Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Մայր, Մեծ Մայր Եւ Ուսուցչուհի…

$
0
0

ԹՈՌՆԻԿԴ`
ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Այս երեք բառերով կրնանք նկարագրել մեծ մայրս` Շաքէ Եագուպեանը: Մեծ մայրս ի ծնէ ունէր  մայրական գուրգուրանքն ու սէրը եւ այդ խոր զգացումով դասաւանդեց հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ կրօն` տասնամեակներ շարունակ: Ան միշտ ալ ունեցած է հայրենիքի ու լեզուի հանդէպ այդ անսահման սէրը, թէեւ իր կեանքի սկզբնական շրջանին Հայաստանը տակաւին անկախ չէր, սակայն, իր սրտին մէջ փոքր Հայաստան մը կառուցելով` հոն «հիւրընկալեց» հարիւրաւոր աշակերտներ եւ անոնց մտքերուն մէջ ցանեց հայ գրականութեան ընտիր կտորներ հռչակաւոր գրագէտներու, ինչպէս` Զօհրապ, Վարուժան, Սիամանթօ, Օտեան եւ շատ ուրիշներ: Իր աշակերտներուն սրտերուն վրայ մայրական մեղմութեամբ փորագրեց Մեսրոպեան 36 սուրբ տառերը, որոնք կը մնան մեր ազգի մեծ հպարտութիւնը: Աւելի քան 40 տարուան կրթական գործունէութեան ընթացքին յաջողեցաւ պատրաստել տիպար հայեր` զօրացնելով անոնց նկարագիրը ու ազնուացնելով անոնց հոգին:

Մեծ մայրս եղաւ նաեւ կատարեալ հայ մայր ու մեծ հօրս` Աղաճան Եագուպեանին հետ, դաստիարակեց իր երկու զաւակները հայաշունչ մթնոլորտի մէջ, որպէսզի կարենան իրենց ինքնութիւնը ճանչնալ ու հաստատել: Պատրաստեց հայ ազգի երկու նուիրեալ զինուորներ` միշտ կրկնելով, որ հայրենիքը ու ազգը ամէն բանէ վեր են ու այդպէս ալ պէտք է մնան բոլորին համար, որպէսզի հասնինք մեր երազին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին:

Նուիրուեցաւ նաեւ ԼՕԽ-ին` մնայուն կերպով անոր աշխատանքներուն մաս կազմելով, նաեւ ըլլալով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան վարչութեան անդամ ու ծառայելով անոր շարքերուն մէջ` հաւատարմութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ:

Ինծի համար ալ եղաւ օրինակելի մեծ մայր, որ շարունակեց մինչեւ վերջին շունչը ինծի եւ մօրս համար աղօթել` մաղթելով առողջութիւն ու յաջողութիւն: Մեծ մայրս թէեւ շատ մը դժուարութիւններէ անցաւ կեանքին մէջ, յատկապէս երբ կորսնցուց իր որդին, իմ հայրս` Արմէն Եագուպեանը, սակայն մնաց նոյն զօրաւոր «երկաթեայ կինը»` միշտ ալ ըսելով, որ «կեանքը անուշ է»:

Մեծ մօրս հաւատքը հաստատ մնաց անոր ամբողջ կեանքին ընթացքին, ու Աստուծմէ իր վերջին խնդրանքը եղաւ` «Աստուած հոգիս առնելէն առաջ խելքս թող չառնէ» եւ Աստուած իրեն շնորհեց այդ խնդրանքը:

Համբերատար ոգիով եւ անսակարկ ծառայութեան պատրաստակամութեան զգացումներով զինուած ապրեցաւ մեծ մայրս 80 տարիներ` իր դրոշմը յաւիտեան ձգելով հայութեան վրայ` իբրեւ մայրենի լեզուի լաւագոյն ուսուցչուհիներէն, կատարեալ հայ մայրերէն ու տիպար մեծ մայրերէն:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Նա՛նի:

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ իմ ու բոլոր սիրելիներուդ սրտերուն մէջ:

ԹՈՌՆԻԿԴ`
ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>