոլորին համար ալ ակնյայտ էր, որ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները մեծաթիւ քուէներ կը կորսնցնեն եւ իրենց ժողովրդականութիւնը կորսնցուցած են` յօգուտ աջակողմեան ամբոխավարութեան:
Ֆինլանտայի մէջ, սակայն, հակառակը ցոյց կու տան տուեալները: Ամբողջ ընտրապայքարին ընթացքին ընկերվար-ժողովրդավարները առաջին դիրքը կը գրաւէին ` 20,1 առ հարիւրով, իսկ ծայրայեղ աջը բաւական ժողովրդականութիւն կորսնցուցած է` գրաւելով 3-րդ դիրքը 15,1 առ հարիւրով (նախորդ ընտրութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած էին 2015-ին, ծայրայեղ աջը ստացած էր քուէներուն 17,65 առ հարիւրը):
Ըստ Քաղաքային զարգացման հիմնադրամի վերջին տուեալներուն, հարցախոյզերուն մասնակցողներուն 45 առ հարիւրը կ՛ուզէ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը տեսնել կառավարութեան մէջ: Մեծամասնութիւնը անոնց, որոնք ընկերվար-ժողովրդավարականները կառավարութեան մէջ կ՛ուզեն տեսնել, կը փափաքին, որ անոնք համաձայնական դաշինք կնքեն ձախերու եւ կանաչներու հետ:
Ընկերվար-ժողովրդավարները 9 ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցեցան «Մարդկային, հաւասար եւ արդար Ֆինլանտա» կարգախօսով:
Ընկերվար-ժողովրդավարներու նախընտրական ծրագիրը կը բաժնուի չորս մասերու, որոնք հետեւեալներն են.
Ա.- «Աշխատանք եւ աճ». Ընկերվար-ժողովրդավարները կը կեդրոնանան այն կէտին վրայ, որ պէտք է զարգացնել բարեկեցութեան համակարգը` ձրի դարձնելով արհեստից դպրոցները, յաւելեալ ներդրումներ կատարել գիտական եւ հետազօտական մարզերուն մէջ, հաւասար աշխատավարձ ապահովել երկու սեռերու աշխատողներուն միջեւ, ցած հարկեր պարտադրել փոքր ձեռնարկութիւններուն եւ գաղթականներուն համարկումը ապահովել ֆինլանտական հասարակութեան մէջ:
Բ.- «Կենսոլորտային առումով, կայուն զարգացում». Բնապահպանութեան վերաբերեալ, ընկերվար-ժողովրդավարներու գլխաւոր մտահոգութիւնը համընդհանուր ջերմացումն է: Ասոր համար ընկերվար-ժողովրդավարները կը ձգտին նուազեցնել ջերմացումը` օրկանական հանածոյ վառելիքէն հրաժարման համար ծրագիր պատրաստելով, ձերբազատիլ բնածուխի եւ ածուխի օգտագործումէն մինչեւ 2035, կլիմայական փոփոխութիւն պատճառող նիւթերու վրայ հարկ պարտադրել, իսկ միւս կողմէ` նուազեցնել հարկերը այն նիւթերուն վրայ, որոնք վնաս չեն հասցներ կլիմային, զօրակցիլ անտառներու կենսաբազմազանութեան ծրագիրներուն եւ վերամշակման:
Գ.- «Ծառայել բոլորին». Ընկերային ապահովագրութիւնը, բարօրութիւնը եւ առողջապահական մարզերը, որոնք կազմած են բարեկեցիկ համակարգէն անբաժանելի մաս, կարիքը ունին արդար բարեկարգումներու` բարձրացնելով բնակչութեան ընկերային-տնտեսական կարգավիճակը` ձրի դարձնելով երեխաներու կանուխ շրջանի կրթութիւնը` երեք տարեկանէն սկսեալ, ճկուն դարձնել կրթական համակարգը` զարկ տալով աշակերտներու ձիրքերու եւ նախասիրութիւններու զարգացման, ուսումի կողքին` բարձրացնել ուսանողներու օժանդակութեան գումարները, բարձրացնել ցած եկամուտ ունեցող թոշակառուներու թոշակները, յաւելեալ ներդրումներ կատարել հոգեկան առողջապահութեան վրայ եւ բժիշկներու ընդհանուր թիւը աւելցնել ու ամրապնդել երեխաներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ` վերջ դնել ամէն տեսակի բռնութիւններուն:
Դ.- «Ֆինլանտան իր չափէն աւելի մեծ». Համաշխարհային գետնի վրայ Ֆինլանտայի ընկերվար-ժողովրդավարները կը ձգտին կենսոլորտային, ընկերային եւ տնտեսական առումներով զարգացում ապահովել թէ՛ Ֆինլանտային եւ թէ՛ աշխարհին: Ընկերվար-ժողովրդավարները կը հաւատան, որ իրենց նպատակները Ֆինլանտան չեն կրնար առանձինն առաջնորդել, այլ անոնք կարիքը ունին նաեւ միջազգային ընտանիքի համագործակցութեան, որպէսզի ապահովեն ընկերային կարգերով արդար Եւրոպա` նուազեցնելով աղքատութեան եւ անգործութեան համեմատութիւնները, միջազգային գետնի վրայ բարձրացնեն կիներու իրաւունքներու հարցերը եւ վերջ տան հարկերու վճարումներէն փախուստներուն:
Ֆինլանտայի ընկերվար-ժողովրդավարներուն յաղթանակը (քուէներուն 17,8 առ հարիւրը ստանալով) կու գայ հաստատելու, որ ընկերվար-ժողովրդավարական այն կուսակցութիւնները, որոնք հրաժարեցան Երրորդ ուղիէն եւ վերադարձան բարեկեցիկ պետութեան հիմքերուն, կրնան յաղթահարել աջակողմեան ամբոխավար կուսակցութիւններուն մարտահրաւէրը: