Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հարցէ հարց ոստոստող միտքեր մամուլի տարուան առթիւ` հասկնալու եւ քիչ մըն ալ պահանջելու միտումով:
Հայ մամուլի տարուան առթիւ չնաշխարհիկ ակնկալութիւններ եւ գովերգութիւններ սին կ’ըլլան, եթէ չխօսուի մարդոց մասին, անոնց կացութեան եւ ապրած մթնոլորտին մասին:Մարդիկ կ’ապրեցնեն նոյն այդ մամուլը եւ անոնք վարձկաններ չեն, պէտք չէ ըլլան:
Այսինքն հարց պէտք է տալ, թէ ո՞վ է մամուլը ապրեցնող մարդը, ո՞վ կամ ինչպիսի՞ մէկը պէտք է ըլլայ ան, ի՞նչ պէտք է ըլլան ընկերային, քաղաքակրթական, մշակութային եւ տնտեսական պայմանները, որպէսզի ան լաւագոյն ձեւով կարենայ ծառայել ընկերութեան, այդ ընկերութիւնը ըլլայ `երկիր, համայնք, գրականութիւն, քաղաքականութիւն, գիտութիւն, արուեստներ, եկեղեցի եւ այլն:
Ո՛չ աւելի, ո՛չ ալ պակաս, հայ լրագրողը պիտի ըլլայ նախ լրագրող` պաշտօնին բոլոր ստորոգելիներով, պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով: Լրագրողին առաջին պարտաւորութիւնն է լուրը հաւաքել եւ տարածել` մնալով առարկայական: Դժբախտաբար հայ մամուլը ո՛չ ծաւալը եւ ո՛չ միջոցները ունի բազմաթիւ եւ մասնագիտացած աշխատաւորներ պահելու, ինչպէս այդ կրնան ընել մեծ լրատուամիջոցները: Միջոցները չունի նաեւ միշտ ուղղակի հետեւելու դէպքերուն, հետեւաբար իր լուրերը կը քաղէ, այսինքն քաղուած լուրերը կը խմբագրէ, լրագրութիւն կ’ընէ` գրասեղանի ետին նստած: Այս պատճառով ալ հայ մամուլի լուրերը յաճախ կը նմանին կրկնութեան: Հայ մամուլը ընթերցողը հետաքրքրելու եւ, հետեւաբար, տարածուելու համար պէտք է մօտենայ ուղղակի աղբիւրէն լուր քաղելու արհեստավարժ եղանակին, ինչ որ ցանկութիւններու սահմանին վրայ կը մնայ: Իսկ հայ լրագրողը, այն կառոյցին մէջ ուր կը գործէ, քիչ մը ամէն բան է:
Հայ լրագրողը նաեւ կը գրէ մեկնաբանութիւններ, խմբագրական կամ քրոնիկ, երբեմն իր թղթակցութիւններուն (reportage) մէջ ալ կրնայ գնահատականներ գրել, ի հարկէ` մարդ չխրտչեցնելու համար մեծ զգուշութեամբ, այս պատճառով ալ ընթացիկ համայնքային թղթակցութիւնները կը մնան նկարագրութեան սահմաններուն մէջ, եթէ չըլլան գովերգութիւն կամ չդառնան «խօսափող», կամ «տիրոջ ձայն»-ի բարձրախօս: Նման կեցուածքով մամուլը եւ լրագրողը կը կորսնցնեն իրենց վստահելիութեան դրամագլուխը, քանի որ հայ թերթի էջը երբ բանանք, գիտենք` ազգային եւ քաղաքական էական հարցերու մասին ո՛ր հունով պիտի ընթանան միտքերը:
Ինչպէս մամուլը ընդհանրապէս, հայ մամուլն ալ կ’անդրադառնայ կեանքի բոլոր հարցերուն (գրական, թատերական, երաժշտական, կրթական, քաղաքական, արուեստներու, խոհանոցի, մարզանքի եւ այլն): Երբ լրագրողը հարցերու մասին ուզէ խորացում ունենալ` ընթերցումներով, վերլուծումներով կամ հետախուզութեամբ կ’ամբողջացնէ իր ըսելիքը, ի հարկին` լուսանկարիչ լրագրողներու օժանդակութեամբ:
Կան ասպարէզով լրագրողներ: Անոնք իրենց մնայուն գործին համար կը վճարուին թերթէն, ձայնասփիւռէն, հեռատեսիլէն, եւ պաշտպանուած կ’ըլլան օրէնքով ու համաձայնութիւններով: Արհեստավարժ լրագրողներէն զատ, կան նաեւ մամուլի գործակիցներ` վճարուող կամ սիրայօժար, որոնք արհեստավարժներուն պէս օրէնքներով եւ համաձայնութիւններով պաշտպանուած չեն ըլլար:
Միջազգային մամուլին համար կ’ըսուի, որ ան չորրորդ իշխանութիւն է, թերեւս այդպէս է Հայաստանի մէջ ալ, բայց կրնա՞նք նոյնը ըսել սփիւռքի հայ մամուլին համար, ան ըլլայ հայաբարբառ թէ օտարաբարբառ: Մամուլը կրնայ գրել եւ խօսիլ, սակայն ան ընթերցող եւ լսող պէտք է ունենայ: Կրկին կը դրուի վիճակագրութիւններու հարցը: Սփիւռք(ներ)ի հայկական մամուլի` թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, ընթերցող-լսողներու թիւին մասին ոչինչ գիտենք, ո՞վ ի՛նչ կը կարդայ եւ ի՛նչ կը լսէ: Աւելի յստակ ըլլալու համար պէտք է պատասխանել հետեւեալ հարցումին. հայկական համայնքի մը անդամներու ո՞ր տոկոսը կը լսէ կամ կը կարդայ իր մամուլը: Պէտք է խօսիլ թիւերով: Բան մը գիտե՞նք այս մասին: Հայաբարբառ թէ օտարաբարբառ հայկական թերթի տպաքանակը եթէ յայտարարուի, առնուազն գաղափար մը կը կազմենք կացութեան մասին, հասկնալ` թէ ի՛նչ կը ներկայացնէ ան որպէս չորրորդ իշխանութիւն:
Փակագիծ մը: Օր մը բարեկամ մը ըսաւ, որ` «եթէ կ’ուզես, որ գրած-ըսածդ գաղտնի մնայ, այսինչ թերթին յանձնէ…»: Եթէ այս պարզ ախտաճանաչումէն մեկնինք եւ մտածենք…
Սովորութիւն է բացակայ ընթերցողի եւ ունկնդիրի մասին խօսիլ, դժգոհիլ: Երբեմն ալ հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ են պատճառները անոնց բացակայութեան, մի՞թէ հրամցուածը չէ մերժուածը` համարուելով հնամաշ, ժամանակավրէպ, կողմնակալ, անտեղի, գովերգական, նեղ իմաստով` տեղական, տեղայնական, համայնքային, թաղային: Այս հարցումին պատասխան ճարելու համար պէտք է դուրս գալ ինքնագոհութեան խոզակէն:
Այս մթնոլորտին մէջ կը գործեն սփիւռքի մամուլի աշխատաւորները, որոնց մէկ մասը սիրայօժար գործակիցներ են, շատեր սիրողական (amateur) մասնակցութիւն ունին` երբեմն յօդուած (անվճար) գրելով, իսկ հասարակաց ոչ մէկ օրէնք ունի սփիւռքի հայ մամուլը, մամուլի աշխատաւորի հանգամանքը, եւ այդ ձեւով ալ` աշխատավարձը որոշելու համար: Հայ լրագրողները ոչ մէկ համախմբում ունին, դեռ չեմ խօսիր արհեստակցական միութեան (սենտիքա) մասին: Աշխատավարձերու ոչ մէկ համակարգում կայ` ըստ պատրաստութեան, ըստ պաշտօնի, ըստ աշխատանքի ծաւալի, ըստ փորձառութեան եւ յաւելումներու:
Եւ չթաքնուելու համար ճկոյթի ետին` պէտք է ընդունիլ այն իրողութիւնը, որ հայկական մամուլը ենթակայ է կողմնապաշտական գրաքննութեան կամ ինքնագրաքննութեան, ինչ որ լրագրողին համար կը ստեղծէ ազատ կամ անազատ արտայայտութեան խղճի հարց, որ ասպարէզին մէջ կը բնորոշուի որպէս clause de conscience: Պատասխանատու անձի մը խօսքը, արտայայտութիւնը, դիրքորոշումը ըստ կողմի կը գնահատուի: Եթէ սեփական կողմի պատասխանատուի խօսքը լրագրողին կողմէ քննադատուի, այդ անընդունելի կը համարուի. եթէ միւս կողմի պատասխանատուին խօսքը քննադատուի, այդ կը մեկնաբանուի որպէս կողմնակալութիւն: Կը մնայ պանծացումը… Բայց նման ընթացքով մամուլը կը կորսնցնէ իրեն համար էական առարկայականութեան առաքինութիւնը: Երբ այս կ’ըսեմ, ինքնագրաքննութիւն կ’ընեմ` օրինակներ չյիշելով եւ զանոնք չբազմապատկելով: Իսկ ինչ որ չեմ ըսեր, այս հարցերով զբաղողներէն շատեր գիտեն արդէն:
Լրագրողը իրաւ գիտակցութիւն պէտք է ունենայ իր ընկերաքաղաքական պատասխանատուութեան, ինչ որ կը կոչուի déontologie, իր արհեստին բարոյականութիւնը, ինչպէս որ ունին` բժիշկը, ուսուցիչը, իրաւաբանը, ճարտարապետը եւ այլն: Ան իր հոգին ծախած կ’ըլլայ, եթէ չգործէ բարոյական խոր ըմբռնումով: Լրագրողը սպասաւորը չէ ուրիշին, ոչ ալ` իր անձին, այլ` ճշմարտութեան, առարկայականութեան եւ ընկերութեան: Երբ լրագրողը չունի այս ազատութիւնը եւ գիտակցութիւնը, կը կորսուի ամէնուրեք ջատագովուած մամլոյ ազատութիւնը, որ ժողովրդավարութեան համար էական յատկանիշ է:
Լրագրողը հաւատարիմ պէտք է մնայ իր կոչումին:
Ոչ ոք ինքնիրեն իրաւունք պէտք է տայ բռնանալու լրագրողի ազատութեան վրայ:
Ոչ ոք իրաւունք ունի, ըլլայ անհատ թէ հաւաքականութիւն, լրագրողը համարելու իր խօսափողը:
Իսկ լրագրողը երբ կը խեղճանայ, ան ինքնահաստատում կը փնտռէ, անատակ կը դառնայ իր ասպարէզին:
Իսկ ընթերցող եւ լսող` իրե՛նք նախանձախնդրութեամբ պէտք է զօրավիգ կանգնին լրագրողին, որպէսզի ան չհակասէ իր խիղճը: Ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութիւնները այս ձեւով կը կենսագործուին:
Ազատութիւնները տեսական խնդիրներ չեն: Անոնց տէր կանգնիլ` պարտականութիւնն է մեծերուն եւ պզտիկներուն, համեստներուն եւ անուանիներուն:
Մամլոյ ազատութիւնը հաւաքական պատասխանատուութիւն է: Ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի եւ սնապարծութեան համար, այլ` յաւելեալ ծառայութեան:
Գովերգական եւ կանխակալ կարծիքներով առաջնորդուող մամուլը պարզապէս ստրուկն է շահակցութիւններու եւ մեծամիտներու: Անոնց համար մեծ գրող Հոնորէ տը Պալզաք ըսած էր, որ անոնք` «… այնքա՜ն առաքինութիւններ իրենք իրենցմէ դուրս կը ցուցադրեն, որ իրենց համար ներսը ոչինչ կը մնայ»:
Այդպէս են վարդապետական եւ վերջին խօսքը ունենալու յաւակնութիւն ունեցողները:
Այս հարցերու թղթածրարը պէտք է բանալ` առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու:
Վասն ազատութեան, որպէսզի դատարկաբանութիւն չըլլայ ժողովրդավարութիւնը:
Եւ մամուլը իրապէս ծառայէ ընկերութեան, մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան:
16 փետրուար 2019,
Պուրճ Համուտ, Լիբանան