Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ` Մուտն Ի Վիրապ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Ազգեր եւ ժողովուրդներ կը գոյատեւեն իրենց կամքով, հաւատքով ու տեսիլքով, ինչպէս նաեւ` իրենց հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքներով: Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ ազգեր յիշուած ու յատկանշուած են իրենց յատուկ դէպքերով, դէմքերով, երեւոյթներով, նուաճումներով ու կատարելագործութիւններով: Բաներ, որոնք անկիւնադարձային եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցած են տուեալ ցեղի կեանքին, քաղաքական ու ընկերաբարոյական զարգացումին, կազմակերպումին, ամրութեան, հաստատումին, ինչպէս նաեւ անոր ապագայի գոյերթը անարգել ապահովելու սրբազան առաքելութեան ու աշխատանքին մէջ ու վերաբերեալ:

Այդ ազգերու եւ ժողովուրդներու բեմահարթակը զբաղեցնող հնագոյններէն հայ ազգն ու իր պատմութիւնն ալ կը յատկանշուին վերոնշեալ երեւոյթներով ու դէմքերով, որոնք առ յաւէտ իրենց անջնջելի կնիքը դրոշմած են մեր ինքնութեան ու պատմութեան մայր էջին վրայ: Հակառակ ժամանակին մաշող ու մոռացութեան մատնող ազդեցութեան` անոնք իբրեւ փառահեղ ու անմաշ հսկաներ կը շարունակեն յիշուիլ, տօնուիլ ու մեծարուիլ իւրաքանչիւրի սրտին, հոգիին ու մտքին մէջ` որպէս անմար փարոս եւ հիւսիսային աստղ` անփորձանք եւ ապահով առաջնորդելու մեր քայլերը դէպի բացուող ապագայ:

Այդ հսկաներէն մէկն է մեր ազգի երկրորդ Լուսաւորիչ` Ս. Գրիգոր Պարթեւ հայրապետ, որուն չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մտնելուն յիշատակի տօնն է այս շաբաթ, որ միաժամանակ կը համընկնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտի օրուան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի անուանակոչութեան տօնին:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ուստի, ո՞վ է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, եւ որո՞նք են Խոր Վիրապ մուտքի նախընթացն ու պատճառները, որոնք ջրտուքը հանդիսացան հեթանոսական կռապաշտութեամբ խաւարացեալ Հայաստան աշխարհին ու հայ ժողովուրդին հոգեփոխութեան, այլակերպումին, լուսաւորութեան, վերածննդեան եւ յաւերժացումին:

Չորրորդ դարով բոլորովին նոր էջ մը պիտի բացուէր հայոց պատմութեան համար, ընդ որում` քրիստոնէական կրօնքի յաղթանակով ու Աւետարանի ճշմարտութեան լոյսին ծագումով պիտի կնքուէր ու կարգաւորուէր այն ուղին, որմէ պիտի ընթանային ազգն ու ժողովուրդը գալիք բոլոր դարերուն ու ժամանակներուն:

Ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք, մարդկային փրկագործութիւնը յաջողցնելու համար Աստուած, ա՛յլ միջոցներու կողքին, նաեւ օգտագործեց աշխարհիկ իշխանութիւններն ու պետութիւնները, ինչպէս նաեւ` տիրող ժամանակաշրջաններու աշխարհաքաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային յեղաշրջումներն ու իրադրութիւնները: Միջկտակարանեան ժամանակահատուածին մէջ, մէկ կողմէ Մեծն Աղեքսանդրի ճամբով յունական մշակոյթի եւ յունարէն լեզուի տարածումը պիտի նպաստէր Աւետարաններուն յունարէնով գրուելուն եւ քարոզութեան, միւս կողմէ` Հռոմէական կայսրութեան ճամբով ալ` երկիրներու միջեւ սահմաններու վերացումն ու դէպի մայրաքաղաք Հռոմ տանող հսկայ ճամբաներու կառուցումը, պիտի դիւրացնէր նաեւ քարոզութեան համար առաքեալներուն երկրէ երկիր ու քաղաքէ քաղաք ճամբորդութիւնները: Ասոնցմով պատրաստուեցաւ Քրիստոսի ծնունդին, իր Եկեղեցիին հաստատումին ու տարածման ենթահողը:

Նոյնպէս ալ, Աստուած Հայոց Աշխարհի քրիստոնէացման եւ աստուածային լոյսով պայծառակերպուելու իր ծրագիրը յաջողցնելու համար երրորդ դարուն օգտագործեց աշխարհի արեւելեան կողմը, այս անգամ` Պարթեւական հարստութեան եւ շուտով իշխանութեան գլուխ անցնող Սասանեան հարստութեան միջեւ տեղի ունեցող ընկերաքաղաքական ներքին խմորումները, զարգացումներն ու յեղաշրջումը:

Քանի որ, ինչպէս Մաղաքիա արք. Օրմանեան կը յիշէ իր «Ազգապատում»-ին մէջ, մեր եկեղեցական պատմութիւնը սերտ կապակցութեամբ կը միաւորուի քաղաքական եղելութեանց հետ, ուստի եւ կը պարտաւորուինք անոնց ակնարկել սոյն գրութեան մէջ:

Երրորդ դարու սկիզբը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Պարսկաստանի մէջ տակաւին Պարթեւական հարստութիւնը կը տիրապետէր: Հայոց թագաւորն էր Խոսրով Բ. Մեծը (222-250), իսկ Պարսից արքան էր Արտաւան Ե.ը (215-226): Եւ քանի որ պարսիկ նախարարներէն շատեր համակիր չէին Պարթեւական ցեղին, գաղտնօրէն ապստամբութեան շարժում մը կը պատրաստեն, որուն գլուխը կ՛անցնի Արտաշիր Սասանեանը, եւ երկու տարի ետք` 226-ին, սպաննելով Արտաւանը, ինք թագաւոր կը հռչակուի:

Սասանեաններ Պարսկաստանի մէջ Պարթեւական ճիւղը ջնջելէ ետք կը ձեռնարկեն Հայաստանի ճիւղն ալ ոչնչացնելու: Երբ զինուորական բոլոր փորձերը կը ձախողին, նենգամտութեամբ դաւադրութեան կը դիմեն: Արտաշիր կը մեռնի եւ իրեն կը յաջորդէ իր որդին` Շապուհ Բ.ը (242-272), որ գլուխ կը հանէ իր հօր նենգ ծրագիրը:

Հայոց Խոսրով թագաւորի ազգականներէն Անակ Պարթեւ կամ Պահլաւունի, ինչպէս Գարեգին Ե. Տրապիզոնին պիտի նշէ իր «Աշխարհի լոյսն ի հայս» գիրքին Ա. հատորին մէջ, որ հաւատարիմ մնացած էր Սասանեան տան, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ դաւով սպաննելու Խոսրովը: Ան պարսից արքայէն եւ անոր զօրքերէն հալածուիլ կեղծելով` ամբողջ իր ընտանիքով կը հեռանայ Պարսկաստանէն եւ կ՛ուղղուի դէպի Հայաստան` իր ազգականին մօտ ապաստան գտնելու պատրուակով: Եւ ինչպէս Ագաթանգեղոս պատմիչը կը նկարագրէ, ան Կորդուաց նահանգի սահմանագլուխէն Հայաստան կը մտնէ եւ Խոսրովէն սիրալիր ընդունելութիւն կը գտնէ:

Անակ տարիներ իր նենգութիւնը թաքցնելով` յարմար առիթի մը կը սպասէ, որպէսզի իրագործէ իր խոստումը: Օր մը, երբ Խոսրով, իր սովորութեան համաձայն, որսի ելած էր, Անակն ու իր եղբայրը առանձին գտնելով թագաւորը` յանկարծակի անոր վրայ կը յարձակին եւ կը սպաննեն զայն ու ապա կը փախչին: Սակայն թագաւորին պահակագունդը անդրադառնալով իրողութեան` ոճրագործները կը հետապնդէ եւ Երասխ գետին վրայ ձգուած Տափերական կամուրջին մօտ կը պաշարէ մարդասպանները: Անոնք ալ ճարահատ` գետ կը նետուին ու կը խեղդուին:

Խոսրով տակաւին հոգեվարքի մէջ` կը հրամայէ սուրէ անցընել Անակի ամբողջ սերունդը: Հրամանը կը կատարուի: Անակի ընտանիքէն կ՛ազատի փոքրիկն Սուրէն, որ իր ստնտուին` Սոփիայի հետ կը փոխադրուի Կեսարիա: Հոն կը մկրտեն Սուրէնը եւ զայն կը վերակոչեն Գրիգոր: Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակէն օգտուելով, պարսից արքան Հայաստան կը մտնէ եւ Պարթեւեան տոհմի մնացորդները կը ջնջէ: Խոսրովի ընտանիքէն միայն երկու մանուկներ կ՛ազատին. փոքրիկն Տրդատը` Արտաւազդ Մանդակունիի ձեռքով (Ագաթանգեղոս) եւ իր քոյրը` Խոսրովիդուխտը, Օտա Ամատունիին ձեռքով (Խորենացի):

Գրիգոր Կեսարիոյ մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ կը մեծնայ: Ան ձեռք կը բերէ բազմակողմանի հմտութիւն եւ կը տիրանայ հայ եւ հելլէն լեզուներուն: Ինչպէս Տրապիզոնին կը նշէ, ան իր ուսումնասիրութեան գլխաւոր առարկան կը դարձնէ Աստուածաշունչը, բայց միաժամանակ տեղեակ կ՛ըլլայ նաեւ արտաքին գիտութիւններուն: Իր մէջ հետզհետէ երեւան կու գայ հզօր կամքի մը եւ անհատականութեան հետ` ծառայելու կոչումը: Իր պատկառելի հասակին հետ կ՛աճին նաեւ հոգեկան շնորհները:

Կեսարիոյ մէջ Գրիգոր կ՛ամուսնանայ Մարիամ անունով քրիստոնեայ աղջկան մը հետ, եւ անոնք կ՛ունենան երկու որդիներ` Վրթանէս եւ Արիստակէս: Որոշ ժամանակ անց Գրիգոր իր մէջ անձնազոհութեան զօրաւոր կոչում մը կը զգայ եւ իր կնոջ հետ համաձայնաբար հրաժեշտ կու տայ ընտանեկան կենցաղին եւ գործով կը հեռանայ Կեսարիայէն: Մարիամ իր Արիստակէս որդիին հետ մենարան մը կը քաշուի, իսկ Վրթանէս դայեակի մը հոգատարութեան եւ խնամքին կը յանձնուի:

Ինչ կը վերաբերի փոքրիկն Տրդատին, իր խնամակալին` Ատաւազդ Մանդակունիի օգնութեամբ նախ Կեսարիա կը փախցուի, ուր մանուկ գահաժառանգը կ՛անցընէ իր առաջին հանգրուանը եւ այնտեղ է նաեւ, որ հաւանաբար երկուքը իրարու կը հանդիպին եւ կը մտերմանան` Պարթեւ եւ Արշակունի այս երկու որբացածները: Այս հանդիպումն ու մտերմութիւնը իրենց պատմական նշանակութիւնը պիտի ունենային Հայաստանի քաղաքական ու կրօնական վերածնութեան մէջ:

Տրդատ իր երկրորդ հանգրուանը կ՛անցընէ Նիկոմիդիայի մէջ, ուր կը մեծնայ ու կ՛ուսանի` տիրանալով հելլէն լեզուին, դպրութեան եւ փիլիսոփայական արուեստին: Լիկիանոսի հսկողութեան տակ ան կը ստանայ նաեւ զինուորական կրթութիւն: Տրդատ իր իմացական ուշիմութեամբ, իր մարմնական արտակարգ ուժովն ու զինուորական քաջագործութիւններով հետզհետէ նշանաւոր կը դառնայ հռոմէական աշխարհին մէջ: Իսկ Խոսրովիդուխտն ալ իր դայեակին` Օտա Ամատունիին օգնութեամբ կը փախցուի Կամախի Անի բերդը, ուր եւ կը դաստիարակուի:

Տարիներ ետք, աստուածային նախախնամութիւնը դարձեալ իրարու պիտի հանդիպեցնէր վաղեմի երկու բարեկամները: Տրդատ արդէն 34 տարեկան, Աւրելիոս կայսեր օգնութեամբ, 274-ին կը վերադառնայ Հայաստան` տիրանալու համար իր հօր գահին: Ճամբու ընթացքին կը հանդիպի Կեսարիա, եւ հոն` Գրիգորը կ՛ընկերանայ Տրդատին` իբրեւ քարտուղար:

Թէեւ առաջին փորձը կը ձախողի, սակայն 13 տարիներ ետք Դիոկղետիանոսի օգնութեամբ, 287-ին Տրդատ կը յաջողի պարտութեան մատնել պարսից բանակը եւ տիրանալ հայրենի գահին: Այդ 13 տարիներուն ընթացքին Գրիգոր, որ անբաժան ընկերը մնացած էր Տրդատին, կը հմտանայ պալատական եւ բանակային ծառայութեան մէջ: Սակայն ան չի դադրիր իրագործելէ իր գաղափարական ծրագիրները: Կրօնական շունչով ու հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած` ան կ՛ուզէ քաղաքականապէս վերակենդանացած Հայաստանին տալ հոգեւոր վերածնունդ մը, որ քրիստոնէական դրոշմ կրէր: Այդ հսկայ գործը պիտի ըլլար քաղաքական ազատութեան կամ անկախութեան վրայ հիմնուած կրօնական նոր ու առողջ մթնոլորտի մը ստեղծագործութիւնը: Այս պիտի ըլլար անոր նպատակը, որ Խորենացին հետեւեալ կերպով կը բնութագրէ` «զՀայրենեացն հատուցանել պարտիս», այսինքն` Անակի տիրասպանութեան փոխարէն հատուցանել:

Առ այդ, ի՞նչ կը պատահի:

287 թուականին նորապսակ թագաւորը երբ մուտք կը գործէր Հայաստան, մայրաքաղաք չհասած, Երիզայի մօտերը, ուր կը գտնուէր ոսկիածին Անահիտ դիցուհիին տաճարը, կ՛ուզէ գոհաբանական տօնախմբութիւն կատարել եւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ծաղկեայ պսակներով ու թաւ ոստերով պատուել դիցուհին: Դժբախտաբար կրօնական պաշտամունքէն առաջ կը պատրաստուի խնճոյքի սեղանը, եւ ծայր կ՛առնէ գինարբուքը իր անխուսափելի հետեւանքներով: Տրդատ սեղանին գլուխը նստած` կ՛առաջարկէ, որ Գրիգորը մասնակցի այդ պաշտամունքին եւ ինքն ալ ծաղկեայ պսակներ ընծայէ դիցուհիին: Բայց վերջինս կը մերժէ` յիշեցնելով, որ ինք քրիստոնեայ է եւ ձեռակերտ կուռքերու պաշտամունք չի մատուցեր, այլ միայն ճշմարիտ Աստուածը, արարածներուն Արարիչը կը պաշտէ եւ անոր կ՛երկրպագէ:

Վէճն ու խօսակցութիւնը կը թէժանան, Գրիգոր անդրդուելի կը մնայ, իսկ Տրդատը` պահանջկոտ: Ի վերջոյ թագաւորին սպառնալիքը կը փոխուի գործի: Գրիգոր խնճոյքէն դուրս հանուելով` զարհուրելի չարչարանքներու կ՛ենթարկուի, որոնք հիանալի համբերութեամբ եւ հաստատակամութեամբ կը տանի: Ագաթանգեղոսի նկարագրածին համաձայն, հետեւեալներն են Ս. Գրիգորի կրած չարչարանքները.

1.- Ձեռքերը կապուած, բերանը սանձ, կռնակը աղի բեռ, կուրծքը քերուած` բարձր տեղէ մը կախել,
2.- Մէկ ոտքէն կախելով` ներքեւէն աղբ ծխել եւ դալար ճիպոտներով ծեծել,
3.- Ոտքերը կոճղերու մէջ ճզմել,
4.- Ոտքին երկաթ բեւեռներ գամելով` քալեցնել ու վազեցնել,
5.- Գլուխը կռփահար ծեծել,
6.- Գլուխը մամուլի դնելով` քիթէն քացախ եւ բորակ փչել,
7.- Գլուխը մոխրալից պարկի մէջ գոցել,
8.- Գլխիվայր կախել եւ նստելիք տեղը ձագար անցընելով` փորը ջուր լեցնել,
9.- Կողերը երկաթէ ճանկերով քերել,
10.- Գետինը երկաթէ տատասկներ սփռելով` վրայէն քաշկռտել,
11.- Ծունկերը երկաթէ կապիճներու մէջ պնդել եւ բազուկներէն կախել,
12.- Հալած կապարով մարմինը այրել,

Այս միջոցին նախարարներէն մէկը` Աշոցի իշխան Տաճատը թագաւորին կը յայտնէ, որ Գրիգոր որդին էր իր հայրը սպաննող Անակին: Ասոր վրայ Տրդատ աւելի բորբոքելով կը հրամայէ կապել Գրիգորին ոտքերը, ձեռքերն ու վիզը եւ զայն նետել Արտաշատի Խոր Վիրապին մէջ, որ յատուկ էր մահապարտներու: Եւ հրամանը կը կատարուի: Գրիգոր այնտեղ կը մնայ 13 երկար տարիներ, եւ համաձայն աւանդութեան, բարեպաշտ կին մը անոր ամէնօրեայ հացն ու սնունդը կը հայթայթէ: Ոմանք կ՛ըսեն, որ ատիկա Տրդատին քոյրը` Խոսրովիդուխտն էր:

Մեծ սուրբը այս բոլորը քրիստոնէական հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ կրեց, որովհետեւ ան տեսիլք մը ունէր եւ յոյսով կը սպասէր անոր իրականացումին: Իր կեանքի նպատակն էր տեսնել Հայաստանը` ազատագրուած հեթանոսութեան խաւարէն եւ փոխարէնը` աստուածայինով սրբուած ու օծուած եւ ճշմարտութեան ժայռին վրայ հաստատուած: Ան իր Տիրոջ օրինակին հետեւելով` նախ ըմպեց չարչարանքի բաժակը ցմրուր եւ բարձրացաւ Արտաշատի Գողգոթան ու այնտեղ պատարագուեցաւ, որպէսզի ոչ միայն ի՛նք, այլ իր միջոցով նաեւ մեզ արժանացնէ Տիրական փառքին, օրհնութեան եւ խոստումին: Բան մը, որ պիտի իրականանար 13 տարիներ յետոյ, Խոր վիրապէն ելլելէն ետք, որուն պատմութեան եւ եղելութեան արդէն ծանօթ ենք բոլորս:

Այս իմաստով, կը բաւականանանք ամփոփ ներկայացնելով մինչեւ մուտն ի վիրապ նախընթացը կազմող երեւոյթներն ու դէպքերը, որոնք ենթահողը պիտի կազմէին այդ հսկայ եւ մեծահրաշ իրագործումին, որ սկիզբ պիտի առնէր անմիջապէս Խոր Վիրապէն դուրս հանուելէն ետք:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ուստի, վերոնշեալ դէպքին ու կատարուածին տօնն է, որ ամէն տարի դարեր շարունակ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին կը նշէ ու կը տօնէ` իր տօնացոյցին համաձայն: Սոյն յիշատակութիւնը կը համընկնի քառասնօրեայ Մեծ պահքի հինգերորդ Գալստեան կիրակիին, որ միաժամանակ, ինչպէս ըսինք, թէ՛ կաթողիկոսարանիս ուխտի օրն է եւ թէ՛ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի անուանակոչութեան տօնն է: Այս առիթով շաբաթ առտու տեղի կ՛ունեայ պատարագ: Իսկ երեկոյեան, ժամերգութենէն ետք, բազմաթիւ հաւատացեալներ զանազան դժուարութիւններու, նեղութիւններու, ցաւերու ու տառապանքներու, հիւանդութիւններու եւ այլ հարցերու գծով իբրեւ ուխտաւոր կը գիշերեն մայր տաճարին մէջ` խոկումով, աղօթքով ու արցունքով, խնդրելով մեծ սուրբին` Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը: Տրուած վկայութիւնները ցնցիչ են ու մխիթարական. շատերու խնդրանքները կատարուած են, եւ ուխտերը` ընդունուած: Կիրակի առաւօտեան կը կատարուի հանդիսաւոր եպիսկոպոսական պատարագ` նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին: Ընթացքին, յատուկ արկղի մէջ Խորան կը բերուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Ս. Սեղբեստրոս հայրապետի ու Ս. Նիկողայոսի աջերը ու բազմաթիւ ուրիշ սուրբերու մասունքներ: Պատարագի աւարտին գլխաւոր երեք աջերը սուրբ սեղանին վրայ կը զետեղուին, եւ այնտեղ կը մնան մինչեւ գիշեր, որպէսզի հաւատացեալները մօտենալով` համբուրեն եւ սուրբերուն մասունքներուն միջոցով ստանան աստուածային օրհնութիւններն ու բարիքները:

Երանի՜ այն ժողովուրդներուն, որ իրենց արժէքները գնահատել գիտեն: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը մեր ազգի ու եկեղեցւոյ մեծագոյն արժէքներէն մէկն է, եւ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր մենք բոլորս պէտք ունինք անոր բարեխօսութեան եւ օրինակին: Յատկապէս մերօրեայ արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան ժամանակաշրջանին, երբ մարդիկ հեռանալով ու պարպուելով հոգեւոր ու ազգային արժէքներէն` կեդրոնացած ու կառչած են ժամանակաւորին ու երեւութականին: Ներկայիս շատ աւելի կարիք ունինք անցեալէն եկող ճշմարտութեանց կառչելու եւ անոնց միանալու, որպէսզի անոնցմով հարստացած ու զօրացած` դէպի առողջ եւ լուսաւոր ապագայ ընթանանք: Առանց արմատի` ծառը չի կրնար գոյատեւել: Մենք ալ, առանց մեր պատմութեան մէջ խոր արմատներ նետած արժէքներէն հոսող աւիշէն ըմպելու, չենք կրնար ըստ արժանւոյն գոյատեւել եւ մեր ինքնութիւնը պահպանել:

Մասնակցինք տօնակատարութեան, հաղորդուինք օրուան սուրբ խորհուրդով եւ մեր մեծ սուրբին ու միւս բոլոր սուրբերուն բարեխօսութեամբ նաեւ ստանանք մեզի համար տրուած օրհնութիւնն ու բարիքը: Ուստի, աղօթելով` ըսենք. «Ո՜վ աստուածապարգեւ ու քրիստոսատես հայրապետ, կենդանի վկայ, մեծ խնամակալ, հաւատքի հայր ու հոգեւոր ծնող, երկնամեծար Սուրբդ Գրիգոր Հայոց Աշխարհի: Հաւատքիդ վկայութեան ու խորվիրապեան տաժանքիդ, չարչարանքիդ ու տառապանքիդ իբրեւ արդիւնք ծնունդ առած հաւատքի զաւակներուդ սրտէն բարձրացած սոյն աղօթքը ընդունելով, ո՛վ երկնամեծար վեհութիւն, աստուածախօս ու աստուածամերձ շրթներովդ բոլորիս համար բարեխօսէ Ամենասուրբ Երրորդութեան, որպէսզի մեր սրտերուն մէջ ալ բորբոքին ու բոցավառին աստուածային սէրը, ծառայութեան հոգին ու կենդանի Խօսքին կարօտը, որոնցմով հրաշակերպուած աստուածահաճ կեանք մը ապրինք եւ մեր կարգին մեր ընտանիքին, ընկերութեան, շրջապատին ու հայրենիքին օրհնութիւն, բարիք, լոյս ու աղ դառնանք: Եւ իբրեւ արժանաւոր զաւակներդ ու հետնորդներդ` ուրախութեամբ ու ցնծութեամբ պաշտենք ու փառաւորենք Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին: Ամէն:

3 ապրիլ 2019, Անթիլիաս


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>