ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեայ գործունէութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Բագին» գրական հանդէսի հրատարակութիւնը, որ սփիւռքի պատմութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ մըն է` իր երկարակեցութեամբ եւ հայ գրականութեան ու մշակութային կեանքին մէջ ունեցած ներդրումով: Անշուշտ բոլորս ալ կրնանք հաստատել, որ այս հրատարակութիւնն ու անոր երկարակեցութիւնը արդիւնքն են ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եզակի խնամքին եւ հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ արգասիքը` «Բագին»-ի խմբագիրներուն, խմբագրական կազմերու անդամներուն ու գրողներու հսկայական եւ հետեւողական ճիգին եւ բաժանորդներու նեցուկին: Համազգայինի 90-ամեակին առիթով համառօտ ակնարկով մը կը ներկայացնենք «Բագին»-ի անցած ուղին եւ կ՛անդրադառնանք այսօրուան առաջադրանքներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Պատմական ակնարկ
Սփիւռքի առաջին տասնամեակներուն, Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրը, (1922-1971) միտք եւ գեղարուեստական ճաշակ զարգացնող բովանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ իր շուրջ հաւաքած գրողներու (մեծ մասը` տարագիր) փաղանգով, սփիւռքի գրական միջավայրին մէջ տիրող ներկայութիւն մըն էր: Սակայն 60-ական թուականներուն, Ռուբէն Դարբինեանի յառաջացած տարիքի բերումով, ամսագիրը կամաց-կամաց կը սկսի կորսնցնել իր երբեմնի աշխուժութիւնը: Այդ օրերուն նոյնն էր պարագան նաեւ Պէյրութի «Ակօս» հանդէսին (1944-1960): Աւելի քան տասնամեակ մը իր շուրջ համախմբելով Պէյրութի երէց եւ երիտասարդ մտաւորականները` «Ակօս»-ի հրատարակութիւնը կը դադրի, որովհետեւ, ինչպէս ժամանակակիցները կը վկայեն, չկային անոր մղիչ ուժը հանդիսացող հիմնադիրները` Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը եւ Գասպար Իփէկեանը: Դժբախտաբար Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթն ալ դիմագիծ փոխած էր եւ դարձած` կուսակցական, ազգային ու եկեղեցական պայքարներու թատերաբեմ: Այս միջոցին, ինչպէս «Ազդակ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին («Ազդակ» 16 փետրուար 2013) կը պատմէ «Բագին»-ի երկարամեայ խմբագիրը` Պօղոս Սնապեանը, «Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծագործող միջին տարիքի եւ երեսունի շուրջ դեգերող գրողները կ՛ապրէին ալեկոծ տագնապ մը ու կը զգային զուտ գրական բովանդակութեամբ ամսագիրի մը պահանջը: Կը զգային անհրաժեշտութիւնը գրական խանդավառ միջավայրի մը, որ պիտի համախմբէր եւ տեղ տար ստեղծագործ մտքին»: Այս մասին կը կարդանք նաեւ «Բագին»-ի առաջին խմբագրականին մէջ («Բագին», յունուար 1962).
«Վերջին տարիներուն ստեղծագործական դանդաղութիւնը ակներեւ է: Բայց այդ դանդաղութիւնը յոգնութեան պատճառով չէ: Գրողներու ներքին կրակին պակասով կամ իմացական ծուլութեան պատճառով չի բացատրուիր, այլ պատճառ ունի` կեդրոնական եւ կեդրոնաձիգ բեմի մը բացակայութիւնը, այսինքն` գրողները քով քովի բերելու, աշխատանքի մղելու, աշխատութիւնները արժանաւորապէս ներկայացնելու խանդավառ միջոցը, որ վերջին տարիներուն միշտ պակսեցաւ մեզի: «Բագին» կոչուած է այդ կեդրոնական եւ խանդավառ բեմը ըլլալու»:
Հետեւաբար, այս երազին ընդառաջ, Պէյրութի երիտասարդ մտաւորականներն ու գրողները, խորհրդակցելէ ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գիր-գրականութեամբ հետաքրքրուած պատասխանատու դէմքերու հետ, իրենց բաղձանքը հասցուցին ՀՅ Դաշնակցութեան 17-րդ Ընդհանուր ժողով, ուր որոշուեցաւ ընթացք տալ գրական ամսագրի մը հրատարակութեան: Այս աշխատանքին կազմակերպումը վստահուեցաւ Կարօ Սասունիին: Կ՛արժէ այստեղ փակագիծ մը բանալ եւ ընդգծել, որ այդ երազը իրականացնելու համար, ինչպէս կը հաստատէ Սնապեան, մեծ ներդրում ունեցած է մուսատաղցի գրող-մտաւորական Եդուարդ Պոյաճեանը, որ յարգելի անուն մըն էր սփիւռքի գրական միջավայրին մէջ, հեղինակն էր երեք հատորներու եւ մնայուն աշխատակիցը` «Հայրենիք» ամսագրին, «Յառաջ»-ին, «Ազդակ-շաբաթօրեակ»-ին, «Նայիրի»-ին, «Ակօս»-ին, եւ այլն…
Կարօ Սասունի, որպէս վարիչ խմբագիր, իբրեւ գործօն խմբագիրներ` նշանակեց Եդուարդ Պոյաճեանը եւ Պօղոս Սնապեանը, որոնց հետ միաժամանակ յառաջացուց խմբագրական կազմ մը` յանձինս տոքթ. Բ. Փափազեանի, Վ. Օշականի, Յ. Գեղարդի եւ Տ. Ոսկունիի: Այս պայմաններուն մէջ եւ այս ուժերով սկսաւ «Բագին»-ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1962 յունուարին: Բնականաբար տարիներու ընթացքին «Բագին»-ի խմբագրութիւնը սերնդափոխութիւն ապրած է, եւ կազմին միացած են բանաստեղծներ Յարութիւն Պէրպէրեանը եւ Սարգիս Կիրակոսեանը: Իսկ խմբագրական խորհուրդին անդամակցած են` Ժիրայր Աթթարեանը, Արմանտը, Կարօ Արմէնեանը, Հրանդ Մարգարեանը, Վարդան Մատթէոսեանը, Մարկ Նշանեանը, Նուպար Չարխուտեանը, Վարանդը, Յարութիւն Քիւրքճեանը եւ ուրիշներ:
Խօսելով ամսագրի «Բագին» անուանումին մասին (ինչպէս Սնապեան կը պատմէր)` ան կապուած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող ՀՅԴ օրկան Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Ազատամարտ»-ի գրական յաւելուած «Բագին»-ին, որ թէեւ կարճ կեանք մը ունեցաւ, սակայն կրցաւ Պոլսոյ մտաւորականութեան մէջ խանդավառութիւն մը ստեղծել` իր շուրջ հաւաքելով երիտասարդները:
Հարկ է արձանագրել, որ «Բագին»-ի բովանդակութեան բաժանումներու ձեւաւորման մէջ մեծ եւ առաջնային դեր ունեցած է Պօղոս Սնապեանը: Անոր հրատարակած «Միջնաբերդ» տարեգիրքի երկրորդ հատորին հետեւողութեամբ կատարուած է «Բագին»-ի բաժիններու կարգաւորումը: «Ազդակ»-ին տուած վերոնշեալ հարցազրոյցին մէջ ան կը հաստատէ այս իրողութիւնը` աւելցնելով, որ ինք եղած է հեղինակը «Բագին»-ի առաջին խմբագրականին, ուր կ՛ուրուագծուին թերթին առաքելութիւնը սահմանող գլխաւոր առաջադրանքները.
ա.- Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութեան աւանդապահը դառնալու հրամայականը,
բ.- Սփիւռքահայ գրականութեան վրայ կենսունակ եւ երիտասարդ ուժերով յաւելում մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը,
գ.- Գրականութեան չափանիշներ հաստատելու ու անուղղակի միջոցներով գրական հռչակ շինող «գրական ոչնչութիւններու» դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:
Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ աշակերտած ըլլալով Յակոբ Օշականին` Պօղոս Սնապեանը մեծ համարում ունէր իր ուսուցչին եւ «Մեհեան»-ի տղոց վրայ: Հետեւաբար պէտք չէ անտեսել այս փաստը, որ Սնապեան, իր հեղինակած «Բագինին առջեւ» խմբագրական մանիֆեստով եւ քառասնամեայ գրական գործունէութեամբ եղաւ անմիջական ժառանգորդը նաեւ «Մեհեան»-ի տղոց համոզումներուն: Երբ կը կարդանք «Մեհեան»-ի առաջին թիւին մէջ լոյս տեսած խմբագրականն ու Յակոբ Օշականի` Յակոբ Քիւֆէճեան ստորագրութեամբ «Հարթենք» խորագրեալ յօդուածը, կ՛անդրադառնանք, որ «Բագին», 50 տարի ետք, նոյն համոզումներով ճամբայ կ՛ելլէ ու պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, որ «Մեհեան»-ի առաջին խմբագրականին մէջ փառաբանուող հայու հոգին, կէս դար ետք «Բագին»-ի առաջին թիւին առաջին էջերուն վրայ արտայայտութիւն կը գտնէ Համաստեղի «Հայու հոգին» դիպուկ բանաստեղծութեամբ: Կամ` պատահականութիւն չէ, որ «Բագին»-ի առաջին թիւին վրայ արիւնով գրուած «Բագին» անունի ֆոնին կ՛երեւին մեհեանի կամարներուն տակէն դէպի զոհասեղան ուղղուող քուրմեր, որովհետեւ վերջիվերջոյ Օշական կը գրէ.
Իսկ «Բագին»-ի խմբագրականին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ.
«Բագին»-ի պատմութիւնը սերտելով` հարց կու տանք, արդեօք «Բագին»-ը կրցա՞ւ իրագործել իր իսկ խմբագիրներուն կողմէ մշակուած ուղեգիծը: Այստեղ կ՛ուզեմ նշել քանի մը կարեւոր փաստ եւ կը ձգեմ, որ դուք կատարէք եզրակացութիւնը:
Առաջին հերթին, «Բագին» սերունդի մը հանդէսը չեղաւ, այլ դարձաւ երեք ու աւելի սերունդներ հիւրընկալող հանդէսը` իր հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն: Եթէ խօսինք առաջին տասնամեակին մասին, պիտի ըսենք, որ «Բագին» կամուրջ մը հանդիսացաւ Կարօ Սասունիի, Եդուարդ Պոյաճեանի եւ Վահէ Օշականի սերունդներուն միջեւ: Օրինակ` «Բագին»-ի 2-րդ տարուան առաջին խմբագրականին (1963 յունուար) մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Տարուան մը բովանդակութենէն դուք կը տեսնէք թէ «Բագին»-ի շուրջ համախմբուած են մօտ 60 գրողներ, որոնցմէ 20-ը հին հեղինակներ են, 22-ը` միջին սերունդի հեղինակներ, որոնք արդէն անուն մը ունին, եւ 18-ը` նոր գրողներ: Այս համախմբումն իսկ յաղթանակ մըն է այս հանդէսին համար»: Քանի մը անուններ նշելու համար ըսեմ, որ երբ հին գրողներ կ՛ըսէ, նկատի ունի` Համաստեղը, Բենիամին Թաշեանը, Ն. Աղբալեանը, Հրաչ Զարդարեանը, Արսէն Երկաթը, միջին սերունդի պարագային նկատի ունի` Նիկողոս Սարաֆեանը, Մուշեղ Իշխանը, Ժիրայր Աթթարեանը, իսկ երիտասարդ սերունդ ըսելով կը հասկնանք` Գրիգոր Շահինեանը, Վահէ Օշականը, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, Վազգէն Էթիեմէզեանը, Գուտցի Միքայէլեանը եւ այլն… («Բագին»-ը նոյն պատկերը կը պարզէ այսօր: Վերջին երեք տարուան ընթացքին լոյս տեսած թիւերուն մէջ յստակօրէն կ՛ուրուագծուին երեք սերունդներու կամրջումը):
Երկրորդ, «Բագին»-ը չեղաւ միայն Միջին Արեւելքի կամ Լիբանանի գրողներու հաւաքավայրը կամ խանդավառ բեմը: «Բագին»-ի հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն սփիւռքի զանազան շրջաններէն գրողներ ոգեւորութեամբ աշխատակցած են «Բագին»-ին, ինչպէս` Արամ Հայկազ, Յակոբ Կարապենց, Գուրգէն Մխիթարեան, Ա. Արփինէ, Նիկողոս Սարաֆեան, Զարեհ Որբունի, Արսէն Երկաթ, Բենիամին Թաշեան, Արամ Գառօնէ, Արմանտ, Լեւոն Գարմէն եւ Լեւոն Մկրտչեան:
Երրորդ, սփիւռքի գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ ունեցող երիտասարդ գրողներ, իրենց ինքնահաստատման փորձերը կատարեցին «Բագին»-ի էջերուն մէջ. կարելի է նշել Զուլալ Գազանճեանի, Պետրոս Հաճեանի, Կորիւն Շահինեանի, Պետրոս Հերեանի, Մարուշ Երամեանի, Գէորգ Աբէլեանի անունները…
Չորրորդ, «Բագին»-ը յստակ դիրքորոշում ունեցաւ «ձգտումնաւոր գրականութեան անհեթեթութեան դէմ», մանաւանդ` Պ. Սնապեանի խմբագրութեան օրերուն, պաշտպանելով հայրենիքի գրողներուն ազատութեան իրաւունքը: Մինչ հայրենիքի մէջ հալածանքի կ՛ենթարկուէին, «Բագին» իր էջերը լայն կը բանար անոնց առջեւ եւ յանդգնութիւնը կ՛ունենար դէմ կենալու խորհրդային գրաքննութեան հետեւանք` գրական աղճատումներուն, իր արժանաւոր դերակատարութիւնը ունենալով գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան մէջ:
Գրականագէտ Կիմ Աղաբեկեանը կը գրէ. «Հայաստան աշխարհում «Բագին»-ը արգելուած էր, բայց բաւական էր մի օրինակ ընկնէր Հայաստան, դա ձեռից ձեռք էր անցնում եւ ընթերցւում: Վերջում կարծես թոյլատրութիւն էինք ստացեր գրադարանի յատուկ բաժիններում կարդալ «Բագին»-ը, բայց նրա մօտ մի կին էր նստում, որ յանկարծ «Բագին»-ից որեւէ հատուած գրպաններումս չտանէինք, թղթերը պիտի ցոյց տայինք, որ ոչինչ էլ չեն արտագրել, որեւէ հատուած: «Բագին»-ը տիրական ազդեցութիւն ունէր հայաստանեան մտաւորականութեան վրայ եւ ո՛չ միայն նիւթի արծարծած նրբերանգների, այլեւ` նոյնիսկ լեզուի եւ ոճի առումով»:
Սօս Սարգսեան կը վկայէ. ««Բագին»-ը կարդում էինք անյագ հետաքրքրութեամբ, ծայրից ծայր եւ ծածուկ փոխանցում` մէկս միւսին: Էնքան էր ձեռքից ձեռք անցնում, որ քրքրւում էր, եւ մենք ստիպուած էինք նորից հաւաքել այն, սոսնձել ու դարձեալ տարածել»:
Հինգերորդ, «Բագին» տեղ տուաւ թարգմանական գրականութեան: Փիրանտելլօ, Է. Եոնեսքօ, Պեքեթ, Հարոլտ Փինթըր, Ժան Ժընէ, Ֆոլքնըր, Ատոնիս… այս բոլորը եւ ուրիշներ թարգմանուեցան եւ ներկայացուեցան ընթերցողին:
Վեցերորդ, «Բագին»-ի էջերը տրամադրուեցան շատ մը գրողներու անտիպներուն, ինչպէս, օրինակ, Վազգէն Շուշանեանի եւ Յակոբ Օշականի:
Եօթներորդ, տպուեցան 20-է աւելի բացառիկ թիւեր. Մեսրոպ Մաշտոցի 1600-ամեակ (դեկտեմբեր 1962), Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակ (յունուար, 1964), Յակոբ Օշական (դեկտեմբեր 1964), Մեծ եղեռնի 50-ամեակ (ապրիլ-մայիս 1965), Համաստեղ (յունուար, 1966), Ա. Ահարոնեանի 100-ամեակ (oգոստոս-սեպտեմբեր 1966), Եդուարդ Պոյաճեան (մայիս 1967), Հայաստանի Հանրապետութեան 50-ամեակ (մայիս-յունիս 1968), Կոմիտաս – Յ. Թումանեան-Երուանդ Օտեան-Լ. Շանթ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1969), ՀՅ Դաշնակցութեան (յունուար-փետրուար 1971), Պ. Դուրեան (յունուար-փետրուար 1972), Պարոյր Սեւակ (յունիս-յուլիս 1972), Արամ Հայկազ (մայիս, 1973), Եղեռնի 60-ամեակ (ապրիլ 1975), Գրական դէմքեր (հոկտեմբեր 1977), Կարօ Սասունի (նոյեմբեր 1977), Եղիշէ Չարենց (դեկտեմբեր 1977), Վ. Թէքէեանի, Զ. Եսայեանի, Սիամանթոյի 100-ամեակ (յունուար-փետրուար 1979), Ակսել Բակունց (յունուար 1980), Մուշեղ Գալշոյեան (յունուար 1981), Վազգէն Շուշանեան (յունուար 1983), Յակոբ Օշական (յունուար-փետրուար 1984), Սիմոն Զաւարեան (յուլիս 1984), Դ. Վարուժանի 100-ամեակ (ապրիլ-մայիս 1985), Ֆրանց Վերֆել (սեպտեմբեր 1985), Վիքթոր Հիւկոյի մահուան 100-ամեակ (յունուար 1986), Եդուարդ Պոյաճեանի մահուան 20-ամեակ (հոկտեմբեր 1986), Միսաք Մեծարենցի ծննդեան 100-ամեակ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1986), Համազգայինի հիմնադրութեան 60-ամեակ եւ Ճեմարանի 50-ամեակ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1987), Սպիտակի երկրաշարժ (յունուար-փետրուար 1989), Երկրաշարժի զոհ հայրենի գրողներուն (մարտ-ապրիլ 1989), 1949-ի ոճիրներուն (յուլիս-դեկտեմբեր 1989), Արցախ (սեպտեմբեր-դեկտեմբեր 1990), Մերժուած գործեր (խորհրդային տարիներէն) (սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1991), Դաշնակցութիւնը Խորհրդային Հայաստանի սահմաններուն մէջ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1991), արցախեան նահատակներուն նուիրուած թիւ (սեպտեմբեր-դեկտեմբեր 1993), Եղեռնի 80-ամեակ (հոկտեմբեր-դեկտեմբեր 1995), Յակոբ Օշական (Ամառ 1998):
(Շար. 1)