ԼՕԽ-ԱԿԱՆ
Ճիշդ է, երբ կ՛ըսուի, թէ անփոխարինելի մարդ չկայ աշխարհին վրայ: Անփոխարինելի մարդ չկայ, բայց կան տիպարներ, որոնց արժանիքները կրնան չափանիշ համարուիլ կեանքին մէջ` զանազան պարագաներու:
Աւելի քան 40 օրեր առաջ լիբանանահայ օգնութեան խաչը, յատկապէս ձեռարուեստի կեդրոնի յանձնախումբը կորսնցուց իր հաւատարիմ եւ գործօն անդամներէն Սեդա Թորիկեանը, որ հիմնադիրներէն մէկը եղած էր ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնին, աւելի քան 40 տարիներ առաջ: Շատ կանուխէն գամուած անկողնին, Սեդան երկար տարիներ շարունակեց մնալ Ձեռարուեստի կեդրոնին գործօն անդամներէն մէկը` օգտագործելով տակաւին առողջ մնացած իր գործարանները, քաջալերելով իր ընկերուհիները, մնայուն կապի մէջ մնալով Ձեռարուեստի կեդրոնին սպասարկող հաստատութիւններուն, ձեռագործ բանող անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ` գործին յառաջընթացին համար ապահովելով լաւագոյն պայմաններ: Անհասկնալի կը թուի ըլլալ այս երեւոյթը, միայն իրեն գործակցող ընկերուհիները կրնան հասկնալ այս երեւոյթին իրականութիւնը եւ արժէքը եւ ըսել, որ անփոխարինելի մարդ չկայ կազմակերպութիւններուն մէջ, սակայն կան արժէքներ, որոնք միայն օրինակ կրնան դառնալ մինչեւ մահ իր հաւատացած կազմակերպութեան ծառայելու կամքին եւ կարելիութեան:
Իր խիզախ նկարագիրով, տնտեսագիտական հմտութեամբ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի սկիզբին, ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ օրուան Շրջանային վարչութեան ձեռագործի արհեստանոց մը, 1986-ին եւ տարի մը ետք` 1987-ին, վաճառքի կեդրոն մը հիմնելու զոյգ ծրագիրներուն, որոնց նուիրուածութիւնը եւ հաւատքը յաջողեցաւ փոխանցել յաջորդաբար կազմուող բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն: Առաջարկող, բացատրող, իր ծրագիրը պաշտպանող, հակադարձող, ընկերուհիները լսող եւ յարգող, իր արաբերէն լեզուի տիրապետութիւնը օգտագործելով, օտար շրջանակներու մէջ այս ձեռնարկները ծանօթացնող եւ օտարներուն օժանդակութիւնը ապահովող, «պատերազմի օրերուն աս գործը չի յաջողիր» ըսողները համոզող, հայկական ասեղնագործութեան մշակոյթը մարդոց սրտերուն մէջ արթնցնող, ինքը ամբողջութեամբ աշխատանոց եւ Ձեռարուեստի կեդրոն դարձած Սեդա, ճիշդ է անփոխարինելի չեղաւ, որովհետեւ իր շուրջ հաւաքուած ընկերուհիները պատրաստուած եւ պատրաստ էին եւ են` գործը շարունակելու, բայց իր կերտած գործելու ոճը չափանիշ դարձաւ իրեն հետ գործող բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք շարունակեցին եւ հասցուցին հայկական ասեղնագործութիւնը իր բարձր մակարդակին` աւանդական եւ արդիական ոճերուն մէջ:
Դժուար է ընդունիլ, որ ինք չկայ այլեւս եւ ատեն ատեն չպիտի հարցնէ, թէ ո՞ւր հասաւ կեդրոնը, բայց մեր սրտերուն մէջ պիտի մնայ իր ձայնը, իր կամքն ու խիզախութիւնը, շարունակելու գործը այնպէս, ինչպէս սորվեցուցած էր մեզի` հաւատալ, գործել, յարատեւել եւ բարձրանալ:
Յիշատակդ անմար պիտի մնայ մեր մէջ, իսկ հողը վրադ թող թեթեւ գայ: