Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Նշմար. Առաջարկը Ընդունո՞ւած Է

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հինգշաբթի, 4 ապրիլին յայտարարեց, թէ իր երկիրը «Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին պիտի օգնէ կեանքի կոչելու Վիեննայի հանդիպման արդիւնքները»:

ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն 29 մարտին Վիեննայի մէջ Փաշինեան¬Ալիեւ հանդիպումէն ետք հրապարակած յայտարարութեան մէջ միակ գործնական ու շօշափելի կէտը այն էր, թէ կողմերուն միջեւ «պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է իրականացնելու մարդասիրական շարք մը նախաձեռնութիւններ»:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը երկու օր առաջ Մոսկուայի մէջ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի հետ իր հանդիպումին ընթացքին վերջինէն խնդրած էր միջնորդութիւն կատարել ամառը անյայտ հանգամանքներով Ազրպէյճանի տարածքին մէջ յայտնուած եւ վերջերս Ազրպէյճանի մէջ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած, հոգեկան խնդիրներ ունեցող Կարէն Ղազարեանի ազատ արձակման հարցով:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախաձեռնութիւնը անշուշտ համակարգուած էր Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: Զախարովայի յայտարարութենէն կարելի է եզրակացնել, թէ Մոսկուան ընդունած է այդ առաջարկը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>