Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Տեսակէտ. Իսրայէլի Մէջ Աջակողմեան Առանցքին Պարտութիւնը` Շրջանի Կայունութեան Երաշխիք

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Երեքշաբթի, 9 ապրիլ 2019-ին տեղի պիտի ունենան իսրայէլեան Քնեսեթի (խորհրդարան) ընտրութիւնները:

Այս տարի Քնեսեթի ընտրութիւնները քաղաքական եւ շրջանային տաք մթնոլորտի մը մէջ տեղի կ՛ունենան:

Արդէն գրեթէ մէկ տարի առաջ Քնեսեթը ընդունեց ազգային պետութեան մասին օրէնք, որուն մէջ Իսրայէլը հռչակուեցաւ «հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն», իսկ ՄիացեալՆահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը Երուսաղէմը (ներառեալ` Արեւելեան Երուսաղէմը) ճանչցաւ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հոն փոխադրեց, վերջերս ալ ստորագրեց Կոլանի բարձունքներուն վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչցող հռչակագիրը:

Բոլոր յիշեալ իրադարձութիւնները անկայուն իրավիճակ ստեղծած են ո՛չ միայն Իսրայէլի,  այլ նաեւ` Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ:

Ազգային պետութեան մասին օրէնքը բացառեց արաբներուն, տիւրզիներուն եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններուն կողմէ Իսրայէլընկատել իբրեւ նաեւ իրենց պետութիւնը, նոյն խտրական եւ ցեղապաշտական մօտեցումը կը վերաբերի նաեւ գրաւեալ տարածքի մը (Արեւելեան Երուսաղէմը գրաւուեցաւ Իսրայէլի կողմէ 1967-ին) իբրեւ գրաւող ուժի մայրաքաղաքէն անբաժանելի մաս նկատուելուն, Կոլանի բարձունքներուն վրայ իսրայէլեան գերիշխանութեան հաստատման, իսկ ապօրինի բնակեցման վայրերը արդէն հիմնական խոչընդոտները դարձած են իսրայէլեան-պաղեստինեան բանակցութիւններու յառաջընթացին:

Յիշեալ իրադարձութիւններուն հիմնական ճարտարապետը Իսրայէլի ներկայ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն է, որ կը գլխաւորէ աջակողմեան առանցքը:

Կ՛արժէ հակիրճ ակնարկ մը նետել աջակողմեան առանցքի գաղափարաքաղաքական կազմուածքին վրայ:

Աջակողմեան գլխաւոր կուսակցութիւնը ազգային-ազատական Լիքուտն է (որուն կը պատկանի ներկայ վարչապետ Նեթանիահուն), որ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին գաղափարականօրէն մղուեցաւ դէպի աւելի աջ եւ նոյնացաւ միջազգայնօրէն վերելք ապրող աջակողմեան ամբոխավարութեան ուղղուածութեան հետ, իսկ միւս գլխաւոր ուժերն են` ազգայնական «Իսրայէլը մեր տունն է»-ն,կրօնամէտ-ազգայնական «Աջակողմեան կուսակցութիւններու միութիւն»-ը, կրօնամոլ` «Շաս»-ն ու «Եհոտաթ Հաթորաթ»-ը եւ աջակողմեան ամբոխավար «Նոր աջ»-ը:

Աջակողմեան առանցքի ընտրապայքարը ընդհանրապէս կը կեդրոնանայ Այսրյորդանանի կցումին, Կազայի վրայ յարձակման, պաղեստինեան պետութեան մերժումին, արաբ բնակչութեան դէմ ցեղապաշտութեան, կիներու, կրօնական-դաւանական եւ սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն մերժումին վրայ:

Աջակողմեան պլոքի պարտութիւնը լաւագոյնը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի պետութիւններու քաղաքացիներուն համար` ծայրայեղականացման, ատելութեան եւ ռազմապաշտութեան մթնոլորտը հեռու պահելով շրջանէն եւ տապալելով վերոյիշեալ արժէքները կրող կառավարութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>