Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Խառն Զգացումներով` Լաւ Օրերու Սպասումով

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այո՛, խառն  զգացումներ կը խանգարեն զիս քանի մը օրերէ ի վեր: Ես ինծի հետ կը կռուիմ` առանց յստակ բացատրութիւններ կարենալ գտնելու զիս (եւ անպայման ուրիշ հայորդիներ) մտահոգող հարցերուն: Կան տրամադրութիւն բարձրացնող լուրեր, սակայն   տրամադրութիւն  քանդող  լուրերը աւելի շատ են:

Մենք ազգովին  կը գտնուինք լուրջ հարցերու դիմաց եւ պարտաւոր ենք մեր խնդիրները լուծել մեր ձեռքով` երբեք յոյս չդնելով ուրիշին վրայ: Պէտք կա՞յ  դարձեալ կրկնելու, որ մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է:

Ահա այդ հարցերէն փունջ մը.

– Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող երկու հայկական վարժարաններու դէմ ոտնձգութիւն կատարուեցաւ. թրքական դրօշակներ զետեղուած էին վարժարաններու դարպասներուն վրայ (գիշերով, ինչ  որ ցոյց կու տայ, որ վախկոտի գործ է):

Արդարօրէն հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ եւ դատապարտեց եղածը: Եղան հաւաքներ, դատապարտումի ասուլիսներ, դասադուլեր, որոնք գնահատելի են եւ մեր ժողովուրդի արթնութեան եւ կենդանութեան նշաններ են:

Գրեթէ նոյն ատեն Փարիզի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին վրայ յարձակում գործադրուեցաւ (որ սփիւռքի ամենահին վարժարաններէն է)` դարձեալ գիշերով: Փշրուեցան վարժարանին պատուհաններն ու դռները: Ո՞ւր է հայութեան միահամուռ բողոքը: Ո՞ւր են դատապարտումի հաւաքները…

Երկու օր առաջ Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանը Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց,  որ վարժարանին վրայ յարձակողներէն 10 հոգի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է. հայկական լրատուութիւնը տեղեա՞կ է արդեօք… Ինչո՞ւ արձագանգ չկայ…

Չեղա՜ւ, հա՛յ ժողովուրդ, չեղա՜ւ: Կարելի չէ երկու կշիռք գործածել…

– Այսօր Վարդանանց է, թոռնիկս Երեւանի  մէջ մանկապարտէզ գնաց:

Փակ են Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի հաստատութիւնները (բացառութիւնները յարգելի չեն), սակայն Հայաստանի մէջ սովորական աշխատանքային օր էր. կարծես տեղեակ չեն Վարդանանցէն: Հայաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն ի զուր սպասեցի, որ Վարդանանցի  մասին յայտագիր ներկայացնեն: Ինչպէ՞ս մեր ժողովուրդը միասնակամ պիտի ըլլայ, երբ ազգային տօն մը միասին չենք  կրնար տօնել…

Ուրիշ հարց է նաեւ,  որ Վարդանանց տօնակատարութիւններուն  բացակաները շատ են…

– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը հարցազրոյցի մը  մէջ կը յայտարարէ, որ Հայաստան պաշտպանողական զէնքերու կարիք չունի, այլ` յարձակողական: Այո՛, կ՛ըսէ նաեւ, որ  եթէ Ազրպէյճան փորձէ յարձակիլ Հայաստանի վրայ, հայկական բանակը ուժգին  պիտի  հակադարձէ: Կարի՞ք կայ յաւելեալ լուսաբանութեան:

– Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Իրան կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ նաեւ Թեհրանի հայութեան հետ` յայտարարելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չունի հայաստանեան կամ սփիւռքեան օրակարգ, այլ իր օրակարգը համահայկական է, եւ հայ ժողովուրդին միասնութիւնը ամէն բանէ վեր է: Միայն կարելի է ռղջունել վարչապետին յայտարարութիւնը:

Սակայն, միւս կողմէ, այդ միասնութիւնը հարուածներ  կը ստանայ: Սփիւռքի նախարարութիւնը կը լուծուի (թէեւ վարչապետը կը հաւաստիացնէ, որ նախարարութեան մակարդակէն աւելի բարձր պիտի ըլլայ  վարչապետի հսկողութեան տակ գործող սփիւռքի գերատեսչութիւնը):

«Իմ քայլը» դաշինքի պատասխանատուները կը յայտնեն, որ Հայաստանի քայլերգը փոխելու ծրագիր չունին, սակայն խորհրդարանի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանը յանձնախումբ նշանակած է Խորհրդային Հայաստանի քայլերգի երաժշտութեան նոր բառեր գրել տալու համար…

– Սփիւռքի տարածքին Համազգայինը  90 տարիէ ի վեր պայքար կը տանի հայկական մշակոյթը կենդանի պահելու, այդ նպատակին համար  ծախսելով մեծ գումարներ եւ գործի լծելով համազգայնականներու ամբողջ բանակ մը, մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները կը լուծեն մշակոյթի նախարարութիւնը: Շա՜տ  տեսան նաեւ  Հայաստանի Համազգայինի թատրոնը եւ կ՛ուզեն դադրեցնել զայն…

– Յունուարի վերջաւորութեան  մահուան 100-ամեակն էր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանին: Չտեսանք, որ մեր պետութիւնը իր յարգանքը մատուցեց հանրապետութեան հիմնադիրին (բան մը, որ շատ բծախնդրօրէն կը կատարուի պետական բոլոր այրերու պարագային): Դժբախտաբար միայն դաշնակցականներ այցելեցին հիմնադիրին գերեզմանը…

– Հայաստանի վարչապետը բազմիցս յայտարարեց, որ Արցախի հարցով Ազրպէյճանը պէտք է խօսի զիջումներու մասին եւ ոչ Հայաստանը: Ինչո՞ւ հայկական մամուլին մէջ շարունակաբար կը խօսուի հայութեան  կողմէ զիջումներու մասին…

Զարմանալի է նաեւ, որ յաղթող կողմը ինչո՞ւ  պէտք է զիջումներ կատարէ: Չլսուած բան է այս…

– Պոլսոյ հայկական կառոյցներու վրայ դարձեալ հակահայ գրութիւններ գրուած են: Էրտողան կը սպառնայ իր երկրէն վտարել աւելի քան 100.000 հայերը, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած են Թուրքիա: Հաւանաբար այս թիւին մէջ  Էրտողան նկատի ունի նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծագումով հայ քաղաքացիները…

Հարցե՜ր, հարցե՜ր եւ մտահոգութիւններ, որոնք կը խանգարեն քունդ եւ պատասխան կը փնտռեն: Խառն զգացումները կը տիրապետեն այս օրերուն:

Աւելի լաւ օրերու սպասումով:

Յ. Գ.- «168.am-ը ահազանգ ստացաւ քաղաքացիներից այն մասին, որ մասնաւորապէս Երեւանի դպրոցներում բաժանուել է մանկական պատմուածքների ժողովածու` «Մեր բակի պատմութիւնը» վերնագրով (մինչ մենք ազգովին կը տօնենք Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը): Ան ազրպէյճաներէն պատմուածքներու ժողովածու է, որն ընդգրկում է ազրպէյճանցի հեղինակների գործեր: Ժողովածուն, մեր տեղեկութեամբ, դպրոցներին է բաժանուել «Կարմիր խաչ»-ի կողմից, բայց ամենաուշագրաւն այն է, որ ան երաշխաւորուած  է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կրթութեան ազգային հիմնարկի կողմից»:

Եթէ այս լրատուութիւնը ճիշդ է, հրամեցէք, ահա՛ ձեզի  նոր խնդիր:

Մուսա Լեռ-Այնճար                  
28 փետրուար 2019


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13251

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>