ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդը ուշադրութիւն գրաւած է գիրի, գիրքի ու գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրով, նուիրումով ու գնահատանք-քաջալերանքով, որովհետեւ ան հաւատացած է, որ գիրքը մարդուս միտքը թեւաւորելու եւ զարգացնելու կողքին, նաեւ կը լուսաւորէ իր երազանքն ու երեւակայութիւնն ալ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր այս հայ «մարդուն», միտքս պարզեմ, իրեն համար հայերէն գիրքը ունեցած էր մեծ ու անօրինակ հմայք եւ սանկ, տեսակ մը թաքնուած կախարդանք` միատեղ: Այլ խօսքով, գիրքը, հայերէն գիրքը, նախակրթարանի տարիներէն եղած էր իր հաւատարիմ ընկերն ու մտերիմ բարեկամը:
Այսպէս, ան յաճախ անջատուելով իր շրջապատէն` երախտագիտութեամբ եւ մեծ յարգանքով կը յիշէր հայերէն լեզուի այն բոլոր ուսուցիչները, որոնք իր դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ հայ գիրքը դարձուցած էին իր կեանքի ամէնէն անկեղծ ու անվնաս ընկերակիցը: Հաճելի ժամանց: Իր խաղալիքներուն մէջ` նախասիրած «խաղալիքը»:
Ապա, տարուէ տարի, իր ծննդավայրի հին ակումբի «Քրիստափոր» գրադարանէն, «առատ» ու յարատեւ իր ընթերցումներով, ուղեղին մէջ ամբարած էր Ահարոնեանի, Վարուժանի, Թումանեանի, Չարենցի, Զարդարեանի, Կապուտիկեանի, Համաստեղի, Արմէն Անուշի, Շուշանեանի եւ բոլոր միւս մնացեալ մեծերուն ստեղծագործութիւններով ու այս ձեւով աւելի մօտէն ճանչցած` հայ գրականութիւնն ու անոր մեծ մշակները:
Իսկ հիմա, այս օրերուն` ահա իր այս «նորեկը»… նոր հատորը:
Ու յանկարծ չես գիտեր` ինչո՞ւ, մեծ ոգեւորութեամբ եւ նոյնքան ալ յուզումով յիշած էր իր առաջին հատորը` «առջինեկը», երբ անցեալ դարու վերջերուն, տակաւին նոր լոյս տեսած, մայրանոցէն արագ եւ նոյնքան ալ խնամքով ու հպարտութեամբ իր զաւակը առաջին անգամ տուն բերող ծնողի մը ուրախութիւնը դէմքին, զայն տպարանէն վերցուցած` բերած էր:
Այսպէս ծնած էր իր «անդրանիկը», որուն համար երկար ծրագրած էր: Շաբաթներ վատնած: Գիշերներ լուսցուցած: Դժուար ծնունդ: Մէկ խօսքով, գերագոյն զոհողութիւններու հարազատ արդիւնք: Հատոր մը, որ միայն արձակով չէր հագեցուցած, այլ չափածոյ տողերով ալ համեմած էր անոր էջերը:
Ու անկէ ետք, տունը, իր ազատ ժամերուն, կրկին ու կրկին անգամներ այդ գիրքը կարդացած էր` գրեթէ անծանօթի մը յափշտակութեամբ: Նոյնիսկ յաճախ փորձած էր տնեցիներուն ուշադրութիւնը «անոր» վրայ պահել: Ճաշի կամ ընթրիքի պահերուն եւ կամ տղոց դաս սորվելու ժամանակ, անոնցմէ` իր նոր հատորի բովանդակութեան եւ կամ կողքի գծագրութեան մասին անընդհատ հարցումներ հարցուցած էր: Անհատնում եւ բազմազան հարցումներ, որոնց պատասխաններով թերեւս կարելի ըլլար իր միտքն ալ հանդատեցնել: Նոյնիսկ անոնցմէ աղաչական խնդրած, նման` այն հօր, որ իր զաւկին առողջութեամբ մեծապէս մտահոգուած` բժիշկէն անհամբեր կարծիք-պատասխան կը սպասէր:
Այս առջինեկը իրեն համար փորձ մըն էր, վտանգաւոր եւ սակայն` հաճելի փորձ մը, որուն միջոցով թերեւս օր մը ինքն ալ պիտի կարենար մօտենալ հայ գրականութիւն կոչուած անդաստանի ցանկապատին:
Այդպէ՛ս, ինքզինք համոզած էր:
Եւ ապա, տարիներ ետք, երբ իրապէս սկսած էր կեանքի ու մարդոց մտայնութիւնները աւելի խորունկ չափել, իր հին ու նոր սէրերու կարօտի անդառնալի օրերու մասին հարազատօրէն արտայայտուիլ, հայրենիքի ու իր ապրած գաղութի մասին առաւել մօտէն հետաքրքրուիլ, գրել, մտահոգուիլ, անդրադառնալ, խօսիլ, յիշել` երբեմն ընդվզելով, յաճախ հիւմուրով անոնց լաւ ու վատ կողմերը մատնանշելով, կարծես այս ձեւով ինք աշխարհը աւելի լաւ ճանչցած ըլլար:
Ու գոհ էր, որովհետեւ քաջ գիտէր, որ լուռ կամ բարձրաձայն, ցարդ զինք գնահատող ու քաջալերող իր ընթերցողներէն շա՜տ շատ առաջ իր Հալէպն էր, որ իրեն գրական ճաշակ սերմանած էր, մայրենին` առաւել պաշտել սորվեցուցած, մթնոլորտ ստեղծած, իր մտքի թռիչքներուն առիթ եւ պատեհութիւն տուած, անխօս ու անաղմուկ քաջալերած ու այս ձեւով եւ վերջապէս զինք առաջնորդած ու հասցուցած այս օրերուն` իր այս նոր հատորի ծնունդին:
Բայց, ինչ ալ ըլլային իրեն հասցէագրուած գնահատականները, ինք ձրի գովասանքի ցեխին մէջ մխրճուող մը չէր եւ ո՛չ ալ կ’ուզէր ըլլալ: Եւ որովհետեւ ուզած էր ուրախ ապրիլ, անոր համար երազած էր հաւատալով, որ իրականութիւն ըսուածը երազէն էր, որ կը ծնէր: Ու մինչեւ օրս ալ, գիրքէն եւ գրականութենէն դուրս, փնտռած էր կեանքը, իսկ կեանքին մէջ ալ` գիրն ու գիրքը:
Միշտ հպարտ էր եւ երախտապարտ, բոլոր անոնց` ծնողք, ուսուցիչ եւ կամ վարիչ, որոնք օր մը, եօթը դրացիներով իր ծննդավայրի այդ մեծ բակէն ներս, առաւել` իր յաճախած ազգային վարժարանի համեստ գրասեղաններու ետին եւ տակաւին իր ապրած այդ հին քաղաքի հին ակումբի չոր քարերուն վրայ ու պատմութիւն ունեցող մայր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ իրեն արժէքներ փոխանցած էին, իր նկարագիրը կերտած, կիրք ներշնչած ու զինք դարձուցած` ընկերային եւ ազգային հպարտանք ունեցող հայ մարդ:
Ու ամէն առիթով, երբ իրեն հարց տրուէր, թէ ինք այս օրերուն ինչո՞վ զբաղած էր, անմիջապէս «նոր հատորով» կ՛ըլլար պատասխանը ու կ՛աւելցնէր.
«Թէեւ հայերէն թերթ կամ գիրք ընթերցողներուն ու նաեւ խօսողներուն թիւը, մանաւանդ` արեւմտահայերուն մէջ, զգալիօրէն նուազած էր, բայց կար մէկը, «խենթ» մը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննար, հայերէնով կը գրէր եւ կ՛արտայայտուէր, հայերէնով կ՛աղօթէր, հայերէնով կը սնանէր ու կ՛ապրէր, նոյնիսկ հայերէնով կը հայհոյէր, հայերէնով սիրած էր եւ տակաւին կը սիրէր ու, աւելի՛ն, հայերէնով կը խնդար եւ կը խօսէր: Ու այդ «խենթը» ինքն էր»: Ինքն էր, որ իբրեւ սրտի մտքի ու հոգիի պարտք` հայերէնով գրելու իր պապակը գոհացնելու համար յամառօրէն կը շարունակէր եւ պիտի շարունակէ գրել, եթէ նոյնիսկ իր անձը դառնար իր տողերուն կամ էջերուն միակ ընթերցողը:
Իսկ հիմա` ահա այս «նորեկը», որ իր հարազատ լեզուն էր, իր կեանքը ըլլալու կողքին:
Միւս կողմէ` հաւատացէ՛ք, որ իրեն համար երբեք զարմանալի չէր, որ ներկայիս մարդիկ դժուար կը կարդային եւ այս մէկուն յանցանքը համակարգիչին վրայ կը բեռցնէին: Ահա՛, դրամին մէկ կողմը: Բայց մի՛ մոռնաք, որ միւս կողմը կար նաեւ յստակ ու պայծառ ճշմարտութիւն մըն ալ: Այսպէս, ամէն օր աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու մէջ տեսակաւոր գիրքեր ու թերթեր կը տպուէին, կը հրատարակուէին: Ամէն օր գրողներ կը շարունակէին ստեղծագործել, նոր թարմութիւն ներմուծել գրական ու մշակութային մարզերէն ներս: Ամէն տեղ ծանօթ եւ անծանօթ «գրիչներ» ամէն առիթներով կը գրէին: Գիրք, թերթ, ամսագիր:
Ու անկախ այս բոլորէն, թէեւ հայ մարդուն մօտ յաճախ տեսանելի էր հայ գիրքի նկատմամբ տեսակ մը անտարբերութիւն, անհոգութեան ու նոյնիսկ անտեսում, ի՛նք երբեք չէր մտահոգուած այդ իրողութեամբ: Երբե՛ք: Նոյնիսկ հոգը չէր, թէ` իր հատորներէն քանի՞ն սպառած էին, թէ անոնք քանի՞ ընթերցող ունեցած էին եւ կամ իր նուիրած գիրքերը հաճոյքով ընդունուա՞ծ էին, թէ՞ ոչ մէկ կողմ նետուած, իբրեւ ժամանակավրէպ ներկայութիւն:
Երբե՛ք: Ուրեմն… ինչո՞ւ յուսահատիլ: Իրեն համար կարեւորը գրելն էր: Ստեղծագործելը: Էականը, իր մտքի վազքը շարունակելով, զայն թուղթին յանձնելն էր:
Փաստ` ահա իր այս նոր «նորեկը»: