Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Դպրոցի Մը Պատմութիւնը (3)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Յաջորդաբար, 14 տարիէ ի վեր «տուն» դպրոցին մէջ կ՛աճի աշակերտութեան թիւը, եւ բնականաբար նաեւ` ուսուցչական կազմը:

«Տուն-դպրոց»-ը դարձած էր հարիւրաւոր հայ պատանիներու եւ պարմանուհիներու երկրորդական տուն մը :

Առաջին տարիներուն դպրոցը կ՛ընդունէր միայն երկրորդական կարգի աշակերտներ (9-էն 12-րդ):

1969-ին խնամակալ մարմինը դպրոցի հիւսիսային կողմը գտնուող հսկայ հողաշերտը կը գնէ 58.000 տոլարի: Յաջորդաբար 1970-ին եւ 1973-ին կը գնեն նաեւ  կողքի երկու տուները եւ այս բոլորը`  Ֆերահեան ամոլին կտակով:

Դպրոցի հիմնադրութենէն 10 տարի ետք, 1974-ին տեղի կ՛ունենայ կառուցուելիք համալիրի 4 թեւերէն առաջինին հիմնարկէքը:

Կ՛որոշուի յաջորդաբար կառուցել համալիրին մնացեալ 4 թեւերը: Կը ստիպուին դրամատունէն մեծ գումարներ փոխ առնել` կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջացնելու համար համալիրին կառուցումը:

Դրամատուներէ փոխ առնուած գումարներու կողքին, կը գոյանան մեծագումար նուիրատուութիւններ, որոնցմէ կարելի է յիշել Գէորգ Աւետիսեանին անունը` 100.000 տոլար: Համալիրի հսկայ մարզասրահը իր անունով կը կոչուի «Աւետիսեան» սրահ:

Քաջալերուած, մեծ թիւով ազգայիններու նուիրատուութիւններու շնորհիւ, 1987-ին «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ համալիրի պարտամուրհակի հրկիզումը:

***

Վրայ հասան Միջին Արեւելքի դաժան տարիները: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, որուն, քանի մը տարի տարբերութեամբ, յաջորդեցին Իրան-Իրաք պատերազմը, Իրաքի տէրին տապալումը, Իրանի յեղափոխութիւնը, իսկ աւելի ուշ` Սուրիոյ դաժան տարիները:

Այս բոլորը պատճառ դարձան,  որ մեծ թիւով հայեր գաղթեն Ամերիկայի այս հեռաւոր ափերը, մեծամասնութեամբ` Լոս Անճելըս: Ասոնց աւելցաւ մայր հայրենիքէն արտագաղթող բազմահազար հայերու թիւը:

Հիմնադրութենէն 14 տարի ետք, 1978-ի աշնան, միեւնոյն համալիրին մէջ, հիմը կը դրուի Սրբոց Նահատակաց նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին:

Ֆերահեան վարժարանը սկսած էր նեղ գալ: Նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի հիմնուելէն 10 տարի ետք, Էնսինոյի համալիրէն ո՛չ շատ հեռու, Նորթ Հիլզի շրջանին մէջ կը գնուի նոր դպրոցին համալիրը եւ, այսպիսով, դպրոցը կ՛ունենայ երկու համալիր:

Նորթ Հիլզ համալիրի մուտքը

Նորթ Հիլզի համալիրին մէջ կը գտնուին մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բաժինները, որուն աւելի ուշ կ՛աւելնայ «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրը:

1990-ին Ֆերահեան վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճեճիկեան, 26 տարիներու դժուար պայմաններու մէջ դպրոցը կայուն վիճակի հասցնելէ  ետք, կը հրաժարի դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնէն, սակայն ներկայ կը գտնուի ամավերջի հանդէսներու եւ մեծ կամ փոքր դպրոցական ձեռնարկներու:

Յաջորդաբար տնօրէն նշանակուած են հետեւեալ նուիրեալ հայորդիները`

1990-1993` Վարդգէս Ղազարեան, փոխտնօրէն` Լեւոն Գասպարեան,
1993-էն 1997` Լեւոն Գասպարեան, փոխտնօրէն` Փոլ Մուրատեան,
1997-էն 2001` դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան, փոխտնօրէն` Վարդգէս Նալպանտեան, 2001-էն 2015` Ժան Գոսագեան, փոխտնօրէն` Վարդգէս Նալպանտեան,
2016-էն մինչեւ օրս` Սօսի Շանլեան` երկրորդականի տնօրէն, փոխտնօրէն` Վարդգէս Նալպանտեան, իսկ Ժան Գոսագեան կը ստանձնէ Նորթ Հիլզ համալիրի, նախակրթարանի տնօրէնի պաշտօնը:

***

Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանի մեծ ու փոքր բարերար-նուիրատուները բազմաթիւ են, եւ կարելի չէ յիշել բոլորին անունները, սակայն պարտք կը զգամ յիշելու գէթ քանի մը հատին անունը,

Ֆերահեանի Երկրորդականի շէնքը

Առաջին եւ մեծագոյն նուիրատուն եղած է Մաթէոս Ֆերահեանը, որուն անունով կը յիշուի դպրոցը:

Իրանահայ Գէորգ Աւետիսեանը, որուն անունով կը կոչուի դպրոցի հսկայ մարզասրահը` «Աւետիսեան» սրահ:

Ֆրեզնոյէն` Ճան Կարապետեան: Իր անունով կը յիշուի դպրոցին գրադարանը:

Արշակ Տիգրանեան, որուն անունով կը յիշուի դպրոցի համեմատաբար աւելի փոքր` «Տիգրանեան» սրահը:

Նորթ Հիլզ համալիրին մէջ գործող նախակրթարանը եւ մանկամսուրը կը կոչուին իրենց բարերարներուն անուններով` «Մարի Գապայեան» նախակրթարան,եւ ՀՕՄ-ի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուր:

2001-2002 տարեշրջանին  Ֆերահեան վարժարանի առաջին տուն-դպրոցին շէնքը փոխարինուեցաւ արդիական նոր կառոյցով մը: Այդ շէնքին մէջ փոխադրուեցան դպրոցին տնօրէնութիւնը, եկեղեցւոյ վարչական եւ գաղութի զանազան կազմակերպութիւններու գրասենեակները:

Բարերարին անունով կոչուեցաւ «Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան» (Karaghossian) շէնք:

Էնսինոյի համալիրը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիով եւ «Ֆերահեան» վարժարանով

Էնսինոյի համալիրը, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիով, Ֆերահեան երկրորդական վարժարանով, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեամբ, ՀՕՄ-ի Անահիտ մասնաճիւղով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղով եւ իր հովանիին տակ գտնուող «Նայիրի» պարախումբով, ՀՄԸՄ-ի «Մասիս»եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Սարդարապատ» մասնաճիւղերով դարձած է կատարեալ «մեղուի փեթակ» մը:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը աննկարագրելի եռուզեռ մը կը տիրէ` միութենական ժողովներով, մարզական խաղերով եւ տարբեր տեսակի մշակութային ձեռնարկներով, իսկ եկեղեցւոյ շրջափակը Ս. Ծնունդի, Ծաղկազարդի կամ Զատկուան տօներուն խուռներամ բազմութեամբ այնքա՜ն կը յիշեցնէ Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակը:

Վստահաբար լոսանճելըսաբնակ թուրքերը նկատած են այդ նախանձելի եռուզեռը: Ինչպէ՞ս կրնային հանդուրժել Ամերիկայի մէջ կերտուած փոքրիկ «Հայաստան» մը:

Էնսինոյի «Ֆերահեան» եւ ՀԲԸՄ-ի «Մարի Մանուկեան» համալիրներու պատերուն վրայ թրքական դրօշակներ զետեղելով` վրէժ լուծելու խաբկանքը ունեցան, առանց անդրադառնալու, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ քարոզչութիւն մըն էր իրենց նենգ արարքը:

Ամբողջ շաբաթ մը ամերիկեան հեռատեսիլի տարբեր կայաններէ եւ մամուլէն թուրքերու կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ, նաեւ` հայերու մէջ միասնակամութիւն ստեղծեց, ապրիլ 24-ի տօնակատարութիւններուն նման:

***

Երկար տարիներ ամերիկահայերը նիւթապէս օգտակար հանդիսացած էին Միջին Արեւելքի հայերուն` կառուցելու եկեղեցի եւ դպրոց: Շատեր  այդ ազնուասիրտ հայերը «կթան կով» կ՛անուանէին:

Լեւոն Շանթ եւ Սիմոն Վրացեան, երբ հանգանակութեան համար կ՛այցելեն Ամերիկա, տեսնելով ամերիկահայերու կտրտուած հայերէնը` Լեւոն Շանթ կ՛ըսէ.

– Մենք Ամերիկայէն օգնութիւն խնդրելու եկած ենք, մինչդեռ Ամերիկա՛ն մեր օգնութեան կարիքը ունի: Յաջորդող սերունդները պիտի կորսուին: Ամերիկայի մէջ եւս Ճեմարաններ պէտք է բանանք:

Միացեալ Նահանգներ իրենց հանգանակած գումարներով է, որ կերտեցին Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, սակայն Լեւոն Շանթ չկրցաւ իրականացնել Ամերիկայի մէջ Ճեմարաններ բանալու իր երազը: Տարիներ ետք, Գաբրիէլ Ինճեճիկեան, որ շատ հաւանաբար տեղեակ իսկ չէր Ամերիկայի մէջ հայկական դպրոց հիմնելու Շանթի գաղափարէն, իրականացուց մեծ նուիրեալ Լեւոն Շանթի երազը: Ճեմարանի փոխարէն` հիմնեց «Ֆերահեան» ամէնօրեայ վարժարանը:

Ի՞նչ տարբերութիւն` դպրոցը Ճեմարա՞ն կը կոչուի,  թէ՞ «Ֆերահեան»: Կարեւորը Շանթի երազը իրականացած է:

Մէկական առաքեալներ էին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Սիմոն Վրացեան:

Առաքեա՛լ մըն է նաեւ Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը, որուն աննկուն կամքին արդիւնքն է Ամերիկայի ամէնօրեայ առաջին հայկական դպրոցը:

«Ֆերահեան» վարժարանը յոյս ներշնչեց եւ փաստեց, որ Ամերիկայի մէջ անկարելի չէ հայ դպրոցներ կառուցելը:

Խանդավառուած` տարբեր համայնքի հայեր հիմնեցին իրենց վարժարանները:

25 տարի` 25 հայկական վարժարաններ:

Յիշենք քանի մը հատին անունը:

– Ազգային վարժարաններ`

Ֆերահեան, Մեսրոպեան, Ալեք Փիլիպոս, Վահան եւ ԱՆուշ Շամլեան, Գռուզեան-Զաքարեան (Սան Ֆրանսիսքօ), Արի Կիրակոս Մինասեան (Սանթա Անա):

– Հայ աւետարանական Մերտինեան վարժարան:

– Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւն`

Արշակ Տիգրանեան, Մարի Մանուկեան, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան:

– Հայ կաթողիկէ`

Հայ քոյրերու վարժարան, Մխիթարեան (այժմ փակուած):

Այս ցանկին կարելի է աւելցնել ՀՕՄ-ի տասնեակ մը շաբաթօրեայ վարժարանները`բոլոր այն աշակերտներուն համար, որոնք զանազան պատճառներով կարելիութիւնը չունին ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ յաճախելու:

Շարքը երկար է, եւ այս մէկը Ամերիկայի հայկական վարժարաններու լրիւ ցանկը չէ:

Կարգ մը դպրոցներու մէջ մեր մայրենին կը դասաւանդուի արեւելահայերէն, իսկ ուրիշ դպրոցներու մէջ` արեւմտահայերէն: Գոյութիւն ունին նաեւ վարժարաններ, ուր կը դասաւանդուին երկուքը: Արեւելահայ աշակերտներուն կը դասաւանդուի արեւելահայերէնով, իսկ  արեւմտահայ աշակերտներուն` արեւմտահայերէնով:

Հայկական վարժարանները մեծամասնութեամբ միեւնոյն ծրագիրը որդեգրած են:

Նախակրթարանի 5-րդ դասարանի աշակերտները ամէն տարի կ՛այցելեն Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթօ:

Միջնակարգ վարժարանի աւարտական 8-րդ դասարանի աշակերտները կը մեկնին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք` Ուաշինկթըն Տի.Սի` ծանօթանալու Ամերիկայի պատմութեան եւ այցելելու պետական պատմական վայրեր, ինչպէս նաեւ` Սպիտակ տուն, ընկերակցութեամբ իրենց ամերիկեան պատմութեան ուսուցչին, նաեւ` քանի մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու:

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, երկու շաբթուան համար, երկրորդականի 11-րդ  դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիները, ընկերակցութեամբ քանի մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, կը մեկնին Հայաստան եւ Արցախ` ծանօթանալու իրենց հայրենիքին:

***

Գաբրիէլ Ինճեճիկեանին համար «Ֆերահեան» վարժարանը բազմանդամ ընտանիք մըն է, որուն աշակերտները իր հոգեհարազատ զաւակներն են:

Իր կողակիցին հետ ներկայ կը գտնուին «Ֆերահեան»-էն շրջանաւարտներու ամուսնութիւններուն: Գերերջանիկ է նոր ընտանիք կազմող իր «սանուկներով», մանաւանդ երբ անոնք կը կազմեն հա՛յ ընտանիքներ:

Դժբախտաբար, վերջերս, իր առողջական վիճակը չի ներեր ներկայ գտնուելու մինչեւ իսկ գեղարուեստական եւ մշակութային ձեռնարկներու:

Ինճեճիկեան  իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ լեզուի պահպանման սուրբ գործին: Ոսկետառ գիրերով իր անունը պիտի յիշուի սերունդէ սերունդ, Ամերիկայի հայ  դպրոցի պատմութեան մէջ:

Շատ հաւանաբար, տարիներ ետք, Միջին Արեւելքէն տասնեակ հազարաւոր հայերու գաղթը` դէպի այս հեռաւոր ափերը, մտածել պիտի տար հիմնելու հայկական վարժարաններ, սակայն մինչեւ այդ թուականը, նուազագոյնը երկու սերունդ անծանօթ իրենց մայրենիին` պիտի նետուէին ձուլումի գիրկը: Հայ գիրերուն անծանօթ  երիտասարդին համար շատ բնական երեւոյթ պիտի ըլլար օտար ամուսնութիւնը, եւ կէս-կատար մայրենիին ծանօթ հայերուն յաջորդող սերունդը, պիտի ըլլար անգլիախօս:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ ամէն առաւօտ օրը կը սկսէինք «Առաւօտ լուսոյ»-ով կամ «Հայր Մեր»-ով:

«Ֆերահեան»-ի մէջ օրը կը սկսի հայ մնալու խոստումով:

«Հայ եմ ես, իմ հայրենիքս կը կոչուի Հայաստան…»:

Ճեմարանի մէջ այդ խոստումին կարիքը չունէինք: Այդ մէկը լռելեայն հասկնալի էր: Ձուլումի մտահոգութիւն գոյութիւն չունի Միջին Արեւելքի հայահոծ քաղաքներուն մէջ:

Երախտապարտ եմ ծնողքիս, որ, հակառակ իրենց նիւթական դժուար պայմաններուն, քոյրս եւ զիս, ուղարկած են Ճեմարան:

Երախտապարտ պէտք է ըլլան իրենց ծնողներուն բոլոր այն հայ աշակերտները, որոնք Ամերիկայի նման հսկայ ձուլարանի մը մէջ կը յաճախեն լոյսի աղբիւր, հայկական ամէնօրեայ կամ շաբաթօրեայ վարժարաններ:

Պատահական չէ, որ Ֆերահեանի աշակերտներուն մեծ տոկոսը Ճեմարան յաճախած ծնողներուն զաւակներ եւ թոռներ են: «Ֆերահեան»-ը դարձած է երկրորդ Ճեմարան մը:

Գաբրիէլ Ինճեճիկեան, ի զուր տեղը չէ ընտրած ուսուցչական ասպարէզը: Այդ մէկը փաստ մըն է իր սիրոյն ու պատկառանքին` հանդէպ ուսանող սերունդին:

Ուսուցչութիւնը նուիրում է: Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ նաեւ կոչում է:

Դժբախտաբար մեծ է հակառակը մտածողներուն թիւը, մասնաւորաբար` հայկական նիւթեր դասաւանդող նուիրեալներու մասին, ըսելով որ ուսուցչութենէ տարբեր ասպարէզ ընտրելով` շատ աւելի «հանգիստ» եւ բարեկեցիկ կեանք մը կարելի է ապահովել:

Տարիներ առաջ Ամերիկա ուսանելու գացած եւ հետագային ուսուցչութեան ասպարէզի նուիրուած բարեկամներէս մէկուն ծնողքը, դժգոհութիւն յայտնած էր` ըսելով.

– Մենք քեզի Ամերիկա ղրկեցինք, որ մարդ ըլլաս, սակայն դուն ուսուցիչ դարձար,- առանց անդրադառնալու,  որ իրենց զաւակը նուիրուելով ուսուցչական ասպարէզին` դարձաւ իսկական մարդ: ՀԱ՛Յ ՄԱՐԴ:

Բիւր յարգանք` հայ դպրոցին ծառայող բոլոր նուիրեալներուն:

(Շար. 3)
Լոս Անճելըս, 2019

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>