Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Գերիշխանութիւնը Կը Պատկանի Ժողովուրդին Եւ Ոչ Թէ Բռնագրաւողին

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի թուիթըրեան վերջին հերոսութիւններէն եւ քաջագործութիւններէն մէկը եղաւ 21 մարտ 2019-ին իր թուիթըրեան հաշիւէն յայտարարելը, թէ ինք պատրաստ է ստորագրելու Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած սուրիական Կոլանի  բարձունքներու վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչնալու հռչակագիրը: Անարդար հռչակագիր մը, որ ստորագրուեցաւ 25 մարտ 2019-ին` ոտնակոխելով Կոլանի արաբ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը:

Կոլանը 1967-ի Վեցօրեայ պատերազմի նախօրեակին կը պատկանէր Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան եւ ունէր 130.000-145.000 արաբ բնակչութիւն (ըստ սուրիական մարդահամարին): 1967-ի գրաւումէն ետք Իսրայէլը Կոլանի մէջ կործանեց հարիւրաւոր արաբական գիւղեր եւ անոնց փոխարէն` կառուցեց բնակեցման անօրինական բնակավայրեր` վտարելով 80.000-130.000 արաբներ, թոյլ տալով ընդամէնը միայն 6 արաբական գիւղերու գոյութիւնը:

Բռնագրաւուած հողերու յանձնումը բռնագրաւող պետութիւններուն` նորութիւն մը չէ  գերտէրութիւններուն համար, աւելի քան հարիւր տարի առաջ ալ (1917-ին) Պալֆուրի խոստումով Պաղեստինը աղբիւր դարձաւ ապօրինի գաղթականութեան:

Իսկ Թրամփը հողերը յանձնելու հերոսութեամբ ծանօթ է շատոնց. Երուսաղէմը (ներառեալ` արեւելեան մասը, որ նմանապէս գրաւուած էր 1967-ի Վեցօրեայ պատերազմին` Իսրայէլի կողմէ), 6 դեկտեմբեր 2017-ին Թրամփի կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք:

Մեծապետական-ծաւալապաշտական ուժերու խաղերը յստակ կ՛երեւին արեւի ճառագայթներուն նման անոնց նպատակն է ո՛չ միայն թաղել բոլոր ազգային-ազատագրական դատերը, այլեւ ոտնակոխել զանոնք` նեցուկ կանգնելով բռնագրաւող ուժերուն:

Անշուշտ թրամփեան թուիթըրեան հերոսութիւնները իրենց բացասական ազդեցութիւնները պիտի ունենան բանակցային գործընթացներուն վրայ, մանաւանդ որ անոնք կը խախտեն ՄԱԿ-ի որոշումները: Կը փաստուի, որ պաղեստինեան դատը եւ Կոլանի հարցը թաղողներն ու անարդար խաղաղութիւն յօրինողները Թրամփն ու իր դաշնակից Իսրայէլն են:

22 նոյեմբեր 1967-ին ՄԱԿ-ը բանաձեւով մը դատապարտեց Իսրայէլի բռնագրաւումը` Կոլանին, Կազային, Սինային ու Այսրյորդանանին եւ կոչ ուղղեց անոր` քաշուելու բռնագրաւեալ հողերէն:

Թրամփեան երկիմաստ մօտեցումները անգամ մը եւս փաստեցին, որ մեծապետական ուժերն են Միջին Արեւելքի կայունութիւնը խանգարողները եւ ծայրայեղութեան մթնոլորտ ստեղծողները: Տակաւի՛ն, մեծապետական ուժերը Իրաքի եւ Լիպիոյ դասերէն ետք չեն հասկցած, որ իրենց միջամտութիւնները ո՛չ միայն անկայունութիւն բերած են շրջանին, այլ նաեւ ստեղծած են այն մթնոլորտը, որ յառաջացուցած է ծայրայեղական բոլոր ուժերն ու ահաբեկչական խմբաւորումները:

Թրամփէն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն սպասելը անհիմն է:

Հայերս` իբրեւ ազգային-ազատագրական դատ ունեցող ազգի մը, Ցեղասպանութեան պատճառով գաղթական դարձած ազգի մը զաւակները, նեցուկ պէտք է կանգնինք շրջանին մէջ բոլոր զրկուած ժողովուրդներու դատերուն:

Ասիկա բարոյական պարտականութիւն է:

Քաջալերական է, որ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանը ռուսական «Սփութնիք» լրատուական կայքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները բացայայտօրէն կը զօրակցին իսրայէլեան թշնամական եւ ցեղապաշտ քաղաքականութիւններուն` ցոյց տալով ամերիկեան ատելութիւնը արաբներու իրաւունքներուն նկատմամբ:

Որեւէ իրաւազրկուած ժողովուրդի դատի ոտնակոխումը, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն,  բացասականօրէն պիտի ազդէ միւս ժողովուրդներուն ազատագրական պայքարներուն վրայ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13232

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>