Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Երեւանէն…Պաքու. Վիեննայի Հանդիպման Մասին

$
0
0

Ա. Ա.

Մարտ 29-ին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ կայացած` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կատարած յայտարարութիւններուն բովանդակութիւններուն միակ մօտաւոր նմանութիւնը կը վերաբերի Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ հանդիպումը նոր լիցք հաղորդած է բանակցային հոլովոյթին:

Հայաստանի վարչապետը հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ դրական կ՛որակէ տեսակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Ալիեւ եւս նոյն մօտեցումը կը ցուցաբերէ: Փաշինեան նոյնիսկ ըսաւ, որ կարելիութիւն ունեցած է խօսելու բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն մասնակցութեան խնդրին մասին: «Անշուշտ չեմ կրնար ըսել, որ ճեղք կարելի եղած է յառաջացնել, սակայն ես հանդիպումը կը գնահատեմ դրական, որ պէտք է շեշտել, թէ չի նշանակեր կողմերէն մէկուն յաղթանակը կամ պարտութիւնը», ըսաւ ան:

Ալիեւ մինչդեռ ազրպէյճանական բանակին յատուկ նշանակութեան ուժերու զօրամասերէն մէկուն մէջ զինուորներուն դիմաց արտասանած իր խօսքին մէջ դրական գնահատականի խօսքն անգամ չըրաւ` միայն նշելով, որ Վիեննայի հանդիպումը նոր լիցք հաղորդած է բանակցային հոլովոյթին:

Ազրպէյճանի նախագահը կրկնեց եւ վերահաստատեց Պաքուի ծանօթ դիրքորոշումը: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցութիւններուն նպատակն է ազրպէյճանական տարածքներու «ազատագրումը», որովհետեւ տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատմամբ:

Մինչ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտնէր, որ սկսած է հոլովոյթ մը` խօսելու Արցախի ներկայացուցիչներուն բանակցութիւններուն մասնակցելու մասին, Ալիեւ կը յոխորտար, որ Վիեննայի հանդիպումը անգամ մը եւս հաստատեց, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը անփոփոխ կը մնայ` ռազմաշունչ հռետորաբանութեամբ մըն ալ աւելցնելով, որ Հայաստանի դէմ պատերազմը աւարտած չէ, այլ վերջ գտած է միայն առաջին փուլը:

Հայկական եւ ազրպէյճանական կեցուածքներուն ուշադիր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Երեւանի դրական մթնոլորտի մը մասին խօսելու ճիգերուն դիմաց Պաքուի անզիջող եւ ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնը կը շարունակուի: Այնքան մը, որ Փաշինեան ստիպուեցաւ հակադարձելու եւ յայտարարելու, որ Պաքուէն արձակուած յայտարարութիւնները դուրս են համատեղ յայտարարութիւններու ծիրէն:

Վիեննայի հանդիպումը ուրեմն, այսպիսով, կը ստանայ տարբեր գնահատականներ` Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ: Դրական եւ բաւական կարծր: Այնքա՛ն կարծր, որքան ներկայ փուլը կրնայ ընկալել` անտեսելով հանդիպման մասին համատեղ յայտարարութիւններու ոգին: Յամենայն դէպս Ազրպէյճանի նախագահին այս դրսեւորումները նորութիւն չեն, եւ միշտ ալ որեւէ տեսակցութենէ ետք Ալիեւ ոչ մէկ ատեն դրական կամ մեղմ կեցուածք յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման պատկերացման կապակցաբար:

Բանակցութիւնները շարունակելու յանձնառութիւնը եւ, նոյնիսկ, ինչպէս` Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած դրական քանի մը կէտերը, չեն նշանակեր, որ Ազրպէյճան պատրաստ է ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը եւ ընդունելու պատմական սխալ մը սրբագրելու հայութեան արդար պահանջը:

Եւ հոսկէ ալ ընթացք կ՛առնէ հարցադրումներու շարք մը, թէ դիւանագիտական բովանդակութեամբ յայտարարութիւնները եւ բանակցային հոլովոյթի մասնիկներ համարուող որեւէ հանդիպման մասին գնահատականները իսկապէս ի՞նչ տարողութեամբ կրնան Ազրպէյճանի քաղաքական նպատակներուն դէմ դնել, գէթ` յայտարարողական մակարդակի վրայ: Պատկերը յստակ է, չէ՞: Ալիեւի համար բանակցութիւններուն նպատակը Արցախը Ազրպէյճանի պետութեան հպատակեցնելն է: Երեւանի իշխանութիւններուն համար, ինչպէս արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտարարեց, լուծումը պէտք է արտայայտէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի կենսական շահերը: Այսինքն` անկախութիւն եւ ինքնիշխանութիւն: Հոս պէտք է յիշել նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի` Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարած յայտարարութիւնը, թէ «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» տարազը կը փոխարինէ «Խաղաղութիւն` տարածքներու դիմաց» ծանօթ տարազին:

Այս բոլորին լոյսին տակ յստակ է, որ Վիեննայի հանդիպումը դրական է այն իմաստով, որ կեցուածքներու ներկայացում եւ պատկերացումներու յստակացումներ կրնան կատարուած ըլլալ: Իսկ Ազրպէյճանի անզիջող եւ յարձակողական մօտեցումներուն մէջ ոչինչ փոխուած է: Այս իրողութիւնը հայկական դիւանագիտութեան կողմէ վստահաբար հանգամանաւոր եւ բազմակողմանի արժեւորումներու եւ գնահատականներու կ՛արժանանայ, որպէսզի յառաջիկայ  տեսակցութիւններուն եւ հանդիպումներուն ընթացքին հայկական կեցուածքները առաւել յստակացուին: Արցախի պետութեան գոյութեան, արցախցիներուն` իրենց հայրենի հողերուն վրայ ազատ ու անկախ ապրելու անսակարկելի իրաւունքին երաշխաւորման ամրագրման նպատակային գործելաոճով մը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>