Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Հայ Դաստիարակը

$
0
0

ՎԵՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Ձայնը բարձրացնելու կամ դասարանը կառավարելու աւելորդ ճիգերու կարիք չունէր Տիկինը: Իր կրունկին ձայնը, իր մէկ նայուածքը արդէն իսկ բաւարար էին, որ, իր իսկ բառերով, «քար լռութիւն» տիրէր դասարանին մէջ:

Տիկի՛նը:

Տիկին Շաքէ Եագուպեան:

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի նախակրթարանի առաջին դասարաններէն արդէն անհամբեր կը սպասէինք աշակերտելու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու իւրայատկութեամբ ու իրեն յատուկ խստապահանջութեամբ ճանչցուած Տիկինին:

Կարելի չէ տիկին Շաքէ Եագուպեանին դասապահերը նոյնացնել հայերէնի այլ դասապահերու հետ: Հայոց լեզուին նկատմամբ անոր ունեցած մեծ պաշտամունքը ամբողջութեամբ իր աշակերտներուն փոխանցելու ուրոյն կարողութեամբ օժտուած էր` իր ապրումներով, իր խստապահանջութեամբ ու տիկին Շաքէին յատուկ ծայրայեղութեամբ պարուրուած:

Ծայրայեղ էր հայրենիքին, հայոց լեզուին ու հայոց պատմութեան նկատմամբ: Ծայրայեղ էր ո՛չ միայն իմացութեան առումով, այլ նաեւ գիրքերուն նկատմամբ գուրգուրանքի ու մաքուր գործածութեան, մայրենին միշտ «գեղեցիկ, մաքուր ու ճիշդ» գրելու պահանջով:

Այդ ծայրայեղութիւնն էր, որուն կառչելով ան սերունդներ դաստիարակեց հայեցի շունչով, ապագայ ուսուցիչներ, լրագրողներ ու ղեկավարներ կերտեց, ապագայ գլխագիր ՀԱՅ-ը փորագրեց իր դասարաններէն «տողանցած» մեծաթիւ աշակերտներուն մէջ` տարիներ շարունակ:

Տիկին Շաքէն նաեւ գուրգուրոտ մայր էր բոլորիս համար: Իր խիստ նայուածքին կողքին, փափուկ սիրտը կը շարունակէր հետեւիլ իր աշակերտներուն վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւններուն` քաջալերելով միշտ, ուղղելով յաճախ, սիրելով անսահման:

Խանամիրեան քոլեճ յաճախելու բախտաւորութիւնը ունեցած աշակերտները անկարելի է, որ չյիշեն Տիկինին դասապահերը, գրաւորներուն «անակնկալ» հարցումները, որովհետեւ արտօնուած չէր, որ հայ աշակերտը մոռնայ նախորդ տարի սորված` հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը կամ հայոց պատմութեան վերաբերող թուականները:

Յատուկ էր տիկին Եագուպեանը: Յատուկ էր իր ներկայութեամբ, իր մօտեցումով եւ դաստիարակելու իր կարողութեամբ:

Իբրեւ իր աշակերտը, յուզումով ու շնորհակալական զգացումներով հրաժեշտ տուինք տիկին Եագուպեանին, որուն դրոշմը զգալի է աշխարհի զանազան երկիրներ տարածուած իր աշակերտներուն մէջ: Վերջին «հանդիպում» էր ատիկա, սակայն տիկին Շաքէն երբեք պիտի չխամրի իր մեծաթիւ աշակերտներուն յիշողութեան մէջ, անոր դաստիարակութիւնը պիտի շողայ Խանամիրեան քոլեճի երդիքին տակ հասակ առած անոր «զաւակներուն» ընդմէջէն ու պիտի ապրի ան, այնքան ատեն որ կան խանամիրեանականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մտքին, հոգիին ու խղճին մէջ, տարբեր տոկոսներով թերեւս, բայց անպայման դրոշմ մը ձգած է Տիկինը:

Շնորհակալ ենք, Տիկի՛ն, որ հայ մարդը կերտեցիր մեր մէջ, մեր մայրենիին նկատմամբ անհուն սէր սերմանեցիր մեր էութեան խորը, մղեցիր գիտակցելու, որ հայը հայ կը մնայ իր ազգային արժէքներով:

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>