ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Եւ ի՜նչ մէկ: Մէկ մը, որուն կեանքը իր մէջ միաժամանակ ամբողջական ծառայութիւն ենթադրող նուիրում եղաւ: Նուիրում` եկեղեցւոյ եւ իր միաբանութեան ճամբով` ծառայութիւն ազգին, անոր իրերայաջորդ սերունդներու հոգեմտաւոր ու տոհմիկ դաստիարակութեան` իբրեւ մարդ, քրիստոնեայ եւ հայ, այնպէս, ինչպէս ուխտած էր ընել Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան սրբարար վեղարը հանդիսաւորապէս կրած օրէն, 1948-ական տարիներուն, եւ աւելի քան կէս դար անընդմէջ: Ծառայութիւն` լուսարձակներէ հեռու, խոնարհաբար եւ համեստօրէն, այնպէս, ինչպէս կ՛ուխտեն հայ քոյրերը:
Իբրեւ շարքային քոյր կամ 1993-էն սկսեալ աւելի քան տասնամեակ մը` իբրեւ միաբանութեան մեծաւոր Մայրան, եկեղեցանուէր, ազգանուէր, հայակերտումի, ծառայասիրական, կրթական, դաստիարակչական առաքելութեան նուիրեալ տիպարը եղաւ այնպէս, ինչպէս քոյրերը պատկերացուցած էր միաբանութեան հիմնադիր հայրը` կարդինալ Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեան:
Յանձինս մայր Արմինէ Մակարոսեանին` ունէինք այսպիսի վաստակաշատ նուիրեալ մը, որ իր հոգին Աստուծոյ յանձնեց կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, նօսրացնելով նուիրեալներու շարքերը այնպիսի պահու մը, երբ աւելի քան երբեք եկեղեցին եւ ազգը կարիքը ունին իր նմաններուն, որոնց անարատ սէրը հայ քոյրերու միաբանութեան կողմէ առաջադրուած եկեղեցանուէր, ազգանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութեան հանդէպ հանդիսացած է մղիչ ուժը իրենց անշահախնդիր գործունէութեան:
Կրօնական կեանքը ընդգրկելու կոչումը թերեւս բաւարար պիտի չըլլար, եթէ չըլլար զայն ամբողջացնող հոգեւոր եւ հայեցի կրթութիւնը, զոր Արմինէ Մակարոսեան ստացած էր հայկական միաբանութեան երէց քոյրերուն շունչին տակ ու անոնց վարժարաններուն մէջ, ուր կազմաւորուած է վաղ մանկութենէն: Հռոմի իտալական եւ ապա ֆրանսական կրթական բարձրագոյն ուսումնարանները նպաստած են ժրաջան մայրապետին մէջ զօրացնելու կրօնական, մարդկային եւ ազգային արժէքներու անփոխարինելիութեան գիտակցութիւնը, որոնցմով օժտուած են միաբանութեան անդամուհիները: Մայր Արմինէ Մակարոսեան այնուհետեւ իր հերթին ջանացած է իր կենդանի օրինակով այդ գիտակցութիւնը փոխանցել իրեն վստահուած սերունդներուն, որոնք այսօր պիտի գան խոնարհելու իր յիշատակին առջեւ: