Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Ծովածաւալ Բազմութիւն Մը Վերջին Հրաժեշտը Տուաւ Մութաֆեան Պատրիարքին

$
0
0

Հինգշաբթի, 14 եւ ուրբաթ, 15 մարտին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներուն առիթ տրուած էր խոնարհելու Պոլսոյ հայոց երջանկայիշատակ 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի դագաղին առջեւ, իսկ վախճանեալ հոգեւոր պետին վերջին հանգիստի կարգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 մարտին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10:00-ին սկսած յատուկ ս. պատարագով, որուն յաջորդեց յուղարկաւորութեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցաւ ծովածաւալ բազմութիւն մը, որ կը յորդէր եկեղեցւոյ բակէն եւ արտաքին դռնէն դուրս:

Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին` երեսփոխան Կարօ Փայլանը, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընը, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էօմեր Չելիքը, նոյն կուսակցութեան Պոլսոյ քաղաքապետութեան թեկնածու եւ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, նոյն պաշտօնին Հանրապետութեան ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն, բազմաթիւ կրօնապետներ եւ արտասահմանէն փութացած հայեր:

Պատարագը մատուցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեանը:

Արարողութեան աւարտին, երբ դագաղը դուրս հանուեցաւ եկեղեցիէն, նախքան Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը ուղղուիլը, պահ մը կանգ առաւ Պոլսոյ պատրիարքարանի մուտքին, ուր դամբանական արտասանեց իրաւաբան Սեդրակ սրկ. Տաւութհանը:

Այնուհետեւ հսկայ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի գերեզմանատուն, ուր եւս ասեղ ձգելու տեղ չկար: Հոս, հոգեյոյզ մթնոլորտի մէջ կատարուած աղօթքներէն ետք, վերջին օծումը կատարեց Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետին պատգամը կարդաց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեանը, որ կը գլխաւորէր Ս. Էջմիածնի պատուիրակութիւնը, որուն երրորդ անդամն էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանը: Յուղարկաւորութեան ընթացքին  կարդացուեցաւ նաեւ պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, զոր կը ներկայացնէին Լիբանանի թեմակալ առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը եւ Մակար եպս. Աշգարեանը:

Նշենք, որ պոլսահայ համայնքի նորաստեղծ «Լոյս» պատկերասփիւռը ընկերային ցանցերէն ամբողջութեամբ եւ ուղղակի սփռեց թէ՛ եկեղեցական արարողութիւնը եւ թէ՛ թաղման կարգը, միաժամանակ` հայերէն եւ թրքերէն մեկնաբանութիւններով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>