Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Ինչպե՞ս Ստեղծել Ջրբաժանը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ակնյայտ է, որ հայ-ազրպէյճանական խօսակցութիւնները դեռեւս տեղքայլի մէջ են, եւ պատերազմական դրութեան մէջ որեւէ շօշափելի փոփոխութիւն առայժմ գոյութիւն չունի` հակառակ խօսակցութիւններու մթնոլորտին տրուած պր. վարչապետի դրական գնահատականին: Պարզ է, որ այլ բան ալ կարելի չէր պատկերացնել, քանի որ ոչինչ կայ փոխուած Ազրպէյճանի քաղաքականութեան մէջ: Նոյն ալիեւեան փցուն մտայնութիւնն է միջազգային կողմերը առեւտրա-ֆինանսական խայծերով կաշառելու եւ Հայաստանի վրայ բանակցային առաւելութիւններ շահելու եւ, միւս կողմէ, պատրաստուելու ռազմական նոր արկածախնդրութիւններու:

Այս կացութեան մէջ ինչպէ՞ս դուրս բերել արցախեան հիմնահարցը իր ներկայ աւազախրումէն: Ինչպէ՞ս ստեղծել ջրբաժանը այս փակուղային կացութեան եւ նոր դիւանագիտութեան միջեւ:

Կեանքը ցոյց տուաւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ գործող բանակցային գործընթացը, իր ներկայ առաջադրութիւններով, կը մնայ եւ պիտի մնայ ապարդիւն, այնքան ատեն որ Պաքու կը յամառի պատերազմական վիճակը երկարաձգելու ալիեւեան իր քաղաքականութեան վրայ: Հետեւաբար այս կէտին վրայ երեք առաջնահերթութիւններ պարտադիր կը դառնան ուրիշ որեւէ այլ հարցերու քննարկումէն առաջ.

(ա) Ամրապնդել զինադադարի օրինական դրութիւնը վերահսկողական մեքանիզմներու հաստատումով: Միջազգային կողմերը այս մէկը պէտք է դնեն որպէս նախապայման ամէն այլ օրակարգի: Հայաստան եւ Արցախ կողմ են այս առաջադրութեան, իսկ Ազրպէյճան` դէմ: Այս իսկ պէտք է յուշէ, որ ազրպէյճանական կողմը կը գործէ ոչ շինիչ դիտաւորութիւններով բանակցութիւններու սեղանին վրայ եւ կը վատնէ ժամանակը բանակցային գործընթացին: Իսկ ջրբաժանը հոսկէ միայն կրնայ սկսիլ: Մնացեալը փուճ խօսակցութիւն է: Եթէ այս պահանջին Պաքու կը մերժէ դրականօրէն ընդառաջել, բանակցային գործընթացը այլ տեղ չունի երթալիք:

(բ) Այնքան ատեն որ Պաքու իր քաղաքականութիւնը կը հիմնէ հարցին ռազմական լուծում տալու իր որոշումին վրայ, հայկական կողմի ռազմավարութիւնը չի կրնար բանտարկուած մնալ պաշտպանողականի սահմաններուն մէջ: Այսինքն` նախայարձակ կացութիւններուն հակազդելու դիրքերուն վրայ միայն: Միջազգային կողմերը պէտք է պաշտօնապէս իրազեկուին Հայաստանի կողմէ, որ այսուհետեւ խաղականոնները փոխուած են, եւ որ հայկական կողմի ուժերը այսուհետեւ կը գործեն նախաձեռնողական դիրքերէ: Այս մասին խրախուսիչ են վերջերս հրապարակուած նախարար Տօնոյեանի հաւաստիքները Նիւ Եորքի մէջ:

(գ) Եւ վերջապէս, պայման է, որ բանակցային գործընթացը այս կէտին վրայ փոխէ իր բովանդակութիւնը: Հարցին էութիւնը հողային չէ: Երբեք չէ եղած: Ազրպէյճան հրապարակաւ յայտնած է քանիցս, որ Պաքուի բուն նպատակն է Հայաստանը, իր ամբողջութեանը մէջ, ռազմական գրաւման ենթարկել եւ բնաջնջել անոր ժողովուրդը: Հետեւաբար կը խօսինք Հայաստանի եւ Կովկասի անվտանգութեան մասին: Կը խօսինք գերսպառազինուած պետութեան մը մասին, որ քանիցս ցոյց տուած է ֆաշական իր ժանիքները: Բանակցային գործընթացը պէտք է լուծէ տարածաշրջանի այս ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ սուր խնդիրը: Ազրպէյճան պէտք է համաձայնի Հայաստանի եւ Արցախի հետ ստորագրել միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ոչ յարձակման ուխտագիր մը: Այսպիսի ուխտագրի մը կեանքի կոչուելէն ետք միայն ենթադրաբար կրնան սկսիլ բոլորովին նոր բանակցութիւններ` հողային հարցին նուիրուած եւ հայ-ազրպէյճանական ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ ճշդելու առաջադրութեամբ:

Արցախեան հիմնահարցը հոս է, որ կը գտնուի այսօր: Այս չափորոշիչներով միայն ան կարեւոր է միջազգային հանրութեան: Այս չափորոշիչներով միայն ան կրնայ հասնիլ իրական հանգուցալուծման: Այս չափորոշիչներով միայն կարելի է ձեւաւորել ջրբաժանը անցեալին եւ ներկայի հրամայականներուն միջեւ:

Մարտ 31, 2019 Ուաշինկթըն

Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>