Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
– Բարի լոյս, տղա՛ս:
Այսպէս դիմաւորեց զիս տիկին Շաքէն, երբ առաջին անգամ հանդիպեցանք Լէյլաւանի Ազգային Գարակէօզեան նախակրթարանի ուսուցչարանին մէջ, նախքան այդ դպրոցին եւ Ազգային Խանամիրեան քոլեճին միացումը:
Երիտասարդ տնօրէնի մը համար, որ գացած էր «անծանօթ» միջավայր` զայն միացնելու իր տնօրէնութեան տակ եղող այլ վարժարանի մը, «տղաս» բառը բաւարար էր ո՛չ միայն հալեցնելու ընդունելութեան մը սառն մթնոլորտը, այլեւ բանալու գործակցութեան եւ զարգացումի նոր փուլ մը:
«Տղաս»-ը կեղծիք չէր, ո՛չ ալ փաղաքշական արտայայտութիւն, այլ իսկական ապրում եւ համակ մայրական զգացում ուսուցչուհիի մը կողմէ, որուն համար դպրոցը եկեղեցի էր, հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը` աղօթք, իսկ հայ աշակերտը` դպիր:
Շաքէ Եագուպեանը պէտք էր ճանչնալ, որպէսզի կարելի ըլլար տեսնել իրաւ տիկին Շաքէն:
Իր ներկայութիւնը պարտադրող հասակով, խստադէմ, ընտրուած բառերով արտայայտուող, սակաւապէտ, աշխատասէր, կարծիք ու կեցուածք ունեցող, ազգային արժէքներուն ծայրայեղօրէն կառչած, սուր քննադատ, միջակութիւնն ու թեթեւսոլիկութիւնը մերժող, յարգալիր, անհատին մէջ անպայման դրականը որոնող, տառապած ու տառապանքը զարգացումի վերածած, անյագ ընթերցող եւ մեր առօրեային քաջածանօթ, միութենական գործ ղեկավարող ու հայ կնոջ դերակատարութեան հաւատացող, իր անձնականը հաւաքականին զիջող տիպարն էր Շաքէ Եագուպեան:
Իր մէջ ոչ մէկ բան սովորական էր: Ամէն ինչի մէջ կը տարբերէր ուրիշներէ: Տարբեր էր խօսելաձեւով, միտքերու արտայայտութեամբ: Տարբեր էր իր հայերէնով: Տարբեր էր իր գորովագութ արտայայտութեան մէջ: Տարբեր էր իր ցաւը պահելու գաղտնիքին մէջ: Տարբեր էր իր զգացումներուն ժուժկալութեամբ: Իր նայուածքը, ժպիտը, ձայնը, ասմունքը, դասաւանդութիւնը, ընկերային պահերու պահուածքը, աղօթքն իսկ տարբեր էին ուրիշներէ:
Անվարան կարելի է արձանագրել, թէ սովորական հայ չէր տիկին Շաքէն: Իր ամուսինին` Աղաճանի հետ Սուրիոյ հեռաւոր անկիւններուն մէջ պաշտօնավարած, ապա Գարակէօզեան, Խանամիրեան եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ սերունդներու հայեցիութիւնը իր ուսերուն շալկած Շաքէն, իր մարմնի ու հոգիի իւրաքանչիւր զգայարանքով փարած էր հայկականութեան ու այդպիսով յաջողեցաւ սիրցնել հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը իր աշակերտներուն:
Աշխատասէր էր եւ պարտաճանաչ: Արձակուրդն անգամ զինք կ՛անհանգստացնէր: Միշտ պատրաստ յաւելեալ պարտականութիւն ստանձնելու, ան նոյնիսկ առողջական պատճառներով բացակայութիւնն անգամ չէր արտօներ ինքն իրեն: Պէտք էր հազար անգամ խնդրէինք իրմէ, որ դպրոց չգայ, նոյնիսկ երբ արկածի հետեւանքով ի վիճակի պիտի չըլլար քալելու եւ կամ ընտանեկան մեծ պատուհասի մը դէմ յանդիման պիտի պարտաւորուէր տան մէջ ցաւակցութիւն ընդունելու:
Ծայրայեղ նախանձախնդութեամբ կը դիտէր միութենական-հասարակական գործը: Յաճախ վարչութիւններու եւ կարեւոր յանձնախումբերու անդամ, ան գերակշիռ կը նկատէր լուրջ, մնայուն, ծանր, խորքային եւ ապագայտեսիլ ծրագիրները եւ քաջաբար կը խարանէր անցողիկ, պղպջակներով լեցուն եւ թեթեւ, ծանուցողական ծրագիրները: Մանրամասնութիւններն իսկ կարեւոր նկատելով, իրեն համար միութենական աշխատանքը պարտաւորութիւն էր, ուր ոչ մէկ փառք կամ դափնեպսակ կրնայ գոյութիւն ունենալ: Փառքը միշտ միութեան էր եւ գործին ու երբեք այդ գործը յառաջ տանող անձին:
Սքանչելի ուսուցիչ էր ան: Տարբեր շրջանակներէ ու միջավայրերէ եկող, զանազան դժուարութեանց մէջ եղող ու երբեմն անհամեմատ կրթական մակարդակներ ունեցող աշակերտներուն մէջ ան կը փնտռէր հասարակ այն յայտարարը, որ դրական մթնոլորտ եւ վիճակ կը ստեղծէր դասարանին մէջ ու այդպիսով իւրաքանչիւր աշակերտ իր կարողութեան համաձայն կը մասնակցէր դասին, կը սորվէր, կ՛արտայայտուէր, իր գիտելիքները կը զարգացնէր եւ ի վերջոյ կը ճանչնար հայն ու հայութիւնը: Նոյնիսկ գրաւոր թուղթերու եւ շարադրութեանց սրբագրութիւնը մէկական դասագիրք իբրեւ կարելի էր ուղեցոյց ունենալ:
Տիկին Շաքէ Եագուպեան գաղտնապահ էր ու լուրջ հարցերու շուրջ լռակեաց: Պարծենկոտութեան այս ժամանակներուն ըրածը չըրածին խառնող ու տեւաբար ուռուցիկ պատումներ կատարող անձերու ժխորին մէջ, տիկին Շաքէն, որ շատ բան գիտէր ու շատ բան ըրած էր` առանց կուսակցական ըլլալու, ոչ մէկ ատեն համարձակութիւնը կու տար դիմացինին հարց տալու իր ըրածին մասին:
Շաքէ Եագուպեան իրաւ դաստիարակ էր, իրաւ հայ ուսուցիչ:
Տիպար հայ մայր:
Տիպար հայ կին, առաջնորդող ու դերակատար հայ կին:
Իր ներկայութիւնը միշտ զգացնող տիկին Շաքէն, իր բացակայութեամբ իսկ պիտի փնտռուի:
Ան միշտ յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իր «տղուն» եւ իր «տղոց» մօտ: