Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Հայկական Օրակարգ

$
0
0

Հայկական քաղաքական օրակարգը շատ ճոխ է ներկայիս: Ըլլա՛յ սփիւռքի մէջ, ըլլա՛յ Հայաստանի` Արամ Ա. վեհափառի կողմէ Հալէպի Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերօծումը, Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը Վիեննայի մէջ, Դաւիթ Տօնոյեանի Նիւ Եորքի մէջ յայտարարութիւնը` «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ», որ նոր սահմանում տուաւ Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի ռազմական եղանակով Արցախի խնդիրը լուծելու կոչերուն, Վահան Շիրխանեանի ցնցիչ բաց նամակը` յղուած Քոչարեանին հոկտեմբեր 27-ի սպանութիւններուն վերաբերեալ, Մեղրիի զօրակայանին մէջ զինակոչիկներու ըմբոստութիւնը` ընդդէմ հրամանատարութեան, մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատարին` օփերայի տնօրէն, գեղարուեստական ղեկավար, խմբավար Կոնստանդին Օրբէլեանը իր պաշտօնէն յետս կոչելու որոշումը եւ, վերջապէս, 2016-ի ապրիլեան պատերազմի երրորդ տարելիցին առթիւ, նոր Հայաստանի իշխանութեան վերագնահատումը` Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին լոյսին տակ:

Հալէպի մէջ Արամ Ա. վեհափառը Սրբոց Քառասնից Մանկանց առաջնորդանիստ եկեղեցին վերաօծելով` փաստեց, որ սփիւռքը Միջին Արեւելքի մէջ տակաւին պատմական դերակատար է, հայ-արաբական յարաբերութիւններու զարգացման համար` ազդեցիկ լծակ:

Աւելի՛ն. բոլոր անոնք, որոնք անյոյս էին Հալէպի հայութեան ինքնակազմակերպումը տեսնելու, այսօր ծայրայեղականներու պայթումով քանդուած եկեղեցւոյ` իր փլատակներէն փիւնիկի վերյառնումին ականատեսն են: Հալէպը, յատկապէս` Ցեղասպանութենէն ետք, իր հարիւրամեայ անցքերով հայացաւ: Որքան որ Արեւմտահայաստանի մէջ կան թաքնուած հայեր, նո՛յնքան ալ Միջին Արեւելքի մէջ կան: Հալէպէն բացի, Սուրիան իր ամբողջութեամբ, սկսելով Տէր Զօրէն, Մեծ աղէտի նահատակ ժողովուրդին վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ: Անհամար տարագիրներ այս վայրերուն մէջ իրենց հոգին աւանդեցին ու անշիրիմ թաղուեցան:

Վեհափառը Հալէպ իր այցելութեան առթիւ հանդիպեցաւ նաեւ հայկական խաղաղասիրական ջոկատին, որ կը գործէ ռուսական բանակի հրամանատարութեան տակ: Խորհրդանշական հանդիպում մը, թերեւս առաջին անգամն ըլլալով` հայկական բանակայիններ իրենց խաղաղասիրական առաքելութիւնը կը կատարեն սփիւռքի հայահոծ շրջանի մը մէջ, իրենց նպաստը բերելով հայութեան եւ տեղւոյն արաբ բնակչութեան: Պետական մակարդակով երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը` Սուրիոյ ժողովուրդին եւ երկրին, ուր հայութիւնը կրցած է ապաստանիլ եւ բարգաւաճիլ: Որքան որ կարեւոր են հայաստանեան ճակատի վրայ նոր Հայաստանի ղեկավարներուն քաղաքական նուաճումները, նո՛յնքան ալ կարեւոր է Հայաստան-սփիւռք ռազմավարական կապերու հաստատումը քաղաքականապէս անկայուն Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Թէեւ հայկական ջոկատի Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը միջազգային քաղաքական օրակարգի պարտադրանքին պատճառով է, սակայն նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ առիթը օգտագործել` իմաստաւորելու համար այդ ներկայութիւնը, հայկական դիւանագիտութեան կարեւոր նուաճում մըն է: Այսպիսով, Հայաստան կ՛ամրապնդէ ինքզինք ինքնիշխանութեան ճամբուն վրայ` վստահութիւն ներշնչելով համայն հայութեան, հակառակ արտաքին եւ ներքին բազմաթիւ խոչընդոտներու:

Ժ. Չ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>