Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Գրականութիւնը ըլլալու համար իր ժամանակի ոգեկանութեան հարազատ եւ ոչ միայն իրապաշտ արտայայտութիւնը, գերանցելու համար նոյն այդ ժամանակը` դառնալով արժէք, ինքզինք կ՛իրագործէ (կամ չ՛իրագործեր) գրողի, ընթերցողի, գրախօսողի եւ գրական քննադատի քառասիւն շրջագիծին մէջ:
Գրականութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը բազմակողմ արուեստներ են:
Երբ կ՛ըսենք արուեստ, առաջին հերթին եւ բնական կերպով կը խորհինք նկարչութեան, քանդակագործութեան, երգի եւ երաժշտութեան մասին: Ի՞նչ են, այդ արուեստներու պարագային, ստեղծագործողին եւ ընկալողին յարաբերութիւնը: Անոնք կը ներկայանան մարդոց, արուեստասէր թէ ոչ, եւ իւրաքանչիւր անձ, ըստ իր տպաւորութեան, ըմբռնումներուն, զգացողութեան եւ հետաքրքրութիւններուն, կը տեսնէ:
Գրողին հարցը տարբեր է: Ան յաւակնութիւն ունի. ան կ՛ուզէ ազդել, առաջնորդել, իր կենսափորձը եւ ներաշխարհը ընդհանրական դարձնել: Գրողը միշտ ալ խորհած է, որ իր խօսքը, ենթակայական ըլլալով հանդերձ, կը վերաբերի իր ժամանակի եւ ապագայի մարդոց: Եզակի ըլլալով հանդերձ, կը ձգտի յոգնակիութեան: Այսինքն իր խօսքը կ՛ապրի եւ կ՛առաջնորդէ ոչ միայն զինք, այլեւ` իր ժամանակակիցները, նաեւ` յետնորդները: Այլ խօսքով, գրականութիւնը միշտ յանձնառութեան խորք ունի, նոյնիսկ երբ որպէս այդպիսին չի ներկայանար, կը կարծէ անմիջականութիւններէն վեր ըլլալ:
Բանաստեղծը սոսկ գրող չէ, ան տեսակ մը ալշիմիստ է, իր բառերը իրենց ընդունուած իմաստէն եւ դերէն անդին կ՛անցնին, սովորաբար կը գործածենք անոնց համար թելադրական բառը: Իսկ գրողը կ՛ուզէ ընդհանրացած տեսնել իր գաղափարները, ապրումները` ձեւով մը ընթերցողը ընդունելով որպէս զրուցակից, թիրախ, անոր ընդմէջէն սեւեռելով ներկայ եւ գալիք ընկերութիւնը: Գրողը եթէ յաջողի իր եսի փորձը ընդհանրացնել, եթէ բանտարկուած չմնայ մենախօսութեան եւ ինքնահիացման մէջ, կը մեծնայ: Գրողը իր բառով եւ խօսքով կ՛ուզէ գործել, ճամբացոյց ըլլալ, փոխել: Գրողը ինքզինք դրսեւորելով, կը յաւակնի մարդը եւ ընկերութիւնը դրսեւորել` հասկնալ, առաջնորդել փոխուելու, գիտակցելու, պատասխանատուութիւն զգալու:
Գրողը արձակ բանաստեղծութիւն չ՛ըներ, նոյնիսկ եթէ իր կերպարները, շրջապատը եւ միջավայրը արուեստով ներկայացուին: Անոնք պէտք է պատշաճին իր խօսքի եւ փորձի թիրախին: Այսինքն ոճը եւ պատկերները ըսելիքին պիտի ծառայեն, եւ ոչ թէ ըսելիքը պարզ առիթ պիտի ըլլայ գեղեցիկ խօսքի, այդ կ՛ըլլայ պարզ սոփեստութիւն:
Կը յիշեմ Լեւոն Շանթի մէկ բանաստեղծութիւնը, ուր ան կ՛ըսէ, թէ հարց կու տան իրեն, թէ ինչո՞ւ կը գրէ, եւ կը պատասխանէ, թէ կը հարցնե՞ն հովին, թէ ինչո՞ւ կը փչէ: Իսկ նոյն Լեւոն Շանթը, երբ կը գրէ «Հին աստուածներ»-ը, «Ինկած բերդի իշխանուհին» կամ «Շղթայուածը», գիտէ, թէ ինչո՛ւ կը գրէ, փղոսկրեայ աշտարակի գագաթը նստած հով եւ ջուր չ՛երգեր:
Գրողը, գաղափար մը կ՛ուզէ փոխանցել, ան ըլլայ` բարոյական, կրօնական թէ քաղաքական, որ կապ ունի իր կենսափորձին հետ: Այս իմաստով ալ յանձնառու գրականութիւն բացատրութիւնը պէտք չէ վերապահել միայն քաղաքական բովանդակութեամբ թատրոնին կամ վէպին:
Գրողը թուղթ չի սեւցներ ինքնիրեն հաճոյք պատճառելու համար, այլ` երթալու համար միւսին: Շրջանակը կամ պատումը, ան ըլլայ հին թէ նոր, պատմագիտութիւն չէ, կը դառնայ անմիջականութիւն: Կը գրէ «բան մը ըսելու համար», յետոյ միայն կը միջամտեն խօսքին գեղեցկութիւնը, ոճին շնորհը: Այսինքն ընթերցողը եւ քննադատը նախ պէտք է հասկնան, թէ ինչո՛ւ գրուած է էջը, ըսելու համար, որ գրողը կայ նաեւ իր անձէն դուրս գտնուող աշխարհին եւ ընկերութեան յարաբերաբար: Միաժամանակ գրողը բնութեան, իր կերպարներուն եւ ընկերութեան ինքնատիպ կեանք կու տայ, մինչ մենք անոնց կողքէն կ՛անցնինք` առանց մասնակցութեան զգացողութեան, անոնք կը դադրին ըլլալէ, երբ գրողը զանոնք չի դաջեր, ինչ որ կը կոչենք ստեղծագործութիւն:
Երբեք բաւարար չափով չենք շեշտեր ընթերցողին ներկայութիւնը: Ստեղծագործութիւնը կ՛իմաստաւորուի ընթերցողով: Գրողի թաքուն կամ բացորոշ նպատակը միւսն է, գրողը չի գրեր գրելու համար: Ընթերցողը կարեւոր է, որպէսզի լրանայ երկը, այսօր կամ վաղը, երկար ժամանակ ետք: Այդպէս են նաեւ արուեստները, որոնց ազնիւ նպատակը հետք ձգել է, կրնաք ըսել` վկայել, նախատեսել, ժամանակը եւ մասնակին գերանցել` մոռացման դէմ կանգնելով, անմահութիւն նուաճել յիշողութեամբ: Գրականութիւնը ապրելու համար ընթերցողին պէտք ունի: Անհեթեթութիւն է երեւակայել, որ գրականութիւն մը ըլլայ առանց ընթերցողի: Ընթերցողի ընկալումով, սիրով կամ մերժումով գրողի հրամցուցածը կ՛ըլլայ գրականութիւն: Ազնիւ գրականութիւն, երբ կը յառաջացնէ խորացում, դատում, գեղեցիկի եւ իմաստի վայելք: Այդ վայելքին ճարտարապետներն են գրողը եւ ընթերցողը:
Հարկ է հասկնալ գրողին ինքնատիպ արկածախնդրութիւնը: Այս մասին մտածեցի` կարդալով Օրհան Փամուքի խօսքը, արտասանուած` 7 դեկտեմբեր 2006-ին, Սթոքհոլմ, երբ կը ստանար գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը : Ան ըսած էր. «Ինծի համար գրող ըլլալ` համբերութեամբ գտնել է, տարիներու ընթացքին, երկրորդ անձը, թաքնուած, որ մեր մէջ կ՛ապրի, եւ` աշխարհ մը, որմէ կը հոսի մեր երկրորդ կեանքը. գրել` նախ ինծի կը յուշէ ոչ թէ վէպերը, բանաստեղծութիւնը, գրական աւանդութիւնը, այլ` մարդը, որ սենեակի մը մէջ բանտուած` կը կծկուի, առանձին` իր բառերուն հետ, եւ այդ ընելով` կը նետէ հիմերը նոր աշխարհի մը»:
Ամէնէն երեւակայական եւ անիրապաշտ էջն անգամ ձգտում է դէպի իրականութիւն, որ սոսկ հաստատում կամ հիացում չէ, այլ` փոխելու, ազդելու, նորի հասնելու նկրտում, եղածի եւ ներկայի անբաւարարութեան եւ անկատարութեան դէմ, այս ընելու համար գրողը իրաւութեամբ ազատութեան կրողն է եւ զայն կ՛ուզէ փոխանցել միւսին, որ ընթերցողն է: Գրողը, արձակագիր թէ բանաստեղծ, բառ թխող չէ: Գրական իրաւ քննադատութիւնը թխածոն պէտք է զանազանէ գրականէն: Թխածոն գերանցելով` գրողը եւ բանաստեղծը պէտք է խորհին եւ զգան, խորհելու եւ զգալու մղեն ընթերցողը, թէ ինչո՛ւ կը գրենք եւ ինչո՛ւ կը կարդանք: Այդ թխածոյ բառերով սուտուփուտ գրականութիւն ընելու մարմաջը կար, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ, ԺԶ-ԺԷ դարերուն կային գրականութիւն ընելու մարմաջէ տառապողներ, զորս ձաղկած է Մոլիեր իր Les précieuses ridicules կատակերգութեամբ, թէեւ այդ տիպարներուն միշտ կարելի է հանդիպիլ, նաեւ մեր մէջ: Անոնք կը կարծէին մտացի ըլլալ, ստեղծագործող, օրինակ, երբ կեղծամ ըսելու փոխարէն` կ՛ըսէին ծերերու երիտասարդութիւնը, կամ երաժշտութեան փոխարէն` ականջներու դրախտը, աթոռակով մարդ փոխադրողները կը կոչէին մկրտուած ջորիներ… եւ կը հիանային իրենց գիւտերուն: Այս փոխհիացման կը հանդիպինք նաեւ մեր օրերուն, երբ կը բացակային տաղանդը եւ ըսելիքը, եւ փոխարէնը կը գտնենք թխածոյ բառ ու խօսք:
Գրողը, բանաստեղծը, արուեստագէտը բացայայտ կամ թաքուն փառասիրութիւն ունին. ստեղծագործութեան ճամբով հասնիլ ներկայի հռչակին եւ վաղուան անմահութեան: Այդ ցոյց կու տայ պատմութիւնը: Բայց անոնց նուաճումը ապագային մէջ չէ, այլ` ներկային, ներկայի մարդոցմով եւ խնդիրներով: Իսկ իրենք տեսակ մը թարգման են, արտայայտող, բացայայտող, արձանագրող: Այս դերը ընտրած են, տուած են իրենք իրենց` միշտ ուղղուելով նաեւ դէպի միւսը: Միւսը` յոգնակի, ազգը, համայնքը, մարդկութիւնը: Անոնք ներկային մէջ են, բայց կը միտին ընդհանրացման, պատմութեան: Կ՛ուզեն ըլլալ շարունակութիւն (արժէքներ) եւ փոխել (յառաջդիմութիւն): Գիր-գրականութեան ժողովրդականացումը, մանաւանդ` տպագրութեան գիւտէն ետք, համեմատաբար նոր երեւոյթ է` նկատի ունենալով, որ մինչ այդ գիրը եւ գիրքը սեփականացուած էին ընկերութեան խիստ սահմանափակ շրջանակներու կողմէ. կրօնականներ, քաղաքական առաջնորդներ եւ ազնուականութիւն: Այս ընթացքը եղաւ նաեւ յեղափոխութիւններու մեկնակէտը, գիրը եւ գիրքը դարձան եղափոխութեան ազդակ` նորի առաջարկներով (գաղափարներ) եւ քննադատութիւններով:
Հայ գրողները, կարծէք, կ՛ապրին ժողովուրդին, անոր ներկային եւ ընթացող պատմութեան մէջ իրենք զիրենք տեսնելու, անոր վրայ ազդելու անզօրութեան գիտակցութիւն մը` եւ լուռ չմնալու համար կը հետեւին հրապարակագրութեան, որ նախ իրենք զիրենք փնտռելու ուղիի մը որոնումն է: Խօսքը չի վերաբերիր քարոզչական-գովերգական-կողմնապաշտական եւ ապսպրանքի նմանող կազեթի հրապարակագրութեան: Եթէ հայ գրողը չհետեւի ինքնաորոնման հրապարակագրութեան, կ՛ընտրէ բանաստեղծութեան ուղին, գեղագիտական եւ յաճախ նաեւ իմաստասիրական-բարոյախօսական ուղին, առանձնութեան երջանկութեան մէջ: Այս մթնոլորտը կը բացատրուի նաեւ` պարզ պատճառով մը. ընթերցողի բացակայութեամբ: Միշտ պէտք է տեսնել տպաքանակներու թիւերը, որոնք աւելի խօսուն են, քան` գրախօսականները:
Այս պայմաններուն մէջ չենք գտներ գրականութեամբ ապրող եւ գրականութեան համար ապրող գրողը: Բացակայ ընթերցողը եւ գրականութիւնը ամբողջական վերաբերում չդարձնող գրողը կը կանգնին հարցականի առջեւ. ի՞նչ բանի կը ծառայէ գրականութիւնը: Գաղտնիք չէ` ինչ որ կը կոչենք բիզնես, ողողած է ընկերաքաղաքական կեանքը, որմէ բացակայ ըլլալ աններելի մեղք կը համարուի:
Սփիւռք(ներ)ի մէջ, կամայ ակամայ, հայ գրականութիւնը, արմատախիլ եղած ըլլալու գիտակցութիւնն անգամ կորսնցնող երրորդ սերունդներուն համար, արձակ եւ բանաստեղծութիւն, հետզհետէ աւելի շեշտուած կերպով կը նմանի պաշտպանուած սենեակի մը սեղանին վրայ պահուած տարաշխարհիկ-exotique բոյսի, որուն արտայայտութիւնն է հայածնունդներու օտարալեզու եւ կամ նմանողութեամբ մշակուող գրականութիւնը: Այսինքն` հայածնունդ գրողը իր ժողովուրդի պատմութեան մէջ չէ: Գրականութեան մէջ է, բայց` ոչ հայ գրականութեան: Այս արտայայտութիւնը ցեղապաշտական կամ կեթթոյական երանգ չունի, այլ կ՛որոնէ ոչ արհեստական հարազատութիւնը:
Մեր ժողովուրդը այսօր ալ կանգնած է պատմական պատասխանատուութիւններու դիմաց, եթէ զանոնք տեսնէ եւ ընդունի յանձն առնել: Երբ հայրենիքը ոչ թէ պատերազմի սպառնալիքի տակ է, այլ պատերազմի մէջ է, ենթակայ է մնայուն բնոյթ ունեցող տարտղնումի եւ անոր պատճառով` ինքնութիւն-համրանք կորուստի: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ հոգիներու տուայտանքը օրօրող ռոմանթիկ զգացականութիւններու կամ բառերով գինովնալու ամուլ վերացական խաղերու անձնատուր ըլլալ` ընկերային եւ մարդկային անհեթեթութիւն է: Այս` քաղաքական կեանքի եւ գրականութեան պարագային միաժամանակ: Պէտք է խօսիլ մեր վաղը պատրաստող այսօրուան մասին` հրաժարելով շաբաթավերջի մը կամ շրջապտոյտի մը ընթաքին լուացքի պէս պարանի վրայ փռուած անվաղորդայն զգացումներէ:
Սպառողական ընկերութեան հետ քայլ պահող սպառման խօսք-ճամարտակութիւններէն անդին պէտք է անցնի գրականութիւնը, նաեւ իրաւ հրապարակագրութիւնը` յանձնառութեան առաջնորդող տեսիլք փոխանցելու համար զանգուածներուն, եւ ոչ` այս կամ այն պատեանին ետին կծկուած մեծամասնութիւն ըլլալու յաւակնութիւն ունեցող փոքրամասնութիւններուն: Այս պէտք է ըլլայ դերը ժամանակակից գրողին, ընդհանրացնելով` նաեւ իրաւ մտաւորականին:
Նաեւ հարկ է ճշդել խօսքի հասցէն:
Մեր պատմութեան ներկայ փուլին, հասցէի ընդհանրութեան անորոշութիւնը մարդորսական պատճառներով, խօսքը կը դատարկէ իր իմաստէն, զայն կը դարձնէ տակառային աղմուկ: Պատմական պահու գրականութիւն պէտք է, յանձնառութեան գրականութիւն, առանց ճապկումներու, հասնելով գիւղացիին, արհեստաւորին, վարժապետին, առեւտրականին, գիտնականին: Գրականութիւն, որ չըլլայ կապոյտ երկինքի եւ վարդի սէր, այլ` մարդու, ինքնութեան, հպարտութեան, իրաւունքի ըմբռնում եւ յանձնառութիւն:
Կրկնութեան գնով պէտք է ըսենք, թէ այսօր ի՛նչ պէտք է գրենք, ինչո՛ւ պէտք է գրենք, որոնց համար: «Որոնց համար» երբ կ՛ըսենք, հարց պէտք է տալ, կա՞ն անոնք, այդ գիրին սպասողներ կա՞ն: Միամիտ պէտք է ըլլալ խորհելու համար, որ այդ գիրը սպասողները յանկարծ, հրաշքով հրապարակ պիտի գան: Այդ գիրը սպասողները ենթահողն են ազգային վերականգնումի, որոնք իրաւ գրականութեամբ սնանելով` ապագայ պիտի կերտեն: Գրականութիւնը ազգային-ընկերային ուժականութեան մատակարարողը պէտք է ըլլայ` գերանցելով դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան եւ մանր քաղքենիական բիզնեսային հարթող մամլիչը: Այս յեղափոխութիւնը պիտի գայ գրականութեամբ:
Ապագայի համար, ղեկավարութիւնները եւ անոնք, որոնք միջոցներու հակակշիռը ունին, ոգեկանի, գիրի եւ գրականութեան տիրութիւն պէտք է ընեն իսկական ներդրումներով` մարդկային եւ նիւթական, որպէսզի կանգ առնէ հոգեկան-ոգեկան մերկութիւնը, որ կը բաւարարուի բաժակաճառերով:
Որպէսզի յաղթահարենք յաւերժի ֆիզիքական եւ հոգեկան գաղթականի վիճակները, սփիւռք(ներ) եւ Հայաստան:
Նպատակը պիտի ըլլայ Հայաստանի, հայուն եւ հայութեան վերստեղծումը ամէն օր եւ ամէնուրեք:
Գրականութիւնը անխուսափելիօրէն իմաստ-բարոյականի հարցերու խնդրայարոյց բեմն է` առանց երբեք ըլլալու տիրացուական բարոյախօսութիւն: Անոր առանցքը մարդն է, որ միշտ խնդիրներ ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ բնութեան, շրջապատին, ինքնիրեն եւ իր նմաններուն հետ, քանի որ ազատ է եւ մտածող: Առանց գրականութեան, բանաստեղծութեան, արուեստի` կեանքը եւ ընկերութիւնը կը վերածուին նպարավաճառի անգոյն կրպակի:
Գրական քննադատը, իր կարգին, կը նպաստէ ստեղծագործութեան` համազգացողութեամբ (empathie), կը լուսաւորէ գրական երկը, ի հարկէ եթէ երկը ներքին լոյս ունի, ինչ որ գրախօսականէ եւ պալատականի հաճոյախօսութենէ տարբեր է, առանց խեղդուելու արդիական կամ գիտական համարուած թխածոյ բառերու կոյտի մէջ, ինչպէս ըսուեցաւ վերը: Ան ինքնիրեն պէտք է սահմանէ ընթերցումը դիւրացնելու համեստ դերը: Այսինքն` մեզ դնելու գրողին եւ բանաստեղծին, նկարիչին եւ երաժիշտին հետ հաղորդակցելու վիճակին մէջ, որպէսզի մասնակից ըլլանք ստեղծագործութեան հրաշքին:
Փորձեցէ՛ք կրկին կարդալ Աւետիս Ահարոնեանի գրած էջը Միքելանճելոյի «Մովսէս»-ի արձանի մասին` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է համազգացողութիւնը (empathie) երկի մը հանդէպ:
Գիր-գրականութիւնը ինքնակոչ ընտրանիի ակումբ չէ: Ժողովուրդ է: Եւ միշտ պէտք է կրկնել` հասնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի ստեղծուի հաւաքական կամք եւ ուժ: Միշտ պէտք է մտածել, թէ ո՛ր նպատակին կը ծառայեն եւ ո՛ր հասցէին կը հասնին «հինգ հարիւր տպաքանակները»: Մի՞թէ անոնք պահեստանոց կամ թանգարան են այլեւս անհասցէ գիր-գրականութեան:
Տեղ մը բիզնես-պլան պիտի մշակուի՞ ոգեկանութեան վերականգնումի համար անհրաժեշտ գիր-գրականութեան:
Ո՞ւր, ո՞վ, ինչպէ՞ս եւ մանաւանդ` ե՞րբ:
25 մարտ 2019, Երեւան