«Արաս» հրատարակչատունը հրատարակեց Երուանդ Թօլայեանի (1883-1940?), որ նշանաւոր է իր Կավռօշ գրական կեղծանունով, կոթողային յուշագրութիւնը` «Կավռօշ-նամէ»-ն, որ ցարդ անտիպ մնացած` կը սպասէր իր հրատարակչին: Հայր եւ որդի Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեանը: Հատորին մեկենասն է թրքահայ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկեչ` ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ` Էմմա Քիւլէկեչի: Հատորին մէջ տեղ գտած են լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի լուսանկարներն ու հաւաքորդ Եդեմ Չուպուքճուօղլուի հաւաքածոյէն պատմական բացիկներ: Կողքը պատրաստած է Մելիսա Արսէնեանը:
ԺԹ. դարավերջի ու Ի. դարասկիզբի թատերական հարուստ կեանքը, իր բազմաթիւ դերասաններով, թատերախումբերով, թատերական սրահներով, ո՛չ միայն հայ, այլեւ` թուրք, յոյն, հրեայ եւ օսմանեան խճապատկերին խայտաբղէտ գոյներով, կը ներկայանայ այս գիրքին մէջ, ուր ընթերցողը պիտի տեղեկանայ հետեւեալ եւ այլ բազմաթիւ հետաքրքրաշարժ դրուագներու մանրամասներուն.
Ո՞վ էր այն հայ խմբագիրը, որ Օսմանեան դրամատան դէպքին օրը, երբ պատրիարքարանի զառիվայրէն դէպի իր տունը կ՛երթար, կը ձերբակալուի ոստիկաններուն կողմէ: Վերջիններս կասկածած էին անոր տաբատին արտասովոր ուռեցքէն: Ոստիկանատան մէջ յայտնի կ՛ըլլայ, որ տաբատին ուռեցքին պատճառը ո՛չ թէ ռումբերն են, այլ խմբագիրին ճաթած աճուկը` պարզապէս…
Ո՞վ էր այն դերասանը, Մնակեանի անբաժանելի ընկերը, որ գրպանը ունէր փոքր տետր մը, ուր խնամքով կը նշանակէր, թէ քանի՛ քայլ էր Բերայի իր տունէն մինչեւ Ղալաթիա, Գատըգիւղի նաւամատոյցէն մինչեւ թատրոն, քանի՞ քայլ` Թաքսիմէն մինչեւ Էյիւպ…
Ո՞վ էր այն լուրջ ու ծանրախոհ խմբագիրը, որ Քոնքորտիայի թատրոնին մէջ, իր հաստ մարմինովը, լայն թիկնաթոռէն գետին գլտորեցաւ խնդալէն, երբ կը դիտէր Իպիշի ու Փեշիքեարի տեսարանը…
Ո՞վ էր այն թուրք դերասանը, որ «Վարդան Մամիկոնեան» փիէսին մէջ հայերէնով կը խաղար Յազկերտին դերը…
Ո՞վ էր այն հռչակաւոր դերասանը, որ կը հպարտանար Փերուզ հանըմին ծրարները կրած ըլլալով, երբ ան բաղնիք երթար կամ մեծ դերասաններուն մօտիկ գտնուելու համար կ՛օգնէր բեմի վարագոյրի քաշուելուն…
Պոլսոյ յոյներէն շատեր ինչո՞ւ կը գարշէին բերաննին դնելու Կաղանդի առթիւ հայերուն պատրաստած նշանաւոր անուշապուրը:
Ո՞վ էր Տարիւլ Պետայիի վաստակաշատ հայ դերասանուհին, որ Աթաթիւրքն ու անկախութեան բանակը դիմաւորելու համար առաջինը վազեց գնաց Անգարա:
Եւ դեռ ո՞վ էր այն պուլկար աղջիկը, որ Պոլսոյ հայ հասարակութեան առջեւ «Ո՜հ, ինչ անուշ», «Բամբ որոտան» ու «Հայաստան» կ՛երգէր իր նշանաւոր ձայնով…
«Կավռօշ-նամէ» լուսարձակ մըն է` սեւեռող Ի. դարասկիզբի թատերական ու հանրային կեանքը` իր խայտաբղէտ դէմքերով, զարմանալի անցքերով, վայելչագեղ վայրերով:
Հեղինակին մասին.
Երգիծաբան, խմբագիր եւ դերասան Երուանդ Թօլայեան (Կավռօշ) ծնած է 1883-ին, Պոլիս, Ֆերիտիէ թաղը, Էյրի փողոց, որպէս զաւակը անուանի խմբագիր, թարգմանիչ, դերասան, հրատարակիչ Յովհաննէս Թօլայեանի (1856-1936): Կրթութիւնը ստացած է Սագըզաղաճի Լուսաւորչեան եւ Ղալաթիոյ Սեն Պընուա վարժարաններուն մէջ: 20-րդ դարու սկիզբէն պոլսահայ մամուլին մէջ տպագրած է երգիծական երկեր:
1908-1926 թուականներուն, որոշ ընդհատումներով, Պոլսոյ, կարճ միջոց մը Գահիրէի եւ 1927-1936 թուականներուն Փարիզի մէջ հրատարակած է «Կավռօշ» երգիծական պարբերականը: Խմբագրած է նաեւ այլ պարբերաթերթեր, թղթակցած` Պոլիս տպագրուող կարգ մը հրատարակութիւններու:
Գրական-խմբագրական աշխատանքի զուգահեռ, Թօլայեան մասնակցութիւն բերած է նաեւ թատերական շարժումին: Պոլսոյ մէջ մաս կազմած է Մարտիրոս Մնակեանի թատերախումբին: Բեմ ելած է նաեւ Փարիզի մէջ, ուր գացած էր 1926-ին, Պոլսէն հեռանալէ ետք: Մասնակցած է ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ թրքերէն ներկայացումներու («Արուեստը լեզու չունի», կ՛ըսէր): 1915-ին տարագրուած է արեւմտահայ միւս մտաւորականներուն հետ: Նկարահանուած է թրքական շարժարուեստի հիմնադիր Մուհսին Էրթուղրուլի «Լէպլէպիճի հօր-հօր» (1923) եւ «Չարաճճի աղջիկները» («Սէօզտէ քըզլար») (1924) ժապաւէններուն մէջ:
1936-ին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան, ուր ալ գրած է իր մեծարժէք յուշագրութիւնը: 1937-ին կամ աւելի ուշ կնքած է իր մահկանացուն` իբրեւ զոհ ստալինեան անհատի պաշտամունքի պատճառով ի գործ դրուած բռնութիւններու:
Հրատարակուած գիրքերն են` «Իտէալին ետեւէն (Երգիծավէպ Բերայի բարքերէն)» (Պոլիս, 1910), «Կավռօշ` զինուոր: Զինուորական յիշատակներ: Խըշլայի կեանքէն» (Պոլիս, 1910), «Կավռօշին զատիկը» (Պոլիս, 1919) եւ այլն: