Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

«Կեցցէ Հայաստան» Ծրագիրը Պրազիլիական Փառատօնին 3-րդ Տեղը Գրաւած Է

$
0
0

Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքի հանրահռչակ Սամպատրոմի մէջ մարտ 2-ին տեղի ունեցած Պրազիլիոյ ազգային փառատօնին ելոյթ ունեցած է նաեւ Սան Փաուլոյի «Rosas de Ouro» («Ոսկէ վարդեր») սամպայի դպրոցը` «Կեցցէ Հայաստան» ծրագիրով:

Ծրագիրը բաղկացած եղած է 5 մասէ: Իւրաքանչիւր մաս ներկայացուցած է հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան որեւէ դրուագ` սկսած Նոյ նահապետէն մինչեւ մերօրեայ Հայաստանը: Անդրադարձ կատարուած է քրիստոնէութեան, հայոց գիրերուն, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ այլն: Այդ բոլորին մանրամասն անդրադարձ կատարուած է Պրազիլիոյ մեծագոյն «Կլոպօ» պատկերասփիւռի ընկերութեան միջոցով: Որպէս յատուկ հիւր` փառատօնին մասնակցած է նաեւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը:

«Փառատօնին մասնակից 14 դպրոցները բաժնուած էին երկու խումբի: «Rosas de Ouro»-ն իր ««Կեցցէ Հայաստան» ծրագիրով ելոյթ ունեցաւ մարտ 2-ին: Մինչեւ փառատօնին սկիզբը յորդառատ անձրեւ կը տեղար, ինչ որ մեզ շատ մտահոգած էր: Բարեբախտաբար, փառատօնին ատեն անձրեւը դադրեցաւ: Հակառակ անոր որ մեր ելոյթը կէսգիշեր անց էր, ժամը` 02:45-ին, այնուամենայնիւ, մենք մեր տեղերը գրաւած էինք ժամեր առաջ: Երբ ներս մտաւ մեր շքեղ զարդարուած կառքը, յուզմունքս կրկնապատկուեցաւ: Փառատօնին մասնակցելու հրաւէրը ստացած ժամանակէս` այդ օրուան, այդ պահուն մասին կը մտածէի: Աննկարագրելիօրէն յուզուած եւ ուրախ էի», «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Սիպիլը եւ աւելցուց` ամէն ինչ շատ հեքիաթային էր, տպաւորիչ: Ինծի համար մեծ պատիւ էր հայկական մշակոյթին (Արամ Խաչատրեանին, Շարլ Ազնաւուրին եւ շատ-շատերուն) նուիրուած կառքին մէջ ըլլալ ու այդ բոլորին մէկ մասնիկը զգալ: Երբ յայտարարուեցաւ, որ կը սկսի «Վիվա Հայաստան» խորագիրով երաժշտական ներկայացումը, բոլորս խաչակնքեցինք ու իրարու յաջողութիւն մաղթեցինք»:

«Rosas de Ouro» սամպայի դպրոցի` փառատօնի շքերթին մասնակից 2300 մարդոցմէ շուրջ 500-ը հայեր եղած են: Հազարաւոր մարդոց ձեռքերուն ծածանած էր Եռագոյնը:

Մարտ 5-ին տեղի ունեցած է քուէարկութիւնը: «Rosas de Ouro» սամպայի դպրոցը իր հայկական թեմաներով 14 սամպայի խումբերուն մէջ գրաւած էր 3-րդ դիրքը:

«Շատ յուզիչ էր: Մարդիկ մեծապէս տպաւորուած էին, բայց կարեւորը դատական կազմին կողմէ լաւ գնահատական ստանալն էր: Շատ լաւ եւ ուժեղ մրցակիցներ կային, եւ 3-րդ դիրքը գրաւելը մեզի համար մեծ ուրախութիւն է: Մարտ 8-ին յաղթողները կրկին ելոյթ պէտք է ունենան: Եւ մենք նոյն ուրախութեան ու պատուին պէտք է արժանանանք: Ասիկա բոլորիս յաղթանակն է», նշեց Սիպիլ:

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>