Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Պէտք Չէ Աճապարել

$
0
0

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կոլանը իբրեւ Իսրայէլի մաս ճանչնալու յայտարարութիւնը, որ մեր կարծիքով` պէտք է ուժգնօրէն դատապարտուի, հայկական քաղաքական շահերու տեսանկիւնէն թիւր վերլուծումներու տեղիք տուած է:

Նախ եւ առաջ, նախագահ Թրամփի վարկն ու միջազգային հեղինակութիւնը այնքան ալ ծանրակշիռ չեն, որ անոր քաղաքական կեցուածքները դառնան հիմնարար նախընթացներ, քաղաքականութիւն ճշդելու կամ կողմնորոշուելու ուղեցոյց: Նոյնինքն ամերիկեան քաղաքական միջավայրը դժուար թէ ընդունի այս յայտարարութեան տեսական հիմքերու արդարացիութիւնը, մանաւանդ երբ երկրի օրէնսդիր մարմինը գրեթէ միաձայնութեամբ օրէ օր կը խստացնէ Ռուսիոյ հանդէպ տնտեսական պատժամիջոցները` Խրիմը գրաւած ըլլալուն պատճառով:

Հայկական դիտանկիւնէն, Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհին (որքան ալ արաբական որոշ երկիրներու ղեկավարութիւնները անհասկնալի ու դատապարտելի կրաւորականութիւն ցոյց կու տան այս հարցին վերաբերեալ) հանդէպ մեր ռազմավարական բարեկամութիւնը թոյլ չի կրնար տալ մեզի Արցախի միջազգային ճանաչման իբրեւ նպաստաւոր գործօն նկատելու Թրամփի յայտարարութիւնը: Այս ուղղութեամբ վերապահ մնալը, առանց աճապարանքի եւ աւելի ուշադիր արտայայտուիլը ճիշդ կ՛ըլլայ:

Արցախի հարցով միջազգային հանրութեան մեր դատը ներկայացուցած ենք թէ՛ պատմական, թէ՛ իրաւական բոլոր հիմնաւորումներով, եւ այդ հիմնաւորումներու արդարացիութիւնը մեզի համար վիճելի չէ: Ուրեմն, այլ արդարացումներ ու հիմնաւորումներ փնտռելու կարիք պէտք չէ զգանք:

Այս մասին կ՛արժէ կարդալ արցախեան ակունքներով քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեանի դիմատետրեան գրառումը.

«Կոլանի բարձունքներն Իսրայէլի մաս ճանաչելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի որոշումը լաւատեսութիւն եւ ոգեւորութիւն է առաջացրել որոշ հայ փորձագէտների եւ քաղաքական գործիչների շրջանում: Ասում են` լաւ նախադէպ է Արցախի համար: Միջազգային իրաւունքի այս կամ այն սկզբունքի առաջնայնութեան եւ կարեւորութեան մասին են դատողութիւններ անում եւ այլն:

«Կարդում եմ ու մտածում` լա՛ւ, ինչպէ՞ս է կարելի այսքան յարմարուող եւ իրականութեան զգացողութիւնից զուրկ լինել: Ի՞նչ գրողի տարած նախադէպ: Մի՞թէ մինչ օրս մարդիկ չհասկացան, որ նման հակամարտութիւնները նախադէպերով չեն լուծւում: Նման հարցերում որոշակի քաղաքականութիւն է պէտք եւ ոչ թէ նախադէպեր: Ու երբ դու քո «շահից» ելնելով դաւաճանում ես քո բնական դաշնակցին` դրանով դու հէնց ինքդ ես փոս փորում քեզ համար: Աննախադէպ փոս»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13237

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>