Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Այս Աշխարհէն Մեսրոպ Պատրիարք Անցաւ

$
0
0

ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Մարդ երբ ըսելու շատ բան ունենայ, չի կրնար խօսիլ: Բառեր զիրար կը գրկեն կարծես եւ բերնէն, մտքէն, գրչէն կամ ստեղնաշարէն դուրս գալու դէմ կը յամառին: Այդպիսի պահ մըն էր, որ ապրեցանք շատ շատերուս սիրելի «հայր Մեսրոպ»-ի, «Մեսրոպ հայր սուրբ»-ի, «Մեսրոպ սրբազան»-ի եւ վերջին տարիներու «պատրիարք հօր» հոգին երկնաւոր հօր ձեռքերուն մէջ յանձնելու պահուն: Վախճանում չէ այդ մէկը, այլ` երկրաւոր կեանքի աւարտ կամ աւելի ճիշդ` երկրաւոր կեանքէն երկնաւորին անցք:

Ահա այդ «անցորդ»-ը` Հայ եկեղեցւոյ բազմակողմանի ու բազմաշնորհ ծառան-իշխանաւորը իր երկրաւոր կեանքին վերջին տասը տարիները այնքան ատած կայունութեան, անգործութեան եւ անձայնութեան մէջ ապրելէ ետք մտաւ իր հանգստեան:

Մօտ քառասուն տարիներու միասնութիւնը, գործակցութիւնը, աշխատակցութիւնը, ուրախակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը անթիւ անհամար յիշատակներով կը զարդարէ մարդու կեանքը: Այնքան շատ բաներ կը սորվեցնէ, նոյնքան ցաւ կը պատճառէ բաժանումը, հոգ չէ թէ ամոքող, մխիթարող պարագաներ գոյութիւն ունենան:

Շատ բան ըսուեցաւ, կ՛ըսուի եւ պիտի ըսուի հոգեւոր ծնողիս` Մեսրոպ պատրիարքի մասին: Եւ կը խորհիմ, որ ամէն մարդ իր տեսանկիւնէն պիտի դիտէ զինք: Բոլորին ալ յարգանք ունիմ:

Սակայն, այդ բոլորին առընթեր, ան տարբեր երկու կողմեր ունէր, որոնք տպաւորիչ էին:

Մանկութենէն մինչեւ իր պայծառ իմացականութեան շիջիլը անյագ կարդացող, պրպտող մըն էր: Նիւթ մը, որուն չէր տիրապետեր, իր գրադարանի գիրքերը կ՛իջնէին մինչեւ առաւօտեան ժամերը, եւ յաջորդ օր ինք արդէն նիւթին բաւական տեղեակ` կը կանգնէր խօսակիցին կամ խօսակիցներուն դիմաց:

Եւ իրեն համար միջակութիւն կոչուած բան չկար: Ան կատարեալ կատարելապաշտ մըն էր: Այն, ինչ որ կը սկսէր, այն գործը, որուն կը ձեռնարկէր, պէտք էր ըլլար կատարեալ, պէտք էր ըլլար անթերի եւ անպայման պէտք էր պսակուէր յաջողութեամբ:

Այս բոլորին համար ունէր երկու աղբիւր ու յենարան. իր հոգեւոր ուժը կը ստանար երկնաւոր հօրմէ, իսկ կորովը` իր պապերէն: Անոր պապերը լոկ հօրենական եւ մօրենական մեծ հայրերը կամ անոնց հայրերը չէին: Անոր պապերն էին մեծ Պարթեւէն` Գրիգոր Լուսաւորիչէն մեծ տարօնցի` Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, արմաշական նուիրեալ բոլոր հայրերը, Շնորհք պատրիարքէն մինչեւ Հայ կղզիի Տէր Դիոնիսիոս քահանան, բազմաթիւ հայրեր: Անոնցմէ ուժ ու կորով ստացաւ տարիներ շարունակ:

Եւ այս հիմերուն վրայ դրաւ իր ողջ կեանքը: Ամուր հիմնեց, շատ աշխատեցաւ: Այնքան շատ նիւթերու վրայ աշխատեցաւ: Արդի՞ւնք: Հակառակ իր երկրաւոր կեանքի վերջին տասնամեայ անձայն ու կայուն շրջանին` ողջ աշխարհի վրայ ամէն տեղ կը յիշուի ու կը խօսուի անոր անունը:

Ահա այս աշխարհէն Մեսրոպ պատրիարք մը անցաւ: Շա՜տ շատերու, հարիւրներու, հազարներու, քանի՜ քանի հազարներու կեանքին վրայ հետք, խորունկ հետքեր թողուց ու անցաւ:

Եւ այդ խորունկ հետքերը կրողներէն յետինը, երկար տարիներ իր մտերմութիւնը վայելողներէն տրուպը կու գայ ողջունել իր մեծ վարդապետը, պատրիարք հայրը` ըսելով.

– Աստուած օգնական, պատրիա՛րք հայր: Բարի ու լուսաւոր երթ դէպի երկնաւոր հայր: Մեզմէ խապրիկներ տարէք այնտեղի սիրելիներուն: Եւ օր մը Արքայական սեղանին շուրջ մէկտեղուելու յոյսով…

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>