ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Համբարձում Տէրտէրեան
Համբարձում Տէրտէրեան.- Իրաւաբան, քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխան, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է Նոր Նախիջեւանի Թոփտի գիւղը, 1884-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է նախ ծննդավայրին մէջ, ապա փոխադրուած է Չալթըր գիւղի դպրոցը, որ 1896-ին աւարտած է ու նոյն տարին ընդունուած է Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը: Թեմական դպրոցը աւարտելէ ետք ընդունուած է Վլատիկաւկասի պետական ուսումնարանը:
1903-ին մուտք կը գործէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը` գործօն մասնակցութիւն բերելով Վլատիկաւկասի ՀՅԴ-ի աշխատանքներուն` դառնալով աշակերտական միութեան ղեկավար մարմինի անդամ:
1904-ին աշակերտութեան կողմէ կը մասնակցի Պաքուի մէջ գումարուած Կովկասի Հայ աշակերտութեան ընդհանուր համագումարին:
Առաջին հերթին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նոր Նախիջեւանի «Նալբանդ» Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման դէմ համաժողովրդական բողոքի ցոյցերու աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ, հայ-թաթարական ընդհարումներու նախօրէին ինքնապաշտպանութեան գործի համար դէպի Կովկաս զէնքի փոխադրութեան աշխատանքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ:
1905-ին ընդունուած է Փեթերսպուրկի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը:
«Նալբանդ»-ի Կեդրոնական կոմիտէին յանձնարարութեամբ, կը ստանձնէ շատ մը աշխատանքներ: 1906-ին մատնութեամբ կը ձերբակալուի Ռոստովի մէջ: Դատավարութեան աւարտին հինգ տարի տեւողութեամբ կ՛աքսորուի Տոնի սահմաններէն դուրս` Մայքոփ քաղաքը:
Մայքոփի մէջ կը սկսի կուսակցական բեղմնաւոր գործունէութիւն` հերթական դասախօսութիւններ, հաւաքներ ու ձեռնարկներ կազմակերպելով:
9 ամիս յետոյ փախուստ կու տայ Մայքոփէն` անվտանգ հասնելով Ռոստով, ապա Փեթերսպուրկ` իր կիսատ մնացած համալսարանական ուսումը շարունակելու համար:
1909-ին համալսարանական ուսումը կիսատ ձգելով` կը գործուղուի Պաքու: Կարճ ժամանակին մէջ կը վերակազմէ շրջաններու կուսակցական քայքայուած բոլոր նախկին միաւորները: Ապա շրջանէն իբրեւ ներկայացուցիչ` կը մասնակցի Երեւանի մէջ կայացած Ռայոնական ժողովին:
Ժողովի աւարտէն ետք կը վերադառնայ Փեթերսպուրկ եւ տարեվերջին յաջողութեամբ կ՛աւարտէ համալսարանական ուսումը` իրաւագիտական ճիւղը:
Եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան «Նալբանդ»-ի Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ:
1914-1917 թուականներուն եղած է Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցի հոգաբարձու եւ նոյն քաղաքի Համայնական խորհուրդի անդամ եւ փոխնախագահ:
Կամաւորական շարժումի ընթացքին եղած է Նոր Նախիջեւանի Ազգային կոմիտէի անդամ եւ փոխնախագահ, իսկ 1918-1919 թուականներուն` Նոր Նախիջեւանի մէջ ստեղծուած Կովկասեան ճակատի Պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ:
Այնուհետեւ կ՛ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, որով կը սկսի իր քաղաքական կեանքի պետականակերտ գործունէութեան փուլը:
1919-ին Երեւանի մէջ կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին:
Մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ նշանակուած, Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ, եռանդամ պատուիրակութեան, որ պաշտօնական բանակցութիւններ կը վարէ Խորհրդային Ռուսիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչ, արտաքին գործերու կոմիսար Չիչերինի եւ Կարախանի հետ, Մոսկուայի մէջ, իսկ հետագային Լեկրանի պատուիրակութեան հետ` Երեւանի մէջ:
1920 սեպտեմբերին, երբ սկիզբ կ՛առնեն Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ պատերազմական գործողութիւնները, Հայաստանի կառավարութեան որոշումով Համբարձում Տէրտէրեանը Խորհրդարանի այլ ընկերներու հետ միասին շրջաններ կը գործուղուին դէպի ռազմաճակատ եւ գաւառներ:
Նոյն թուականի նոյեմբերին Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուած է` իբրեւ տնտեսութեան նախարար, միաժամանակ ժամանակաւորապէս ստանձնելով նաեւ խնամատարութեան նախարարի պաշտօնը:
Մաս կը կազմէ Դրօ-Լեկրան բանակցութիւններուն` 2 դեկտեմբեր 1920-ին կնքուած Հայաստանի խորհրդայնացման համաձայնութեան:
18 փետրուար 1921-ին ժողովրդական ապստամբութեամբ կեանքի կոչուած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի կազմին մէջ նշանակուած է իբրեւ ելեւմտական գործերու վարիչ:
1921 ապրիլին Կարմիր բանակի ներխուժումով Հայաստան` կը փակուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան վերջին էջը: Արաքսը ճեղքող հազարաւոր տարագիրներու շարքին մէջ է նաեւ Հ. Տէրտէրեանը, որ կ՛անցնի Պարսկաստան` Թաւրիզ, Ռաշտ, Համադան եւ վերջապէս` Թեհրան:
Համբարձում Տէրտէրեանի ղեկավարութեամբ եւ ազգային մարմիններու ջանքերու շնորհիւ` վերակառուցուած են համայնքի եկեղեցին ու դպրոցը:
Իրանահայ դպրոցներու փակման շրջանին բախտորոշ դեր ունեցաւ Հ. Տէրտէրեանը:
1948-ին ընտրուած է Թեհրանի Թեմական Պատգամաւորական ժողովի նախագահ:
Այդ տարիներուն միաժամանակ ան վարած է նաեւ «Ալիք»-ի հրատարակչական բաժինը: Աշխատակցած է «Հայրենիք» ամսագրին:
Համբարձում Տէրտէրեանը կը մահանայ 30 դեկտեմբեր 1955-ին:
Սիրական Տիգրանեան
Սիրական Տիգրանեան.- Հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1875-ին, Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի): Աւարտած է Թիֆլիսի արական ուսումնարանը: Ընդունուած է Փեթերսպուրկի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը, մասնակցած է ուսանողական շարժումին: Իրաւաբանի վկայականը անոր իրաւունք տուած է Էջմիածինի հոգեւոր ճեմարանի մէջ զբաղեցնելու իրաւաբանական ու փիլիսոփայական գիտութիւններու ուսուցիչի պաշտօն:
Իբրեւ Դաշնակցութեան թեկնածու` կ՛ընտրուի Պետական Տումայի պատգամաւոր` Երեւանի նահանգի ոչ մահմետական ազգաբնակչութեան կողմէ:
1914-ին իբրեւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ` կը ղրկուի Իգտիրի շրջան:
4 նոյեմբեր 1918-էն մինչեւ 27 ապրիլ 1919 եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար, Յովհաննէս Քաջազնունիի կառավարութեան կազմին մէջ:
1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն զբաղեցուցած է պետական տարբեր պաշտօններ` արտաքին գործերու նախարար, Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար, Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ազգային ժողովի փոխնախագահ,
ուսուցչապետ` Հայաստանի առաջին համալսարանին:
1919-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին, Երեւան:
Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք տեղափոխուած է Իրան, աւելի ուշ վերադարձած է Հայաստան: 1924 եւ 1933 թուականներուն Հայաստանի Պետական քաղաքական վարչութեան (ՊՔՎ) կողմէ ձերբակալուած է, որպէս գործունեայ դաշնակցական, եւ երկու պարագաներուն ալ ազատ արձակուած է:
Սիրական Տիգրանեանը ձերբակալուած է 3 դեկտեմբեր 1937-ին: 2 օր անց` 5 դեկտեմբերին Խորհրդային Հայաստանի ներքին գործերու ժողովրդական կոմիտէի (ՆԳԺԿ) եռեակի որոշումով դատապարտուած է գնդակահարութեան այն մեղադրանքով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ եղած է եւ` պատասխանատու պաշտօններ վարած, դաշնակցական մամուլի մէջ հանդէս եկած է խորհրդային իշխանութիւններուն դէմ եւ այլն: Դատավճիռը իրականացուած է նոյն օրը` 5 դեկտեբեր 1937-ին:
Յետմահու արդարացուած է 20 հոկտեմբեր 1958-ին` Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն դատարանի քրէական գործերու դատական խորհուրդին որոշումով:
Գարեգին Փաստրմաճեան
Գարեգին Փաստրմաճեան.- Առաւել յայտնի է Արմէն Գարօ անունով, ՀՅԴ ականաւոր առաջնորդներէն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչ եւ «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչներէն:
Գարեգին Փաստրմաճեանը ծնած է Կարին: Տարրական կրթութիւնը ստացած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը, որ աւարտած է 1891-ին: Աւելի ուշ` 1894-ին ուսումը կը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ, ուր կը սորվի գիւղատնտեսութիւն` Նանսի համալսարանի գիւղատնտեսական դպրոցին մէջ: 1895-ին կը մտնէ ՀՅԴ շարքերը: 1896-ին կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման: Իբրեւ կազմակերպիչ` կարեւոր դեր կը խաղայ 1903-ին հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման ոտնձգութեանց դէմ կովկասահայութեան բողոքի եւ ծառացման համաժողովրդային շարժումին մէջ:
1905-ին, հայ-թաթարական ընդհարումներու դժուարին ժամանակաշրջանին Արմէն Գարօ դարձեալ կարեւոր ներդրում կ՛ունենայ հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու եւ կռիւները ղեկավարելու գործին մէջ:
1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը խորհրդարանական իր ցուցակին վրայ, Կարնոյ շրջանէն, կ՛առաջադրէ Արմէն Գարոյին թեկնածութիւնը, եւ այսպիսով, ան կ՛ընտրուի օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան:
1914-ի աշնան Արմէն Գարօ կը վերադառնայ Թիֆլիս, եւ կը նուիրուի հայ կամաւորական շարժման կազմակերպումին:
Կամաւորական գունդերը Ա. Աշխարհամարտի բռնկման օրերուն կեանքի կոչուեցան եւ օրհասական այդ արհաւիրքի ժամանակաշրջանին, հերոսական մարտնչումներու գնով, Հայաստանն ու հայութիւնը փրկեցին ամբողջական կործանումէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրումէն ետք Գարեգին Փաստրմաճեանը ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհուրդի, ապա` Հայաստանի խորհրդարանի երեսփոխան:
1920-ին կառավարութեան որոշումով Գարեգին Փաստրմաճեանը կը մեկնի Փարիզ` իբրեւ Հայոց ազգային պատուիրակութեան անդամ: Կը մասնակցի Սեւրի դաշնագրի եւ խորհրդայիններու հետ Դաշնակցութեան վարած Ռիկայի բանակցութիւններուն: Այնուհետեւ կ՛անցնի Ուաշինկթըն` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան:
Դիւանագիտական իր առաքելութեան ընթացքին նախաձեռնեց ու կազմակերպեց Երեւանի մէջ 1919-ին գումարուած ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովի իթթիհատական ցեղասպան պարագլուխները մահապատիժի ենթարկելու «Նեմեսիս» անուանուած գործողութիւնը:
Գարեգին Փաստրմաճեան կը մահանայ 27 մարտ 1923-ին:
Վահան Փափազեան
Վահան Փափազեան (Կոմս).- Ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, բժիշկ, քաղաքական գործիչ, լուսանկարիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1876-ին, Թաւրիզ: Ընտանիքին հետ փոխադրուած է Թիֆլիս եւ հոնկէ` Նոր Նախիջեւան: Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) մէջ հանդիպած է Երկրէն եկած հայդուկներու եւ ծանօթացած` կուսակցական մամուլին, որմէ ետք յարած է ՀՅ Դաշնակցութեան:
1902-ին Փեթերսպուրկի մէջ ուսանող Վահան Փափազեանը խոյս տալով ձերբակալութենէն` փախած է Ֆինլանտա, ապա անցած` Ժընեւ: ՀՅԴ օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագրատունը կը հանդիպի ականաւոր կուսակցական դէմքերու: Անոնց յանձնարարութեամբ ալ, իբրեւ լուսանկարիչ եւ վստահելի ընկեր` Գայլ Վահանի խումբին հետ կու գայ Կովկաս` պատրաստուելով մեկնիլ Վասպուրական:
Մինչեւ սահման անցնիլը` վիրաւոր հայդուկներէն մէկը վիրակապող Վահանը կը կնքեն «բժիշկ» մականունով, իսկ հետագային զայն կը կոչեն նաեւ «Կոմս»: Առանց լուրջ փորձութիւններու` Վահանը կը հասնի Վան: 1903-ին վերադարձած է Կովկաս եւ մեկնած` Վան, իբրեւ կուսակցական գործիչ: Նոյեմբերին յաջող աշխատանքներ կը տանի կուսակցական կառոյցը Վան քաղաքին եւ անոր շրջակայ գաւառներուն մէջ ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Այնուհետեւ, 1906-1907 տարիներուն ղեկավարած է Կովկասէն Վան ռազմամթերք փոխադրելու գործը:
1908-ին երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք ընտրուած է օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան` Վանէն:
1912-ին գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Հայկական հարցի վերաբացման աշխատանքներուն մէջ:
Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը Կոմս Մուշ կը գտնուէր եւ երեսփոխանի իր հանգամանքով թուրք պետական շրջանակներու հետ կապերը կը համակարգէր: Մեծ եղեռնի օրերուն տարօնցի գաղթականներուն հետ ճաշակեց բոլոր դառնութիւնները:
Ջարդէն ճողոպրած Կոմսի եւ Ռուբէնի խումբերը յաջողեցան անցնիլ ռուսական ճակատի գիծը եւ անցան Արարատեան դաշտ:
1918-ին եղած է Թիֆլիս: Նոյն թուականի վերջը Փարիզէն կը ստանայ Պօղոս Նուպարի հրաւէրը` որպէս Արեւմտահայութեան ապահովութեան խորհուրդի նախագահ մասնակցելու Ազգային համագումարին, 1919 փետրուար 24-էն 22 ապրիլ: Վահան Փափազեանն ու Աւետիս Թերզիպաշեանը կը կազմեն եւ հայութեան երկու հատուածները ներկայացնող պատուիրակութիւններուն կը տրամադրեն «Վնասի հատուցման» զեկուցագիրը: Վահան Փափազեանը շուտով կը վերադառնայ Հայաստան: Ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի երեսփոխան, այս անգամ արդէն` անկախ Հայաստանի օրէնսդիր խորհուրդի անդամ: Ան ղեկավարած է ելեւմտական յանձնաժողովը: Շուտով զայն կրկին կը հրաւիրեն Փարիզ, որովհետեւ ապագայ Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած էր Հայաստանին ելք դէպի Սեւ ծով, մանրամասնութիւնները պիտի ճշդէր յատուկ յանձնաժողովը, հոն պիտի ընդգրկուէր նաեւ Կոմսի անունը: Ան այդ օրերուն տիֆով հիւանդ էր եւ միայն օգոստոսի սկիզբը կազդուրուելէն ետք կը կարողանայ մեկնիլ:
1919-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին, Երեւան: Հետագային Դաշնակցութեան անունով կը գործակցի Թուրքիոյ քիւրտ ապստամբներուն հետ:
1947-ին կը հաստատուի Լիբանան, գրի կ՛առնէ իր յուշերը եւ կը գրէ «Խոնարհ հերոսներ» շարքը:
Վահան Փափազեանը կը մահանայ 1973-ին, Պէյրութ:
(Շար. 22)