Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

«Ես»-ի Ու «Միւս Ես»-ի Յարաբերութիւնը Գուրգէն Խանջեանի Վէպերուն Մէջ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Գուրգէն Խանջեան այսօր Հայաստանի արձակագիրներու եւ թատերագիրներու երէց սերունդին կը պատկանի, սակայն սփիւռքի մէջ կը մնայ յարաբերաբար անծանօթ անուն մը: Անշուշտ ասոր մէջ որոշ պատճառներ կան. նախ`  ան ուշադրութիւն սկսաւ գրաւել Խորհրդային Հայաստանի վերջին եւ նորանկախ Հայաստանի առաջին տարիներուն, երբ քաղաքական-տնտեսական-մշակութային համակարգը քայքայումի, նոյնիսկ փլուզումի մէջ էր. հայրենիքի մէջ հրատարակուած գործերը չէին հասներ արտասահման, առաւել` յարաբերաբար քիչ մը համարձակ սիրային պատկերներ, նկարագրութիւններ խորթ էին հայաստանեան ընթերցողին եւ աւանդական քննադատութեան: Նոյնիսկ ներկայիս սփիւռքի մէջ կարելի է իր գործերը  գտնել միայն Հայաստան կատարուած ճամբորդութիւններու ատեն ապահովուած, շահագրգիռ կարգ մը անձերու քով:

Արքեմնիկ Նիկողոսեանի խմբագրութեամբ, «Անտարես» հրատարակչութեան կողմէ այս տասնամեակին լոյս տեսած Գուրգէն Խանջեանէն երկու վէպեր` Ենոքի աչքը (2012) եւ առաջին հրատարակութենէն տասնամեակ մը ետք` Լուր չկայ(2016)*, անկախ` հայաստանի կենցաղային իրականութեան ներկայացումէն, իրենց գլխաւոր հերոսներու յարաբերութեան իմաստով հետաքրքրական հոգեբանական առնչութիւններ կը պեղեն, յատկապէս` ես-ի ու միւս ես-ի (ego/alter ego) կապերու իմաստով, ոչ սակայն` սոյն յղացքներու նեղ սահմաններուն մէջ:

«Լուր չկայ»-ի գլխաւոր անձնաւորութիւնը` գեղանկարիչ Սուրէն Գրիգորեանը, դատախազութեան քննիչին քով կը հրաւիրուի իր երբեմնի դասընկերոջ` Արշոյի (Արշաւիր Ղուլոյեանի) անձնասպանութեան հարցով: Սկիզբը ան չի ալ յիշեր, թէ ճշգրիտ ո՛ր Արշոյի մասին է խօսքը, քանի երկու դասընկեր ունեցած է նոյն անունով: Աւելի ուշ կ՛անդրադառնայ, որ խօսքը այն Արշոյին մասին է, որ Դանդ կեղծանունը ունէր իր դանդաղաշարժ, դանդալոշ ըլլալուն պատճառով: Դանդը անձնասպանութիւն գործած է մեղադրական նոթ մը ձգելով, ուր իր անձնասպանութեան պատճառը կը նկատէ Սուրէնը, եղբօրը կինը եւ իրենց թաղի գողական Մամոն: Ամբաստանութիւնն ու հարցաքննութեան հրաւիրուիլը, հակառակ անոր որ իսկական հարցաքննութիւն չէ կատարուածը, քաֆքայական անհեթեթ կացութեան մը կը մատնեն Սուրէնը:

Սուրէնին եւ Դանդ Արշոյին յարաբերութիւնը հետզհետէ երեւան պիտի գայ: Մինչ Սուրէնը սկիզբը հազիւ կը յիշէ Արշոն, որուն վեց-եօթը տարի առաջ հանդիպած է սրճարանի մը մէջ, այս վերջինին նախաձեռնութեամբ, իր կեանքին մէջ համարեա՛ ոչինչ իրագործած Արշոն կարծէք մակաբոյծ մըն է, որ ձգտած է ապրիլ  Սուրէնի կեանքով` անոր ազատութեամբ, սիրային կեանքի յաջողութիւններով, կենցաղով եւ այլն:

Սուրէնը նաեւ կը ներկայացնէ միջին տարիքի մօտեցող, երեւանեան հիփփիներու այն փոքր խմբակը, որ անընդունելի կամ արտասովոր նորութին էր խորհրդային օրերուն: Հոս նաեւ որոշ գաղափար կ’ունենանք անոնց կենսաձեւին մասին` երկար ծամերուն (Սուրէն տակաւին կապուած կը պահէ մազերը), ճինզ հագուելու եւ Պիթըլզ ունկնդրելու նախընտրութեան, անոնց հանդիպման վայրերուն, թմրեցուցիչի գործածութեան եւ այլն: Անշուշտ իրենց գլխաւոր արարքը կամ հերոսութիւնը Երեւանի մէջ Պրեժնեւի մեծ լուսանկարին վրայ գաղտագողի ներկ թափելն է. պետութիւնը յաջորդ օրն իսկ փոխարինած է լուսանկարը եւ` հսկողութիւնը աւելցուցած: Իսկ վէպի գործողութիւններուն, այսինքն` անկախութեան ժամանակաշրջանին, խումբի անդամներէն մէկը մեռած է, միւսը` Ամերիկա ճամբորդած, իսկ խումբէն Սուրէնին հետ միակ մնացած անդամը Սառան է, որուն հետ եթէ սիրային կապը անցեալին աշխուժ էր, հիմա նոյնը չէ, տարիքի հետ վերածուած է ընկերային յարաբերութեան: Սառան յաճախ իր նոր ծանօթները կը բերէ` Սուրէնէն նկարչական պաստառ մը գնելու:

Սուրէնին համար իր ազատութիւնը առաջնահերթ է եւ այս պատճառով չ՛ուզեր անձնական  կապով առնչուած ըլլալ ոեւէ մէկուն կամ որեւէ բանի. թերեւս հոս է նաեւ իր հմայքը` իր անմիջական շրջապատին համար: Նոյնիսկ գեղանկարչութիւնը զբաղմունք կամ ապրուստ ապահովելու ձեւ է իրեն համար: Ան տեղ մը պիտի ինքնիրեն խոստովանի. «Ես ի՞նչ նկարիչ, ես նկարիչ չեմ` այդ բառին իսկական, ամբողջ իմաստով: Ոչ այն պատճառով, թէ զուրկ եմ նկարչական տաղանդից, ո՛չ, պարզապէս չնուիրուեցի, չուզեցի նուիրուել, ոչ էլ ծուլութեան խնդիր է, սկզբունքի խնդիր է` ազատութիւն փնտռող մարդը չի կարող կոնկրետ զբաղմունքի տէր լինել, այսինքն` գերի: Հարց է ծագում` ինչո՞ւ եմ նկարում… Դեհ, զբաղւում եմ, էլի, զբաղմունքներից վատագոյնը չէ, նաեւ կերակրում է քչից-շատից» (էջ 25): Սուրէնին համար նման ստանձնում մը յանձնառութիւն է, նաեւ` ստրկացումի մէկ տեսակ, որովհետեւ յաջողութիւններ նուաճելու համար գերին պիտի դառնայ այդ աշխատանքին:

Ան աստիճանաբար կ՛անդրադառնայ, որ Արշոյի կապը իրեն հետ շատ աւելի խոր է, քան ինք կը կարծէ: Սառան կը յիշէ զայն տեսած ըլլալ, անշուշտ` շատ տարիներ առաջ, երբ անգամ մը ինք ու Սուրէնը կը սիրաբանէին, իսկ Արշոն անդին գիջութիւն կ՛ընէր զիրենք դիտելով, եւ Սուրէնը չանդրադարձած փախուստ տուած է: Արշոն է նաեւ, որ Սուրէնին մէկ ինքնանկարը գնած եւ հետեւած է ընկերոջ կեանքի բոլոր փուլերուն: Դէպքերու ամբողջ շարք մը Սուրէնը կը նետէ Արշոյին իսկ ստեղծած ցանցին մէջ… Առաջինը` երբ Սուրէնը կ՛երթայ Արշոյի եղբօր կինը տեսնելու, հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ երբեմնի դասընկերը գլխաւորաբար զինք ու այդ կինը` Փառանձեմը մեղադրած է իր անձնասպանութեան համար: Շուտով երեւան կու գայ, որ Փառանձեմին ամուսինը Յունաստան գացած է աշխատելու, իսկ Արշոն միշտ ալ ցանկութիւն ունեցած է եղբօրը կնոջ հանդէպ, սակայն ոչ մէկ քայլ առած է այդ ուղղութեամբ, իսկ Փառանձեմը որոշ չափով արհամարհանքով նայած է Դանդին` զայն նոյնիսկ տղամարդու տեղ չդնելով: Աւելի ուշ Փառանձեմը Արշոյի փիթպուլ շունը կը բերէ Սուրէնին, շան ամանով, վզակապով, որ նոյն կապն է, որով Արշաւիրը կախած է ինքզինք: Սիրային յարաբերութիւն մը կը սկսի Սուրէնին եւ Փառանձեմին միջեւ, որ խորքին մէջ ֆիզիքական բնոյթ ունի:Հետաքրքրականը այն է, որ կինը յարաբերութեան աւարտին յանկարծ կը ցնցուի եւ նայելով պատշգամի պատուհանին կողմը` այն տպաւորութիւնը կ՛ունենայ, որ կարծես մէկը իրենց կը հետեւի. ապա կ՛աւելցնէ. «Գիտե՞ս ինչ եմ կարծում. կարող ա՞ ինքը գուշակել էր, որ մեր մէջ բան է լինելու, դրա համար էլ երկուսիս անունները գրել ա իրա նամակում» իսկ Սուրէնին պատասխանը կ՛ըլլայ. «Իսկ ես կարծում եմ` ոչ թէ գուշակել ա, այլ կազմակերպել» (էջ 117): Այսինքն, ինչ որ Արշաւիրը ուզած է կատարել Փառանձեմին հետ, իր յաջողած միւս եսին` Սուրէնին միջոցով կ՛իրականացնէ… Սուրէնը կ’անդրադառնայ, որ աստիճանաբար իր իսկ անտեսած Արշաւիրին խաղին մէջ ինկած է. անկախ Փառանձեմին հետ կապէն` կը սկսի անոր շունը օրական պտտցնել, անոր կեանքով աւելի հետաքրքրուիլ, դասընկերոջ մէկ ծանօթին` Մուկուչի մօտ կը գտնէ թուղթերու ծրար մը, որուն մէջ լուսանկարներ կան, մէկ քանին` պատռտուած, որոնց մէջ մէկ կտորը հաւանաբար Սառային երիտասարդութեան լուսանկարէն է, եւ նոյնիսկ Սուրէնէն գրութիւն մը կայ, որ ինք չէ տուած անոր, առաւել` պահարանին վրայ կարմիրով գրուած է. «Սիրով Ս-ին»: Սակայն ամէնէն խօսուն բաժինը այս յարաբերութեան կը տեսնենք Սուրէնէն գնած ինքնադիմանկարին մէջ, որ կարծես ժամանակի ընթացքին նոյնիսկ փոխուած կը թուի: Երբ Սուրէն առաջին անգամ կ՛երթայ տեսնելու Փառոն, պատին տակաւին կախուած է պաստառը, եւ կինը իրեն կ՛ըսէ. «Արշոն սիրում էր, մի անգամ ասեց` էս Սուրէնը իբր իրան ա նկարել, բայց աւելի շատ ոնց որ ես ըլնեմ» (էջ 69):

Ուրիշ լուսանկար մը, իր խումբի անդամներուն հետ, Սուրէնի հիփփիական օրերէն մնացած, զինք ետ` անցեալ կը նետէ, երբ իր շարժանիւով` մոտոցիկլետով կը շրջէր, եւ զինք կը մղէ այս կացութենէն դուրս գալու: Խենթ գիշերուան մը ընթացքին, երբ ան մինչեւ գերեզմանատուն կը հասնի, ուր Արշաւիրին ձգած թուղթերը, ինքնադիմանկարը, որ Փառանձեմ վերադարձուցած էր իրեն, եւ շան կապը կ՛այրէ, հոն թաղուած ընկերոջ հետ կը զրուցէ, զինք հալածող շուներուն վրայ կը կրակէ եւայլն, կը փորձէ ձերբազատիլ այս կապերէն կամ թակարդէն, որ Արշոն ստեղծած էր իրեն համար եւ տակաւ` յաճախանքի վերածուած… Վէպի աւարտին կը տեսնենք, որ իր դրացիին գնել առաջարկած շարժանիւը կը նստի եւ զայն կը վարէ Երեւանի փողոցներուն մէջ: Իսկապէս կարելի՞ է քսան տարի ետք անցեալի կենցաղին վերադառնալ, միջին, երբ նոյնիսկ Սառան յոգնած է այդ կենցաղէն ու առանձին սկսիլ, նորովի… Թերեւս ելքը կարեւոր չէ, կարեւորը Արշոյէն` միւս եսէն ձերբազատիլն է կարելի եղած չափով, անոր, որ միշտ ալ նախանձած է Սուրէնին կենցաղին, սակայն զինք նետած է այդ անհեթեթ կացութեան մէջ:

«Լուր չկայ»-ն կրնար նաեւ «Ենոքի աչքը» հատորին խորագիրը ըլլալ, որովհետեւ վէպի հանգոյցը ջութակահար Ջիւանի անհետացումն է, որ Մոսկուա կամ Ռուսիոյ մէջ կ՛աշխատի, եւ որմէ լուր չկայ: Անոր կինը տեղեակ պահած է տղան` Գոռը, իր մտահոգութիւնը հօրը լռութեան գծով, եւ ան գնացքով Ռուսաստանէն կը վերադառնայ: Անշուշտ ապրուստ շահելու համար Հայաստանէն դուրս աշխատող հայերու երեւոյթը նորութիւն չէ մեզի համար, սակայն այս պարագային, մինչ Ջիւանը ընդհանրապէս դուրսը մնալով` այլ կիներու հետ ապրած է եւ իր պարտականութիւնը կատարած կը զգայ կանոնաւոր կերպով կնոջը դրամ ղրկելով, Գոռը այնտեղ կ՛երթայ պարզապէս աշխատելու եւ հաւատարիմ է իր կնոջ` Ումային:

Գուրգէն Խանջեան մէկ առ մէկ կը ներկայացնէ իր գլխաւոր անձաւորութիւնները եւ նշաններ կը ձգէ, որոնց կարեւորութեան պիտի անդրադառնանք գործի վերջաւորութեան: Վէպի երկրորդ գլուխին մէջ կը ճանչնանք Գրոֆոն, որ նոր վերադարձած է Մոսկուայէն եւ Ջիւանի պատահական հանդիպումներէն մէկուն ծնունդն է, այսինքն` անոր անօրինական զաւակը եւ Գոռի հօրենական կապով եղբայրը: Գրոֆոն թիֆլիսեցի է եւ առաջին իսկ պահէն երեւան կու գայ իր պատեհապաշտ, բարոյական արժէքները անտեսող կամ անոնցմէ դուրս ըլլալու նկարագիրը: Հակապետական ցոյցի մը ընթացքին ցուցարարներուն հետ կը քալէ այնպէս, կարծես անոնց առաջնորդներէն մէկն է, կը քաջալերէ զանոնք, կը խօսի իրաւունքներէ եւ սկզբունքներէ, իսկ հազիւ հեռացած անոնցմէ` կը մօտենայ ոստիկաններուն եւ խօսի ցուցարարներուն դէմ…

Երրորդ գլխուն մէջ կը հանդիպինք շուներու արիւնոտ կռուի մը. Խալ-Ասլանի, որ Գոռի գողցուած գամփռն է եւ փիթպուլի մը միջեւ, որ կ՛աւարտի Խալի դժուար յաղթանակով: Սակայն կռիւէն ետք Խալը այլեւս չի լսեր տէրը եւ փախուստ կու տայ` վերադառնալով իր իսկական տիրոջ: Հետաքրքրականօրէն նման շուներու կռուի մը կը հանդիպինք նաեւ «Լուր չկայ»-ին մէջ, ուր Արշաւիրի փիթպուլը Սուրէնը կը կռուեցնէ այլ գամփռի մը դէմ: Թերեւս այս ալ հայաստանեան կեանքի մէկ ընդհանրացած երեւոյթն է: Ուրիշ նմանութիւն մըն ալ տիպարներու միջեւ այն է, որ Գոռը եւս ինքնիրեն համար գեղանկարչութեամբ կը զբաղի:

Երկու եղբայր գրեթէ միաժամանակ կը հասնին Երեւան: Գրոֆոն, որ մասնաւոր մասնագիտութիւն կամ աշխատանք չունի, կը ներկայացնէ ինքզինք իբրեւ Ջիւանի որդին եւ միականի Ենոքին կը բացատրէ, որ ինք եկած է  պարզապէս իր ընտանիքի միւս ճիւղին հետ ծանօթանալու եւ ոչ մէկ նիւթական կամ այլ ակնկալութիւն ունի: Ենոքը Գոռի մօրենական մեծ հայրն է, որուն կը պատկանի այդ տունն ու կալուածը, ուր կը բնակի իր աղջիկը: Ծերունի Ենոքը կ՛առաջարկէ Գրոֆոյին այդ քանի մը օրը իր սենեակը մնալ:

Անմիջապէս երեւան կու գայ երկու եղբայրներու նկարագրային տարբերութիւնը: Մինչ Գոռը լուրջ, իր ընտանիքի ու շրջապատի հարցերով մտահոգուող պատասխանատու, վստահելի անձ մըն է, որ առաւօտները բակին մէջ մարզանք կ՛ընէ եւ կամաւոր կերպով մասնակցած է ղարաբաղեան կռիւներուն, Գրոֆոն «հում կաւի պէս յարմարող է» (էջ 71) կացութիւններուն, Ենոքի եւ անոր ընկերոջ հետ նարտ խաղցած ատեն զառ կը բռնէ, երբ Գոռը կ՛արտօնէ Խալը պտտցնել, յիսուն տոլարով գրաւի կու գայ փիթպուլի տիրոջ հետ շուները կռուեցնելու: Իսկ աւելի ուշ, երբ Ենոքի մէկ ապակի աչքը քովն է (Ենոքը երկու հատ ունի), բախտախաղի սրահ մը կը մտնէ շնամարտէն շահած դրամով բախտը փորձելու… բարեբախտաբար կը շահի:

Խանջեան, Ջիւանի կնոջմէ զատ, երկու կին կերպարներ կը մտցնէ վէպին մէջ: Մէկը Գոռին կինն է` Ուման, որ երբեք ալ չէ շաղուած իր հայ շրջանակին հետ եւ կը կարծէ, թէ ոգիներ կամ այլ մոլորակայիններ կան տան մէջ, միւսը Ենոքի տան դրացիին աղջիկը` Նարէն է, որ սիրահարած է Գոռին:

Գրոֆոն այս բոլորին մէջ աշխուժացնողի, դէպքերը շարժումի դնելու, քաթալիստի  դեր կը խաղայ նաեւ: Ան է, որ կ՛ըսէ Գոռին մօրը` տիկին Արուսին, թէ ինչո՛ւ ինքզինք անխնամ ձգած է, կամ կը փորձէ իր հօրեղբօր` Խորէնի եւ տիկին Արուսի միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն յառաջացնել: Ինք նաեւ Ենոքը կը կրկնէ, թէ ինչո՛ւ կը չարչարուիս, մեռիր` մղելով զայն, որ հաշտուի մահուան հետ … Ինք նաեւ կը մղէ Գոռը, որ Նարէն մինչեւ Տաւուշի մարզ հասցնէ, որ պատճառ կը դառնայ այս երկուքի սիրաբանութեան: Առաւել, բարոյականօրէն անընդունելի երես մըն ալ կը գտնենք իր մօտ: Ընտանեկան հանդիպումին Գրոֆոն երկու անգամ ծունկերը կը դպցնէ Ումային, իսկ Գոռը Նարէին հետ մինչեւ գիւղ ղրկելէ ետք, փունջ մը ծաղիկով կ՛երթայ Ումայի այցելութեան, եւ սուրճը անոր ոտքին թափելէ ետք, խմիչքն առած, կնոջ վախերը օգտագործելով, անոր հետ կը մտնէ պահարան` իբր թէ այդ ոգիները հալածելու: Վերջին պահուն հեռաձայնին զանգը կը մղէ Ուման հոնկէ դուրս գալու: Գոռը գիւղէն վերադառնալով` կինը կը գտնէ իր սովորական յաճախանքներով պահարանին մէջ եւ զայն դուրս քաշելով`  պահարանը կը ջարդէ: Ենոքի թաղումէն ետք Գոռը տուն դառնալով` կը տեսնէ, որ նամակ մը ձգելով` Ուման մեկնած է: Ան կը կարծէ, որ հաւատարիմ պէտք էր մնար իր առաջին սիրածին, որ մեռած է: Ուման կը գրէ, որ վարը` աստիճաններուն վրայ միշտ գրուած է «Ա + Ու յաւերժ», ինք միշտ ջնջած է, բայց յաջորդ օրը` դարձեալ արձանագրուած, եւ Գոռը կ՛անդրադառնայ, որ կաւիճով գրողը նոյնինքն Ուման է, որ անգիտակցաբար կը կատարէր այդ գործողութիւնը եւ այլ աշխարհի մը մէջ ինկած էր:

Երկրորդ նամակը Գրոֆոյէն է, որ կը պարզէ ամէն ինչ:Երեւան չեկած ան, մօրը թուղթերէն գիտնալով, թէ ով է հայրը, Ռուսիա գացած է` հանդիպելու անոր: Հոն բաւական յստակ պատկերացում կ՛ունենանք Ջիւանի մասին: Ուշ երեկոյեան, երբ Ջիւանն ու Գրոֆոն բաւական խմած դուրս կու գան այն սրճարանէն, ուր հայրը կը նուագէր, Գրոֆոն կը հարցնէ, թէ կրնա՞յ գիշերել հօրը տունը, Ջիւանը կը մերժէ եւ փոխարէն 500 ռուբլի կը դնէ գրպանը, որ հիւրանոց մը մնայ: Կը սկսին զիրար քաշքշել ու հրմշտկել եւ Ջիւանը գետը իյնալով` կը խեղդուի: Փաստօրէն այն բոլոր իրարանցումին մէջ, երբ ամէն մարդ Ջիւանի անհետացումով մտահոգ էր,  Գրոֆոն գիտէր եղելութիւնը: Թերեւս այս է պատճառներէն մէկը, որ կը քաջալերէր տիկին Արուսի եւ Ջիւանի եղբօր փոխադարձ համակրանքը:

Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Գրոֆոն բաւական բարդ տիպար է, նոյնիսկ եթէ իր որոշ արարքները համոզիչ չեն թուիր: Տեսանք իր բարոյական կեցուածքները, սակայն նոյն ատեն բաւական լայն զարգացում ունի, ծանօթութիւններ` գրականութենէն եւ նկարչութենէն, կը սիրէ հեղինակաւոր կարծիքներ յայտնել, եւ մանաւանդ, ինքն է, որ Ենոքի ապակեայ աչքը կէս-կատակ ու կէս-լուրջ իր աչքին անցնելով` առարկայական ձեւով կը դիտէ իրականութիւնները: Եւ հետաքրքրականօրէն, որքան ալ անօրինական զաւակն է Ջիւանին եւ յաճախ ընդունուած օրէնքներէն դուրս կը վերաբերի մարդոց ու աշխարհին, ձեւով մը միւս երեսը կը ներկայացնէ օրինական Գոռին եւ նոյնիսկ յստակ ազդեցութիւն կ՛ունենայ անոր վրայ: Փաստօրէն Գոռը զայն ընդունած է իբրեւ իր հարազատ եղբայրը: Առաւել, Գոռը ուրիշ ձեւի Սուրէն մըն է, որ կը փախչի ընկերային պատասխանատուութիւններէ, եւ որուն համար անձնական ազատութիւնը առաջնահերթ է:

Այսպէս, Խանջեանի սոյն երկու վէպերուն մէջ, Սուրէն-Արշաւիր եւ Գոռ-Գրոֆօ իրարմէ հեռացող նոյն ատեն իրարու ձգտող, իրարու վրայ ազդող եւ երբեմն զիրար ամբողջացնող հետաքրքրական կերպարներ են, որոնք շահեկան հոգեբանական ու ընկերային յարաբերութիւններ կը ներկայացնեն:

 

Հետագայ բոլոր մէջբերումները սոյն հրատարակութիւններէն են:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13227

Trending Articles