Image may be NSFW.
Clik here to view.
Մարտ 31-ի Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն դիտորդները կը նախատեսէին, որ գրեթէ քսան տարիէ ի վեր երկրին ղեկը ստանձնած Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, հակառակ ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իր կողքին ունենալու, քուէներու առիւծի բաժինը չկարենար «աւլել»: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ, յատկապէս մեծ քաղաքներուն մէջ, Էրտողան, հակառակ իր գործածած լծակներուն, ստիպուեցաւ տեղի տալ եւ գոհանալ «գաւառային» քուէներով:
Այսպէս, երեք մեծագոյն քաղաքները` Պոլիս, մայրաքաղաք Անգարա եւ Զմիւռնիա պիտի ունենան ընդդիմադիր Ժողովուրդի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ քաղաքապետներ: Անգարայի եւ մանաւանդ Զմիւռնիոյ ընտրութիւններուն «Ժողովուրդի հանրապետական» կուսակցութիւնը քուէներու շօշափելի տարբերութեամբ յաղթական դուրս եկաւ, մինչդեռ աւելի քան տասը միլիոն քուէարկող հաշուող Պոլսոյ մէջ քուէները այնքան հաւասարութեամբ կ՛ընթանային, որ պարտուած կողմը մինչեւ վերջին քուէատուփերու ստուգումը կը պնդէր, որ արդիւնքը կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ:
Վոսփորի ափին պայքարը առաջնահերթութիւն մըն էր երկու կողմերուն համար ալ: Գրեթէ քառորդ դար Եւրոպան ու Ասիան կամրջող քաղաքին բանալիները Էրտողանի տրամադրութեան տակ էին: Հոն է, որ Էրտողան1994-ին քաղաքապետ ընտրուած էր եւ, քանի մը տարի քաղաքը կառավարելէ ետք ստեղծած էր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը: Այնուհետեւ դարձած էր վարչապետ եւ 2017-ին, երկիրը խորհրդարանական համակարգէն նախագահական համակարգ փոխադրելով, ցայսօր ստանձնած է երկրին նախագահի պաշտօնը:
Պոլսոյ Քազիմփաշա շրջանի զաւակ ու Էրտողանի թեկնածու Պիլալի Եըլտըրըմը տեղի տուաւ Տրապիզոն ծնած եւ վերջերս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Էքրեմ Իմամօղլուի դիմաց: Այս վերջինը, որ տասը տարիէ ի վեր անդամակցած է Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան, Էրտողանի ապագայի մեծագոյն գլխացաւը կը նկատուի` հետզհետէ աւելի ժողովրդականութիւն գտնելով եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը ներգրաւելով:
Ինքնավստահութիւն ներշնչող Իմամօղլու, ընտրութիւններու նախօրեակին, օտար լրագրողներու հարցազրոյցի առաջարկին հաստատակամ կերպով պատասխանած էր, որ կը նախընտրէր հարցազրոյցը կատարել® օր մը ետք, քաղաքապետի գրասենեակին մէջ:
Հոս տեղին է հարցադրել, թէ ի՞նչ էր ընթացքը Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան (HDP), մանաւանդ որ վերջին տարիներուն կատարուած հետեւողական հետապնդումներու պատճառով, հետզհետէ ճնշումի տակ եղած էր այս քրտամէտ խմբաւորումը, որ Տիգրանակերտի մէջ կրցած էր յաղթական դուրս գալ` արժանանալով քուէներու աւելի քան վաթսուն առ հարիւրին:
Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը ամբողջական ուժգնութեամբ չմասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն: Յատկապէս մեծ քաղաքներու պարագային, անոր համակիրները նախընտրեցին քուէարկել ի նպաստ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներուն, պարզապէս` «չարեաց փոքրագոյն»-ի տրամաբանութեամբ: Ասոր արդիւնք է, որ Պոլսոյ պարագային, ուր շօշափելի է քիւրտ քուէարկողներու թիւը, Իմամօղլու կրցած է յաղթական դուրս գալ` շնորհիւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան ցուցմունքներուն հետեւող քուարկողներուն:
Թէ ի՛նչ կարելի է ակնկալել ընդդիմադիր Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան այս յառաջխաղացքէն® ժամանակն ու անցուդարձները ցոյց պիտի տան:
Մինչ այդ պէտք է հաստատել, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը թէեւ կորսնցուցած է մեծ քաղաքներու բանալիները, սակայն պահած է ընդհանուր առմամբ քուէներու մեծամասնութիւնը: