Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Ստացուած Գիրքեր. «Գանձասար»-ի 2019-ի Բացառիկը

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ «Գանձասար»-ի 2019-ի բացառիկը, բաղկացած` 216 էջերէ: Գլխաւոր խմբագիր` Զարմիկ Պօղիկեան:

Հատորը կը բացուի Շահան սրբազանի «Ներգործող նորը» խորագրեալ խօսքով:

Շահան սրբազան կ՛ըսէ, որ Ամանորի եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդները միասնաբար ու գեղեցկօրէն զուգորդուած մարդկութեան կը բերեն «կեանք» իրականութեան զօրութենական ընթացք ունենալու իմացումը: Կեանքը տարիներու լոկ գումարումը կամ պարզ կուտակումը չէ: Մենք տարուէ տարի կը նորոգուինք եւ նորոգութիւնը ամէնօրեայ կամաւոր ընթացքի կը վերածենք, երբ կը գիտակցինք կեանքին աստուածատուր իրականութեան:

«Ամեակները գործով իմաստաւորելու մտասեւեռումով» խմբագրականով Զարմիկ Պօղիկեան կ՛ըսէ, որ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումը տիրական դարձաւ: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ որեւէ երկրի զարգացման համար անհրաժեշտ է ապահովել ընկերային արդարութիւն, հասարակական համերաշխութիւն եւ ժողովրդավարութեան կիրառութիւն: Հայաստանեան իրականութեան մէջ ժողովուրդին դժգոհութեան արդիւնքով հասունցած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը եւս նոր էջ բացաւ հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ:

Սրտի եւ շնորհաւորական խօսքեր արձանագրած են Բերիոյ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրեաթեան եւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան:

Տեղեկագրական բաժինը կ՛ընդգրկէ Բերիոյ թեմի, Սուրիոյ օգնութեան խաչի, համազգայինի, եւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւններուն մասին համապարփակ տեղեկութիւններ:

Այնուհետեւ «Գանձասար»-ի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, Զարմիկ Պօղիկեանի վարած հարցազրոյցն է առաջին խմբագիր Խաժակ Մկրտիչեանի, երկրորդ խմբագիր Մարի Մերթխանեան-Եարալեանի եւ երրորդ խմբագիր Խաչիկ Շահինեանի հետ:

«Գանձասար արդարացո՛ւց, եւ դեռ…» խորագրեալ յօդուածով Սարգիս Մահսէրէճեան կ՛ըսէ, որ «Գանձասար»-ի սկզբնաւորումը եղաւ վերընձիւղումը «Արեւելք» օրաթերթին: «Գանձասար» ծնաւ բազմաթիւ նախապայմաններու հասունացման ու մէկտեղման ճամբով շնորհիւ Հալէպի պատասխանատուներու հիմնարար որոշումին, շնորհիւ խումբ մը երիտասարդներու յանդգնութեան ու գործելու պատրաստակամութեան: Թերթը նախ Հալէպի, իսկ աւելի ուշ, նաեւ մօտակայ ու հեռաւոր հայօճախներու մէջ դարձաւ սպասուող հրատարակութիւն մը: Մասնաւորաբար պատերազմի տարիներուն, անոր էջերը եղան ժամադրավայր` մեր ժողովուրդին տխուր եւ խիզախումի պահերը  վաւերագրողներու:

«Սուրիական միամեայ համայնապատկեր» խորագրեալ յօդուածին մէջ Յարութ Էօրտէկեան կ՛ըսէ, որ Սուրիոյ հողին վրայ սանձնազերծուած ճիւաղներու խնճոյքի մասնակիցները, զիրենք հովանաւորող միջազգային ուժերուն հետ, չկրցան տապալել իշխող օրինական համակարգը, պառակտել երկիրն ու կորզել հարստութիւնները, կոտորել եւ բռնագաղթի ենթարկել բոլորն այն հաւաքականութիւնները, որոնք կողմ են աշխարհիկ արդի պետականութեան:

«Սուրիա 2019-ին… տնտեսական զարթօնքի սեմին» խորագրեալ յօդուածին մէջ Լեւոն Զաքի Ետալեան կ՛ըսէ, որ 2018-ի ամենացայտուն իրադարձութիւնը Հալէպի արդիւնաբերական գօտին յատուկ ուշադրութեան արժանացնելու կառավարութեան նախաձեռնութիւնն էր.

«Տասնամեակներ ետք այսօրը պէտք է դիտուի իբրեւ իսկական բարեշրջման մեկնակէտ» խորագրեալ յօդուածին մէջ Սարգիս Մահսէրէճեան կ՛ըսէ, որ երկրի կառավարիչը դիւրին գործ չէ, քաղաքական հասունութիւն ու շրջահայեացութիւն կը պահանջէ: Այսօրն ու ապագան ճիշդ հունաւորելու համար, հայօրէ՛ն ապրող ու գործող քաղաքական ուժերուն ու խմբաւորումներուն կողքին, կենսական կարելիութիւն ունի մանաւանդ իրա՛ւ մտաւորականութեան դերակատարութեան վերականգնումը:

Յաջորդող յօդուածները կը խօսին Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ԺԷ. գագաթաժողովին, սուրիահայ համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն, Բերիոյ թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու ծնունդի ու առաքելութեան եւ Լաթաքիոյ հայ կեանքի մասին:

Այնուհետեւ Ծովինար Սաղտճեանի ականատեսի յուշերն են, 2014 մարտին, Քեսապի բռնագրաւումէն ետք հոն մնացած հայերու ապրած ոդիսականին մասին:

«Բացառիկ»-ին մէջ տեղ գտած են նաեւ հրապարակագրական, կրթադաստիարակչական, գրական-գեղարուստական, կնոջական եւ մարզական յօդուածներ:

Սուրիան քաոսի ու անիշխանութեան մատնելու ու մասնատելու եւ անոր հարստութիւնները կողոպտելու, եւ զէնքի առեւտուրի անհաշիւ վաճառքներ իրականացնելու առաջադրանքներով, մութ ուժերու ձեռքով եւ վարձկան ահաբեկիչներու ու անոնց հովանաւոր Թուրքիոյ միջոցով սանձազերծուած պատերազմը մարդկային, հոգեւոր ու նիւթական հսկայական կորուստներ պատճառեցին: Մեծապէս տուժեց նաեւ հայ համայնքը:

Վերականգնումի եւ վերաշինութեան աշխատանքներու եւ թեմական կառոյցներու ու միութիւններու երախտարժան գործունէութեան մասին արխիւային արժէք ներկայացնող հրատարակութիւն մը, ուր ներկայացուած տեղեկագրութիւնները կարեւոր աղբիւր են սուրիահայ կեանքի ուսումնասիրութեան համար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>