Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Միշտ պէտք է մտածել վաղուան մասին նաեւ: Հայաստան կը գործածեն գենեֆոնդ եզրը, այսինքն` ազգը պահող կենսական ուժ-դրամագլուխը: Ազգի աւելի քան կէսը գոյացնող սփիւռք(ներ)ը այդ գենոֆոնդն է, գոյատեւման եւ հզօրացման երաշխիք:
Սփիւռք(ներ)ը հայ ժողովուրդի կէսէն աւելին է որպէս համրանք: Այս տեսական հաստատում մըն է: Յստակ ոչինչ կրնանք ընել անոր ազգային հարազատութեան եւ իրաւութեան մասին, եթէ մէկդի դնենք մարդորսական, ինքնագոհութեան եւ հաճոյակատարութեան ամբոխավարական ճառը:
Ո՞ր տոկոսով սփիւռք բաղկացնողները ազգի կեանքին յանձնառութեամբ մասնակից են: Հարցը զգացումով հայ ըլլալու չի վերաբերիր, ոչ ալ` հռչակի շահագործման: Անպատասխան մնալու կոչուած հարցում է:
Ամէն առիթով եւ ամէն մարդ կը խօսի սփիւռք(ներ)ի մասին, հնարուած է նաեւ սփիւռքագէտ եզրը, գիտութիւն, որուն առարկան եւ չափանիշները ո՛չ մէկ ձեւով սահմանուած են, քանի որ ո՛չ թիւեր կան, ո՛չ մարդահամար, ո՛չ գիտական ձեւով կազմակերպուած հարցախոյզեր` կարենալ ըսելու համար, որ այդ սփիւռք(ներ)ը բաղկացնողները ե՞րբ այլեւս դադրած կ’ըլլան ազգի մարմնին մէջ մնալէ: Տրուած թիւ-թուանշանները որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանեն:
Այս անորոշութեան մէջ` համրանք, տարածում, զանազանութիւն, հնութիւն, տարիք, մշակոյթ, ինքնութիւն, ամէն բան կարելի է ըսել եւ` հակառակը: Ամէն բան կարելի է ըսել, մանաւանդ երբ սփիւռք(ներ)ը դուրսէն կը դիտուի, եւ կամ զբօսաշրջութեան նմանող այցելութիւններով այս կամ այն երկրի հայկական կոչուած համայնքները կը տեսնենք եւ որպէս յարգելի հիւր` կը ծափահարուինք:
Զանազանութիւն ունի՞ն հայրենահանման պատճառով կազմուած եւ դասական համարուող սփիւռքը, եւ ժամանակակից այլազան պատճառներով յառաջացած գաղթականութիւնները, յոգնակի, Հայաստանէն արտագաղթածները եւ մէկ կամ միւս սփիւռք-համայնքէն այլ համայնք փոխադրուածները:
Ո՞վ այսօր կրնայ ըսել, թէ տեսակարար (spռcifique) ի՞նչ տարբերութիւն ունին 1930-ի, 1950-ի, 1980-ի, 2000-ի եւ 2019-ի սփիւռք ընդհանուր սահմանումով բնորոշուող հայկական համայնքները: Այս տարտղնուած սփիւռք-համայնքները ինչպէ՞ս նոյնը կրնան համարուիլ, ըստ ո՞ր արժեչափի: Ե՞րբ ազգային համարուող հաւաքականութիւնները կը դառնան սփիւռքեան համայնք: Անոնց զանազանութիւնը կ’ըմբռնուի միայն աշխարհագրութեա՞մբ եւ բնակավայրո՞վ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը որպէս ի՞նչ կ’ընդունի այս մաշող, տատանող եւ պատմական զարտուղութեան հետեւանք հայկական համարուող հաւաքականութիւնները: Իսկ այս ընդհանուր բնորոշումով սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները զայն որպէս ի՞նչ կ’ընդունին, ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու համար. հասնումի հասցէ կա՞յ:
Հայաստանի զանազան մակարդակի անձնաւորութիւններ սփիւռքը կը կարծեն ճանչնալ Երեւանի մէջ հանդիպած ըլլալով սփիւռքէն եկած ընկեր-բարեկամ հիւրի մը, Փարիզ, Նիւ Եորք, կամ Լոս Անճելըս կատարուած մէկ կամ երկու շաբթուան այցելութեան ընթացքին, զիրենք ընդունողներու, կամ իրենց ի պատիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթին ներկայ եղողներու պատկերով: Արդէն, երբ խօսին, հանդիպումներու ընթացքին կամ հեռատեսիլէն, կը յիշեն որոշ անուններ, որոնք ակադեմական կամ յայտնի ըլլալով հանդերձ, սփիւռքի իրաւ կեանքին յարաբերաբար` լուսանցքի վրայ են, կամ տեսակ մը` վերնախաւ, կը խուսափիմ ըսելէ` ինքնակոչ:
Եւ սփիւռք(ներ)ը կը մաշի, կը տատանի: Տեղ մը դպրոց կը փակուի, ուրիշ տեղ հայերէն թերթը կը դառնայ օտարաբարբառ, անոնց փոխարէն` կը ծլին միութիւններ (նաեւ` արտագաղթող-հայրենաթողներու), «հայրենասիրական» ճամբորդութիւններ կազմակերպողներ: Հասարակաց ի՞նչ ունին սփիւռքեան համայնքները, օրինակ` Մարսէյի եւ Ֆրեզնոյի, Ուքրանիոյ եւ Լիբանանի, Շուէտի եւ Յունաստանի եւ այլն: Հարկ է խօսիլ անոնց կազմութեան պատճառականութեան մասին` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ հոն են, կրնայի՞ն հոն չըլլալ: Կարգախօսային եւ հռետորական արտայայտութիւնները ոչ մէկ ձեւով ճանչնալ կը նշանակեն:
Սփիւռք ճանչնալ եւ զայն օրակարգ համարել` ազգային քաղաքականութիւն է, զոր պէտք չէ շփոթել ո՛չ բեմի լոյսերու, ո՛չ ալ ամբոխավարական յայտարարութիւններու հետ: Թատերական-ցուցադրական մօտեցումները անկարելի կը դարձնեն սփիւռք(ներ)ը իրապէս ճանչնալ եւ անոր նկատմամբ իսկական քաղաքականութիւն մը մշակել եւ թերեւս ալ` գործադրել: Սփիւռքներու պարագան թատրոն չէ, ոչ ալ` պղտոր ջուրի մէջ ձկնորսութիւն ընելու ճապկում, զանոնք պէտք չէ շահագործել նպատակներու համար:
Ինչ որ կը կոչենք հայկական սփիւռք, սկսած է մաշիլ եւ տատանիլ այն պահէն սկսեալ, երբ անհայրենիք եւ գաղթական ըլլալու պարզ գիտակցութիւնը դարձած է երկրորդական եւ թաքուն, որ կը շեշտուի եւ կը տարածուի, երբ այս կամ այն ձեւով պաշտպանուած շրջանակներէ կը հեռանանք: Իրարու յաջորդող սերունդները, ճնշող մեծամասնութեամբ, գտնուած են հոգեվերլուծողներու նկարագրած վիճակին մէջ. ցաւ պատճառող հոգեվիճակները հեռացնել-թաքցնել ենթագիտակիցի եւ անգիտակիցի (subconsceint եւ inconscient) գաղտնարաններուն մէջ: Երեւոյթը բնորոշուած է, ախտաբանական կերպով, որպէս refoulement: Հնարուած են բացատրութիւններ. երկրորդ հայրենիք, երկու հայրենիք, նոր հայրենիք, հարիւր առ հարիւր հայ եւ հարիւր առ հարիւր ֆրանսացի, ամերիկացի, եթէ կ’ուզէք նաեւ չին, կրնանք շարունակել, ինչո՞ւ դեռ չեն փորձուիր ըսել` նաեւ հարիւր առ հարիւր հայ եւ հարիւր առ հարիւր թուրք: Ճնշուածի իմացահոգեկան մոլորում մը, որ ինքնախաբէութեան շապիկ կը հագցնէ ինքնութեան կորուստին եւ նորի ընդունման:
Իրենք զիրենք սփիւռք(ներ)ով զբաղելու, զայն ղեկավարելու եւ առաջնորդելու պարտաւորութիւն զգացողները այս միլիոնաւոր մարդոց հաւաքականութիւնը պէտք է դիտեն ոչ թէ իրենց մասնակի պատկերացումներով եւ տեսակաւոր շահերով, այլ` հայութիւն-ազգի ըմբռնումներով: Իսկ այս կարենալ ընելու համար ցարդ ունեցած ենք եւ ունինք միայն ենթակայական գնահատումներ: Այս պատճառով ալ ամէն բան ներելի է, ամէն ոք իրաւունք ունի:
Սփիւռքեան զանազան բնոյթի ղեկավարութիւնները հայապահպանումի քաղաքականութիւն վարեցին, որ այսօր, եթէ առարկայական ըլլանք, պիտի հաստատենք, որ շնչասպառ է: Դպրոցներ կը փակուին, մամուլը օտարաբարբառ կը դառնայ, համայնքները կը տարտղնուին աշխարհագրականօրէն:
Հիմա ձայներ կը բարձրանան, որ Հայաստան սփիւռքով պիտի զբաղի, պիտի օժանդակէ, պիտի գործակցի: Ինչպէ՞ս, ո՞ր ծանօթութիւններու եւ տուեալներու վրայ հիմնուելով: Սփիւռքը բարդ կացութիւն է, զայն տեսութիւններու փորձադաշտ համարելը կացութիւնը կը վատթարացնէ: Նախընտրելի է քիչ խօսիլ, տուեալներ ունենալ, խորհրդակցիլ ցարդ սփիւռքը հայկական դիմագիծով պահելու աշխատանք կատարածներու հետ: Առանց այս անձերուն եւ անոնց ղեկավարած կառոյցներուն` դրական գործ կարելի չէ իրականացնել, համեմատական խաղաղութիւն գտած եւ իր իրաւ-կեղծ հակամարտութիւնները յաղթահարող սփիւռք(ներ)ը կրնայ կրկին պառակտուիլ:
Պարզ. տիրակալական, նորարական եւ սիրողական-ամաթէօր վերաբերումներ եւ միջամտութիւններ կրնան յանգեցնել բացասական արդիւնքներու, որոնցմէ ո՛չ Հայաստանը կը շահի, ո՛չ սփիւռք(ներ)ը: Կը վնասէ ազգը:
Յաճախ կ’ըսեմ. պէտք չէ գործել յաւելեալ իրաւունքի համար, այլ` յաւելեալ պարտաւորութեան: Այսինքն` ազգային շահի գիտակցութեամբ:
Դիրքը եւ աթոռը անպայման իմաստութիւն չեն:
Ազգին պատմական զարտուղութիւնն է սփիւռք(ներ)ը: Հարկ է զբաղիլ անոր գոյութենական էական հարցով, միաժամանակ` հոգեբարոյական եւ համրանքի, որպէսզի ան շարունակէ մնալ ազգի մաս, մնայ հայատեսակ եւ չայլանայ:
Հայկական իրականութիւնը բարդ է եւ հին: Մեզմով չէ սկսած: Անոնք, որոնք կը խորհին, որ այդ իրականութեան գիւտը իրենցմով կը սկսի, սխալ տեղ կ’երթան եւ սխալ տեղ կը տանին:
15 մարտ 2019, Երեւան