Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Տեսակէտ. Մէկ Տարի

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ապրիլ ամիսը ժողովրդային շարժումի մեկնարկի եւ ձեռքբերումներու ամիսն է:

Անցած է տարի մը, ժողովուրդը ունէր ակնկալութիւններ, կայ սպասումի, շօշափելի ձեռքբերումներու յուսախաբութիւն, բնականաբար ժխտական մթնոլորտի ալիքները սկսած են շատնալ:

Յեղափոխութեան հետ եւ կողքին քուէարկող 80 առ հարիւր կազմող ընտրազանգուածը անհամբեր էր եւ արագ շօշափելի փոփոխութիւններ կ՛ուզէր տեսնել իր կեանքին մէջ: Այսօր, փաստօրէն, Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուի: Իրաւունքն է ակնկալել, անհամբեր ըլլալ, ընդվզիլ, յուսախաբութիւն ապրիլ:

Սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ պետութիւնը կը կառուցուի երկու հիմնական սկզբունքներու հիման վրայ: Առաջինը ծրագրուած երկարաժամկէտ փոփոխութիւններու, երկրորդը` բնականաբար, անմիջական փտածութեան դէմ քայլերով եւ գողութիւնն ու թալանը կասեցնելու:

Ժողովրդային շարժումը բաժնենք երկու գլխաւոր շրջաններու: Այսինքն` «Իմ քայլը» Գիւմրիէն սկսած, մինչեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները` իբրեւ փոխանցման եւ կայունացման շրջան, իսկ երկրորդը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեամբ ընտրուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շրջանը, որ փաստօրէն հինգ ամսուան կեանք ունի:

Այս բոլորին լոյսին տակ կրնանք ըսել հետեւեալները.

Ա.- Արցախի հիմնահարցին գծով ոչ մէկ դաւաճանական, կասկածելի երկչոտութիւն, տատամսող քայլ կայ:

Բ.- Բոլորին բացուելու քաղաքականութիւն` արեւելքին եւ արեւմուտքին: Տնտեսական, քաղաքական, երկրագործական, կրթական, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան մակարդակներու վրայ կապերու զարգացում:

Գ.- Անմիջական թալանը կամ այսպէս ըսուած, պետութեան մէջ պետութեան հաշուոյն կատարուող մսխումներու կասեցման իւրաքանչիւր քայլ ցոյցով, ընդվզումով, անհանդուրժողական մթնոլորտով դիմադրելու ճիգի առկայութիւն:

Սակայն թէ՛ օփերայի շրջապատի կանաչազարդման, թէ՛ կրթական, թէ՛ առողջապահական, թէ՛ մշակութային, եւ թէ նախարարութիւններու ստեղծման քայլերը յեղափոխութեան յաջորդող քայլերու դրսեւորումը կը հանդիսանան: Եթէ յեղափոխութիւնը պիտի ըլլայ առանց փոփոխութեան, եթէ կը կարծուէր, թէ յեղափոխութիւնը մեծ սակաւապետերու գողութիւնը կասեցնելով է միայն, ուրեմն կը սխալինք: Բոլոր մակարդակներու վրայ մսխումները վերատեսութեան ենթարկելը յեղափոխութեան մը առաջնահերթ քայլերէն է եւ այդ իմաստով իւրաքանչիւր քայլի հակազդեցութիւնը ծիծաղելի է: Կրնայ ըլլալ ոճի հարց կայ, ձեւի հարց կայ: Սակայն իրականութիւնները այդ ձեւի եւ ոճի սխալին ետին պէտք չէ պահել:

Մսխո՞ւմ կայ: Պատասխանը այո է: Ուրեմն իւրաքանչիւր կառոյց նոր Հայաստանի համար սեղմումներու առաջարկ թող ներկայացնէ պետութեան, որ պիւտճէն հաւասարակշռուի: Այլապէս անիմաստ է: Իւրաքանչիւր քայլի  հակազդեցութիւններով դիմադրելով առջեւ չենք երթար եւ ընդհակառակը մենք մեզի կը վնասենք:

Դ.- Հայաստան-սփիւռք կապի նոր որակ տալու համոզումը կայ, բայց շօշափելի արդիւնքներ չկան: Այս իմաստով առաջնահերթ է, որ թղթածրարի մշակման եւ ծրագրաւորումի մէջ սփիւռքի կարեւոր մաս մը ներառուի: Կարելի չէ միակողմանի մտահոգութիւններով սփիւռքի հետ յարաբերութեան աշխատելաձեւը ճշդել:

Ե.- Մամուլ եւ մտաւորականութիւն: Այսօր փաստօրէն իշխանութիւնը մամուլին վրայ ազդեցութիւն չունի: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ նախկին իշխանաւորները մամուլի վրայ աւելի ազդեցութիւն ունէին, քան այսօրուանները: Այս մէկը դրական երեւոյթ ըլլալով հանդերձ, նաեւ կը պակսի գլխաւոր թեմաներու` բարոյական, ազգային անվտանգութեան, եւ մանաւանդ երկրի կայունութեան վնասող ազդակներու սահմանումը: Մտաւորականութեան պարագային ժողովրդային շարժումէն ետք քաղաքական մտքի վերլուծման, դիրքորոշման եւ ուղղուածութեան իմաստով մտաւորականութեան նոր խաւ մը ստեղծելու եւ հրապարակ գալու ճիգ մը կայ, ինչ որ հիմնական պարտաւորութիւններէն է նաեւ ազգային արժէքներու պաշտպանութեան:

Ուրեմն յեղափոխութեան մէկ տարուան ընթացքը արժեւորելով` կրնանք հաստատ ըսել հետեւեալները.

ա.- Նախորդ իշխանութեան օրերու վերադարձը անկարելի է:

բ.- Յեղափոխութեամբ ընտրուած իշխանութեան հինգ ամիսը տակաւին շատ կարճ է արժեւորելու համար, սակայն.

1.- Արցախի օրակարգով սկզբունքային է եւ հետեւողական:

2.- Մսխումները կասեցնելու քայլերը շարունակական են եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:

3.- Արտաքին յարաբերութիւնները աւելի անկաշկանդ եւ թափանցիկ են:

4.- Սփիւռքի օրակարգը տակաւին ծրագրաւորումի բովի մէջ է:

5.- Տնտեսական իմաստով նոր ներդրումներ բերելու ճիգը ակնյայտ է:

Այս բոլորէն անդին այսօր կայ երեւոյթ մը, որ պէտք է մատնանշել:

– Կայ երիտասարդ եւ իգական ուժի ջախջախիչ մեծամասնութիւն մը, որ քաղաքական դաշտ նոր նետուած է: Փորձառութեան պակաս, ազգային արժէքներու հանդէպ նուազ յարգանք, պետական մտածողութեան դասական հոգեբանութիւն չունեցող: Սակայն այս ժխտական կէտերուն դիմաց իսկական առիթ է նորը պատրաստելու, մանաւանդ եթէ պատրաստակամութիւնը կայ սխալը սրբագրելու կամ տրամադրութիւն` սխալողը պատժելու:

– Ընդդիմութեան, իրական ընդդիմութեան բացակայութիւնը: Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի Հայաստանի մէջ դրական ընդդիմութիւն ձեւաւորելու փուլն է: Այս պայմաններու մէջ աւելի շինիչ կառուցողական ընդդիմութիւն կարելի է ձեւաւորել, քան նախկինին:

Ընդդիմութեան անհրաժեշտութիւնը զգալի է. փաստօրէն այդ մէկը կարելի է ձեւաւորել նոր դէմքերով եւ նոր մօտեցումով: Բոլոր ժամանակներէ աւելի այսօր բոլորս միասնաբար նոր Հայաստանի մէջ ընելիք եւ ըսելիք պէտք է ունենանք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>