ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Բոլորս տեղեակ էինք Մեսրոպ պատրիարքը մեզմէ խլող հիւանդութեան բնոյթէն: Նոյնիսկ «Մենք` հոգեւորականներս հրաշքներու կը հաւատանք» ըսողներն ալ գիտէին, թէ այս գործընթացը դէպի ո՛ւր պիտի հասնի: Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, շատ ծանր կը տանինք Մեսրոպ պատրիարքի վախճանման իրողութիւնը: Ո՞ր գործօնն է, որ այս կորուստը այսքան անտանելի կը դարձնէ բոլորիս համար: Թերեւս` այն փաստացի իրողութիւնը, որ շատ բարձր էր մեր ակնկալութիւնները իրմէ: Որպէս ժողովուրդ միշտ տուժած ըլլալով` միշտ միջակով բաւարարուելու հոգեբանութեամբ լեցուն էինք, երբ ծանօթացանք Մեսրոպ հայր սուրբին հետ: Իր կերպարին մէջ, բացի լաւ պատրաստուած հոգեւորականէն, տեսանք նոյնպէս լաւ պատրաստուած, աշխարհի անցուդարձերէն քաջաբար տեղեակ, այդ բոլորին մասին միտքեր ածելու կարողութիւն ունեցող մտաւորական մը: Այս բոլորը կը գերազանցէին իր վարդապետի յատկութիւնը: Ան վարդապետ էր բառին բուն եւ իսկական իմաստով: Որպէս վարդապետ` յաջողեցաւ իր շուրջ հաւաքել պատանիներու բազմաթիւ խումբեր, որոնք, հոգեւորի կողքին, ազգային գիտակցութեան կարեւոր կուտակում ունեցան:
Հայր սուրբը առաջին օրէն սկսեալ վայելեց պոլսահայերուն համար մոգական երեւոյթ մը հանդիսացող Շնորհք պատրիարքին հոգածութիւնը: Պատրիարքը անոր մէջ տեսած էր ապագայ հովուապետի տիպարը եւ ամէն ինչով աջակցած էր այդ տիպարի կազմութեան համար: Իսկ երիտասարդ վարդապետը ինքզինք կը կոչէր «վանական», իսկ պատրիարք սրբազանը` «հոգեւոր հայր»:
Հոգեւորական ըլլալով` բաժնուած էր իր ընտանեկան յարկէն եւ բնակութիւն հաստատած` պատրիարքարանին մէջ: «Պատրիարքարանը իմ վանքն է, իսկ ես` այդ վանքի վանականը», կ՛ըսէր յաճախ:
Անշուշտ մեղադրելի չեն բոլոր այն հոգեւորականները, որոնք նոյն պատրիարքարանը կը դիտէին որպէս աշխատատեղի կամ գրասենեակ: Կը յարգէին աշխատանքի սկզբման ժամը եւ աշխատանքային օրուան աւարտին կը փութային իրենց բնակարանները: Ձեւով մը աւարտած կը համարէին աշխատանքային օրը: Իսկ Մեսրոպ սրբազանին համար նման հասկացողութիւն մը գոյութիւն չունէր: Ան ամբողջ էութեամբ կը պատկանէր եկեղեցւոյ, որ միաժամանակ կը նշանակէ ժողովուրդ: Իրեն համար ի զօրու չէին աշխատանքային ժամերու սահմանումը: Մանաւանդ` Շնորհք պատրիարքի շրջանին, երբ բաց էին այդ կառոյցին դռները ամբողջ պոլսահայութեան դիմաց:
Որքան որ համատարած ուրախութիւն էր պոլսահայութեան համար Մեսրոպ վարդապետի եպիսկոպոսական կոչում ստանալը Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նոյնքան հակազդեցութիւն յառաջացուցած էր իր պատրիարքական աթոռի թեկնածութիւնը: Անսպասելի կերպով ձեւաւորուած էր դիմադրական ճակատ մը, որ ամէն գնով կը պայքարէր երիտասարդ եպիսկոպոսի պատրիարք ընտրութիւնը խաթարելու: Գոյացած էր տարօրինակ ընտրարշաւ մը, որ չէր խուսափեր նոյնիսկ անպատշաճ քարոզչութիւններէ:
Մեսրոպ սրբազան, սակայն, քաղեց իր երկարատեւ բարի աշխատանքին պտուղը եւ արժանացաւ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան համակրանքին:
Այսօր, երբ հրաժեշտ կու տանք սիրելի պատրիարքին, կսկիծով կը նկատենք, թէ որպէս պոլսահայութիւն` հրաժեշտ կու տանք նաեւ հայ ժողովուրդին, հայ ազգին մասնիկը ըլլալու երեւոյթին, քանի որ իր բացակայութեան երկար տարիներուն ընթացքին կորսնցուցինք այդ յատկութիւնը` խաղալիքը դառնալով փոքրաթիւ փաղանգի մը, որոնց գլխաւոր նպատակը մնաց ժողովուրդին կենսունակութիւնը չէզոքացնելը: Յուսանք` վաղը աւելի լաւ ըլլայ բոլորիս համար: