Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Ակնարկ. Տնտեսական Դիմադրութիւն

$
0
0

Նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահին հնչեցուցած առաջադրանքները բեկումնային շրջադարձ ստեղծելու յստակ ուղերձներ կը փոխանցեն: Տնտեսական դիմադրութեան նախաձեռնելու կոչը մարտունակութեան խորհուրդ ունի իր մէջ` կտրուկ որոշումներ կայացնելու եւ իրավիճակ փոխելու ուղղութեամբ:

Դիմադրութիւնը նաեւ ճգնաժամի դիմաց հակաճգնաժամային գործողութիւններու դիմելու հայեցակարգ է, որ կ՛ընդգծէ հրամայականներ: Անյետաձգելի հրամայականներ, որոնք պէտք է կատարուին անմիջականութեամբ: Դիմադրութիւնը տակաւին, ժողովրդային ներգրաւուածութիւն կ՛ենթադրէ: Եզրոյթը առաւելաբար ձեւաւորուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին այն երկիրներու ժողովուրդներուն համար, որոնք դիմած են զինեալ դիմադրութեան` ցեղապաշտական եւ բռնագրաւման քաղաքականութեան դէմ զինեալ միջոցներու դիմելու երեւոյթով: Եթէ յղացքը առաւելապէս զինուորական իմաստի ընկալումով ձեւաւորուած էր, ապա ժամանակի ընթացքին եւ տարբեր պայմաններու մէջ ստացած է այլ բնութագիրներ: Այսօր կը խօսուի բարոյական, գաղափարական, հոգեւոր եւ այժմ` տնտեսական եւ նոյնիսկ ֆինանսական դիմադրութեան մասին:

Ուրեմն կայ համատարած ճգնաժամ, որուն դիմաց կ՛ակնկալուի ժողովրդային դիմադրութիւն: Իսկ ճգնաժամը սուր կերպով տնտեսական է այս պահուն: Ֆինանսականը ածանցեալ տագնապ է. ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ դրամատնային ճիշդ քաղաքականութեամբ յատկանշուած լիբանանեան համակարգը դրամագիտական վերլուծաբաններու գնահատումներով դիմադրական պայքար կը մղէ իր հերթին, արտարժոյթի դիմաց լիբանանեան թղթոսկիին կայունութիւնը պահպանելու առումով:

Տնտեսական ոլորտը, արդէն պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուած է: Այստեղ արդէն կան կուտակուած հանգամանքներ, որոնց գումարումը յանգեցուցած է այսօրուան համապատկերին:

Տնտեսագիտական երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններու իրազեկ դառնալու անհրաժեշտութիւն չկայ` համոզուելու համար, որ տնտեսական եւ ֆինանսական ձախողութեան մէջ յայտնուած երկիրներու հատած վերջնագիծը սկսած է երեւիլ նաեւ լիբանանեան տարածքին վրայ: Հիմա կը հնչէ ահազանգը նախագահական պալատէն:

Ազգային արշաւ` լիբանանեան տնտեսութիւնը վերամեկնարկելու, այն կարգախօսն է, որ տնտեսական դիմադրութեան կոչին ներքեւ կ՛ընդգծէ այն երեք ուղղութիւնները, որոնց ուղղութեամբ լիբանանեան հասարակութիւնը պիտի կեդրոնացնէ իր ուշադրութիւնը:

Հիմնական երկու ուղղութիւնները, որոնք կը մատնանշուին նախագահին կողմէ` տեղական արտադրութիւններու նախընտրութիւնն  եւ ներքին զբօսաշրջութիւնը: Իսկ ճգնաժամի համար կը մատնանշուին երեք թղթածրարներ` տնտեսական տագնապը, սուրիացի գաղթականներու հարցն ու փտածութեան երեւոյթը:

Երեք թղթածրարներն ալ փոխկապակցուածութիւն ունին անշուշտ: Գաղթականներու հարցի լուծումը, տնտեսական տագնապի յաղթահարման համար առնուելիք միջոցառումներն ու փտածութեան դէմ պայքարի վճռակամութեան դրսեւորումները  տեսականօրէն կը նպաստեն տագնապի լուծման:

Այս տեսաբանութիւնը սակայն գործնականի վերածուելու համար վստահաբար կը հանդիպի, «լիբանանեան խոչընդոտներ»-ու: Նախ քաղաքացիական բացառիկ գիտակցական մօտեցում պէտք է տեղական արտադրութիւններուն նախընտրութիւն տալու եւ բացառապէս լիբանանեան արտադրութիւններով սնուելու, հագուելու, սպառելու: Նոյնպէս` տարեկան քանի մը անգամ զբօսաշրջութիւնը ներքին սահմաններով ընելու եւ վերջապէս ոչ միայն աւանդական մշակոյթի վերածուած  պետական-հասարակական խնդիրները սովորութիւն դարձած ոճով լուծելու: Առանց կաշառատուի կաշառակեր չ՛ըլլար. ներքին զբօսաշրջիկն է, որ կրնայ կասեցնել արտալիբանանեան զբօսաշրջութեան աճը եւ ժողովրդային օրինական տարբեր միջոցներով պայքարողն է, որ կը յաջողի հակակշռել կառավարութիւններու ձախող ընթացքը:

Ըստ էութեան իրերայաջորդ կառավարութիւններու չյաջողած տնտեսական քաղաքականութիւնը ժողովրդային դիմադրութեամբ սրբագրելու եւ խորացած տագնապներէն դուրս գալու կոչն է, որ կ՛ուղղէ նախագահը: Այլ խօսքով` ժողովրդային դիմադրութեան ձեռնարկելու բոլոր այն տեսակի երեւոյթներուն, անհատներուն եւ երեւոյթներուն դէմ, որոնք տարբեր մակարդակներու վրայ խոչընդոտած են ու կը շարունակեն խոչընդոտել երկրին տնտեսութեան վերականգնման հոլովոյթը:

Պաապտայէն հնչած կոչը դէպի լիբանանեան հասարակութիւն ուղղուած է: Անոր ճիշդ ընկալումն ու իրականացման մեկնարկը նախապայման է տնտեսական դիմադրութեան շարժումի սկսելու համար:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>