Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Զարդարուի՞լ, Թէ՞ Ծաղկազարդուիլ

$
0
0

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ծաղկազարդի տօնը բոլորս կը յիշատակենք որպէս սուրբգրային տօն, սակայն միայն սուրբգրային տօն է, թէ՞ ունի այլ երես մը եւս: Պահ մը տեսնենք տէրունի այս տօնը ուրկէ՞ կու գայ եւ մինչեւ ո՞ւր կը հասնի:

Ծաղկազարդը, ամէն բանէ առաջ, եղած է հայոց հեթանոսական տօն մը, որ հետագային կցուած է աւետարանական այն դրուագին, ուր կը կարդանք, թէ Յիսուս յաղթական մուտք կը գործէ Երուսաղէմ (Մտ 21.1-11, Մր 11.1-11, Ղկ 19.29-40 եւ Յհ 12.12-19): Երբ ուշադրութեամբ հետեւինք դրուագին, պիտի նշմարենք, որ Ծաղկազարդի տօնը միշտ կը զուգադիպի գարնան առաջին օրերուն եւ այս իսկ պատճառով Ծաղկազարդը նաեւ կը խորհրդանշէ գարնան գալուստը եւ բնութեան զարթօնքը: Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը եւս պատահեցաւ գարնան այս շրջանին, այդ պատճառով ալ, ինչպէս կը վկայուի, ժողովուրդէն շատեր «ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ» (Մտ 21.8): Այսպիսով, Ծաղկազարդը միացաւ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին եւ տօնացոյցին մէջ անցաւ որպէս Տէրունի տօն:

Հին Ուխտէն` Նոր Ուխտ

Ծաղկազարդը այն տօներէն է, որ մեր ժողովուրդին կողմէ կը նշուի մեծ բազմութեամբ: Սակայն հարկ կը զգանք անոր կապուած քանի մը երեւոյթներ յիշել ու բացատրել, որպէսզի կարենանք առողջ կերպով ճանչնալ եւ հասկնալ տօնին խորհուրդը:

Երբ Ծաղկազարդի պատմութեան նայինք, պիտի տեսնենք, որ Յիսուս Քրիստոս, նախքան չարչարանքի ենթարկուիլը, Երուսաղէմ կ’երթայ, եւ այնտեղ մարդիկ գովաբանական ու փառաբանական խօսքերով կը մեծարեն զԻնք: Ինչո՞ւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց: Յիսուս Քրիստոս Իր կեանքի ընթացքին ինչ որ կատարեց, նպատակով կատարեց, Անոր ո՛չ մէկ արարքը աննպատակ էր: Երբ Ելից 12.4-6 բանանք եւ կարդանք, այնտեղ պիտի տեսնենք, որ Աստուած հրամայած էր նիսան (մարտ-ապրիլ) ամսուան տասներորդ օրը իւրաքանչիւր անհատ անարատ եւ արու գառնուկ առնէ եւ զայն պահէ իր մօտ` մինչեւ այդ ամսուան տասնչորրորդ օրը եւ երեկոյեան զոհաբերէ զայն: Այս օրինակը ցոյց կու տայ, որ հրեաներ իրենց զատկական գառնուկը տօնակատարութենէն հինգ օր առաջ կը զոհաբերէին:

Այս դրուագը ի՞նչ առնչութիւն ունի Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին հետ: Նման վերեւ յիշուած հրէական աւանդութեան` Յիսուս Քրիստոս Երուսաղէմ մուտք գործեց իր խաչելութենէն միայն հինգ օրեր առաջ` ինքզինք զոհաբերելու որպէս զատկական նոր գառնուկ: Զանազան առիթներով հրեաներ կ’ուզէին զԻնք քարկոծել, բայց Քրիստոս միշտ ալ խոյս կու տար, որովհետեւ` «տակաւին ժամանակը հասած չէր»: Երբ ժամանակը իր լրումին հասաւ, Ինք Իր կամքով ուղղուեցաւ դէպի Երուսաղէմ` Հօր` Աստուծոյ կամքը կատարելու:

Երուսաղէմ յաղթական մուտքի ընթացքին Քրիստոս իշու վրայ նստաւ, որպէսզի իրականանայ Եսայի մարգարէին գիրքին մէջ գրուածը, թէ` «Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. ան հեզ է, նստած իշու մը` աւանակին վրայ» (Մտ 21.5): Աւետարանը նաեւ կը վկայէ, որ` «Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին»: Ծաղկազարդի առիթով մենք եւս պէտք է մեր վրայէն հանենք մեր հին հագուստները` մեղքի հագուստները եւ հագնինք Քրիստոսի հագուստը, որ արդարութեան եւ խաղաղութեան հագուստն է: Ինչո՞ւ Յիսուս աւանակի վրայ նստաւ: Աւանակը «խաղաղութեան» խորհրդանիշ է, ինչպէս շատ մը եկեղեցւոյ հայրեր կը վկայեն: Քրիստոս յիշեալ արարքով կարծէք ուզեց ցոյց տալ, թէ ի՛նքն է խաղաղութեան հայրը եւ խաղաղութիւն բաշխողը համայն աշխարհին: Երուսաղէմը այդ օրերուն եւս քաղաքական ու ընկերային ոչ անխաղաղ վիճակ ունէր: Բայց Քրիստոս ուզեց անոնց ցոյց տալ, որ Ինք եկած չէր սուրով յաղթանակ տանելու, այլ եկած էր սիրոյ, համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ ինքնազոհողութեան խորհուրդը հաստատելու մարդոց հոգիներուն մէջ: Ծաղկազարդի օրուան առիթով բոլորս կոչուած ենք Քրիստոսի խաղաղութիւնը բաշխելու ամէնուրեք, այս խռովայոյզ աշխարհին մէջ, որ պատերազմներով, ատելութեամբ, զրպարտութեամբ եւ այլազան անիրաւութիւններով լեցուն է: Եթէ հանդիպած չենք խաղաղութիւն բաշխող անհատի մը, ուրեմն ըլլանք առաջինը` հետեւելով Քրիստոսի օրինակին:

Ինչո՞ւ եկեղեցին ձիթենիներով կը զարդարենք: Ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձիթենին: Ձիթենին խաղաղութեան եւ հաշտութեան նշան է: Եկեղեցին ձիթենիներով զարդարել` կը նշանակէ, որ ան միակ վայրն է, ուր կրնանք խաղաղութեամբ զարդարուիլ եւ Աստուծոյ հետ հաշտութեան կնիք ունենալ: Եկեղեցին խաղաղութեան վայր է, որովհետեւ անոր գլուխը` Քրիստոս խաղաղութեան Արքան է:

Ծաղկազարդը Նախապատրաստութիւն Աւագ Շաբթուան

Սիրելի՛ ընթերցող, վերեւ յիշեցինք, թէ Քրիստոս ի՛նչ որ կատարէր, նպատակի մը համար կը կատարէր: Քրիստոս գնաց Երուսաղէմ Իր ժողովուրդին հետ ըլլալու համար: Աստուած-մարդ եւ մարդ-Աստուած իրարու հետ ըլլալու: Քրիստոս գիտէր, որ  Երուսաղէմ մուտքով պիտի սկսէր չարչարանքի շաբաթը, եւ խաղաղութիւն պարգեւող Հայրը պիտի դառնար Խաչեալ Փրկիչ` վասն մեղաց մերոց եւ վասն փրկութեան մերոյ:

Այսօր Ծաղկազարդը նախապատրաստումն է Աւագ շաբթուան: 2000 տարուան պատմութիւնը կը կրկնուի 2019 թուականին եւ պիտի կրկնուի մինչեւ Տիրոջ երկրորդ գալուստը: Շատ անգամ կը մոռնանք Ծաղկազարդի պատգամն ու անոր անհրաժեշտութիւնը` թափ տալով այլ նիւթական բաներու: Ծաղկազարդը իր բուն նպատակէն դուրս եկած է եւ դարձած` ցուցադրութեան օր: Կրնանք այս ցաւալի իրականութիւնը ընդունիլ կամ ոչ, բայց իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր: Ծաղկազարդի տօնակատարութեան ուրախ երեսը կը դիտենք` մոռնալով, որ անոր ետին կայ այլ երես մը, որ կը կոչուի խաչելութեան նախապատրաստութիւն: Դժբախտաբար, շատ անգամ մարդոց մտահոգութիւնը իրենց հագուստն ու արտաքինը կ’ըլլայ:Դժբախտաբար, անժամանակը լքած` ժամանակաւորը դարձուցած ենք կեանքի առանցք: Աննիւթականը լքած` նիւթականը վերածած ենք կեանքի նպատակ: Այն, ինչ որ 2000 տարի առաջ Քրիստոսի հետեւորդներուն համար վերջին տեղը կը գրաւէր, այսօր այդ բոլորը, դժբախտաբար, առաջնահերթութիւն դարձած են մեզի համար:

Ծաղկազարդի օրը հաւատքով մօտենանք եկեղեցւոյ: Մենք եւս հոգեպէս պատրաստուինք Աւագ շաբթուան: Ինչպէս որ Քրիստոս ինքզինք ուղղեց դէպի Երուսաղէմ,  մենք եւս մեր անձերը ուղղենք դէպի հոգեւոր Երուսաղէմ: Այսօր մեր զաւակները մեզ կը դիտեն եւ մեզմէ կը սորվին: Մեր կեանքով անոնց ցոյց տանք, որ եկեղեցին ցուցադրութեան վայր մը չէ, այլ միայն` աղօթքի եւ զԱստուած փառաբանելու վայր: Այս Ծաղկազարդին, եկէք, պատրաստակամութիւնը ունենանք նոր հագուստ հագուելու` Քրիստոսի հագուստը, արդարութեան, խաղաղութեան, անկեղծութեան, սիրոյ, ողորմութեան եւ ներողամտութեան հագուստը: Թող այս տօնին համեստութեան ու խաղաղասիրութեան խորհուրդը ներթափանցէ մեր հաւատքի կեանքէն ներս, որպէսզի կարենանք ճշմարիտ կերպով իր աւարտին հասցնել մեզի սահմանուած այս երկրաւոր ճանապարհորդութիւնը: Ունի՞նք բաւարար հաւատք, որպէսզի կարենանք ժամանակաւորին ու նիւթականին գերութենէն ձերբազատելով` այս անգին եւ անփոխարինելի հագուստը ունենալ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>