ԱՆՕ
Ազգականներ տեսնելու համար քանի մը հարազատներով առաջին անգամ ըլլալով Պոլիսէն Պէյրութ կ՛այցելենք:
Մեզ հիւրընկալողները, երբ մեզի հարցուցին, թէ կ՛ուզե՞նք ներկայ գտնուիլ թատերական ներկայացումին, ճիշդը, ես խաթրի համար ընդունեցի մեր թոռնիկներուն տարիքը եղող տղոց թատրոնը դիտելու առաջարկը` մտածելով, որ մեր քաղաքին մէջ բազմաթիւ թատրոններ դիտած ենք, ես ալ դերեր խաղացած եմ, այս «չոճուխ»-ներուն ըրածը ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Այնպէս պատահեցաւ, որ ներկայացումէն օր մը առաջ մեզ Արաքս փողոցը պտտցուցին եւ թատերասրահ տարին, ուր տղաքը կը պատրաստուէին վերջին փորձին:
Ի՜նչ մեղքս պահեմ, արցունքներս հազիւ կը զսպէի: Բոլորն ալ իրարու հետ մաքուր հայերէն կը խօսէին, իրարու շատ մօտիկ ընկերներ էին եւ շատ լուրջ պատրաստութիւններ կը տեսնէին, ըլլալիք աշխատանքներուն մասին կը խօսէին, մեզի շատ հաճելի թուացող հայերէնով մը:
Անհամբեր սպասեցինք յաջորդ գիշերուան:
Երբ սրահ մտանք եւ այդքան հայ երիտասարդներ տեսանք` բոլորն ալ հայերէն խօսող, այս անգամ չկրցայ արցունքներս զսպել:
Ներկայացումը կատակերգութիւն էր, բայց աչքերս երկուքը մէյ մը կ՛արցունքոտէին:
Այդ ի՜նչ հրաշալի, անուշիկ, համով-հոտով տղաներու աղջիկներ էին: Ի՜նչ աղուոր խաղարկութիւն, արագութիւն, հասկացողութիւն: Շատ բծախնդիր աշխատանք:
Մտածեցի, որ մենք Պոլիս շատ ետ գացած ենք: Այս «չոճուխ»-ները մեծ մարդիկ են, որոնք շատ լաւ կատարեցին իրենց դերերը:
Անոնք մեզմէ շատ լաւ են:
Ուրախ եմ, որ աւելի լաւ են:
Աստուած պահէ բոլորն ալ: