Ազգերու եւ ժողովուրդներու կրթադաստիարակչական ու գիտական մակարդակը մեծաւ մասամբ կախեալ է ուսուցիչներէն: Անոնք են, որ սերունդներ կը դաստիարակեն ու մատղաշ հոգիներուն դիմաց գիտելիքներու ծով աշխարհը կը բանան: Որակեալ ուսուցիչը մարդը կերտողն ու անոր թռիչք տուողն է, ուստի մեծ է անոր դերը հասարակութեան որակի ուրուագծման մէջ: Ուսուցիչն է, որ կը կերտէ վաղուան առաջնորդը, սակայն երբ ան չի բացայայտեր աշակերտին ներքին զօրութիւնը, անոր ուժին աղբիւրը, ձախողութեան կրնայ դատապարտել զինք իր ողջ կեանքին ընթացքին:
Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատ իրաւացի էր, երբ կ՛ըսէր.
«Ուսուցիչ ըլլալ
Եւ սորվիլ ուզող ուղեղներէն ներս
Նոր գիտելիքներ ներմուծել ջանալ
փորձե՞ր էք բնաւ
Չէք գիտեր ինչ խոր հաճոյք է – կը զգաք –
Հեղ մը որ համը առիք – այրեցաք –
Չէք կրնար դիւրաւ պրծիլ ազատիլ
Ձեզի ո՞վ ըսաւ ուսուցիչ ըլլաք…»
Իսկապէս, որքան խոր հաճոյք առթող, նոյնքան ալ մեծ պատասխանատուութիւն ենթադրող կոչում է ուսուցչութիւնը, յատկապէս` ներկայ ժամանակներուն մէջ:
21-րդ դարու կրթական գործընթացը արմատական փոփոխութիւններ կրած է, յատկապէս` այն պատճառով, որ սրընթաց զարգացող արհեստագիտութիւնը ներխուժած է գիտութեան ու կրթութեան բազմազան ոլորտներ: Ուսանողները եւս փոխուած են. անոնք աւելի բաց են նորութիւններուն դիմաց եւ ակնկալուած արդիւնքը չեն տար, եթէ կրթական հաստատութիւններ դասական ու ժամանակավրէպ ուսուցման ձեւեր կիրարկեն:
Կրթութիւնը այս օրերուն կախեալ չէ միայն լաւ դասագիրքերէն, այլ` աշակերտին մտածելու կարողութենէն, տեղեկատուական բաց համակարգէն եւ արհեստագիտութեան զարգացումէն: Այս իսկ պատճառով կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը համարժէք ըլլալու են ներկայ ժամանակուան պահանջներուն: Յատկապէս պէտք չէ մտահան ընել, որ ներկայ սերունդին համար դասաւանդութիւնը արդիւնաւէտ կը դառնայ,երբ ան կարենայ իր ստացած գիտելիքը օգտագործել դասարանէն դուրս` իր առօրեայ կեանքին մէջ ու շօշափել անոր բարիքը:
Ճիշդ այստեղ է, որ ուսուցիչին դերը կ՛ընդգծուի: Ժամանակակից ուսուցիչն է, որ աշակերտը պիտի մղէ աշխատունակ դառնալու եւ թուայնացած այս դարուն մէջ իր կարողութիւնները զարգացնելու:
Ուսուցիչը, ուրեմն, ոչ միայն աշակերտին ուսում ջամբող տարրն է, այլեւ անոր հմտութիւնները յայտնաբերող ու զարգացնող, միտքը ընդլայնող, զինք քննական մտածողութեան եւ ստեղծագործութեան մղող խորհրդատուն է: Այս բոլորին որպէս արդիւնք` աշակերտին յաջողութիւնը ուսուցիչին ալ յաջողութիւնն է միանշանակ:
Ժամանակի թաւալումին եւ արհեստագիտութեան զարգացումին հետ ուսուցիչին դերն ալ փոխուած է փաստօրէն: Ներկայ ուսուցիչը ժամանակի զարգացումներուն հետ տեւաբար քայլ պահողն է, ուսուցման դասական ձեւերէն անդին` նորութիւններ ներմուծողն է նաեւ:
Կ՛ապրինք այնպիսի արագ զարգացող ու մրցակցային աշխարհի մը մէջ, ուր ապագայ կը խոստանան այն երիտասարդները, որոնք աշխատունակ ու զանազան միջավայրերու հետ գործակցող են, ունին` քննական մտածողութիւն, ստեղծագործելու ունակութիւն, արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներէն առաւելագոյնս օգտուելու հմտութիւն եւ տեղեկատուական բաց համակարգի անսահման աղբիւրները օգտագործելու կարելիութիւն: Ուսուցիչին պարտականութիւնն է, ուրեմն, ազգային դաստիարակութեան, բարոյական արժէքներու սերմանման կողքին, երեւան բերել աշակերտին վերոյիշեալ հմտութիւններն ու ուղղել զայն, որպէսզի զարգացնէ միտքն ու նախասիրութիւնը` օգտուելով ժամանակակից ուսուցման բոլոր միջոցներէն: Այսպիսով, ուսումը կը դառնայ աւելի հաճելի, դասարանը կը դառնայ զարգացման նպաստող միջավայր, իսկ աշակերտը առաւել մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի դասերուն:
Ձեր նուիրական առաքելութեան անդրադառնալով` մեր յարգանքն ու լաւագոյն մաղթանքը կը յայտնենք ձեզի, նուիրեա՛լ ուսուցիչներ, որ ուսման գործընթացը դուրս բերելով դասարանի սահմանէն` աշակերտը գիտութեան լոյսին կ՛առաջնորդէք:
«Գ.»