«Վասնզի ձեզի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ
Դաւիթի քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է»:
(Ղուկ. 2.11)
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին մէջ Օծեալ Տէրն է, որ կը դիմաւորենք, Խաղաղութեան Իշխանը, Փրկիչը. կը տօնենք Աստուածայայտնութիւնը, Էմմանուէլը` Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալը: Սակայն, մեր տօնակատարութիւնը իր իսկական իմաստէն պարպած կ՛ըլլանք, եթէ զայն բանտարկենք օրերու եւ ժամերու մէջ, կամ` մեր վիճակներուն եւ պայմաններուն մէջ: Եւ այդպէս` կը կորսնցնենք փրկութեան իրական զօրութիւնն ու ազդեցութիւնը, տօնը վերածելով սնամէջ, անիմաստ եւ կարճատեւ խրախճանքի:
Ս. Ծնունդը իրական տօն է մեզի համար, քանի որ Փրկիչը «մեզի համար» ծնաւ: Ան ոեւէ մէկուն ոեւէ փրկիչը չէ, այլ` մեզի Փրկիչ է: Եթէ մենք Անոր հետ կը վարուինք իբրեւ ուրիշներու փրկիչ մը, ապա մենք մեզ կը զրկենք իրական տօնէն: Իսկական տօնը կը սկսի եւ կ՛իմաստաւորուի, երբ տօնին մէջ մենք գիտակցաբար կը դիմաւորենք «մե՛ր Փրկիչը»: Եթէ զԱնիկա «մերը» չենք սեպեր` ա՛լ շատեկան չի դառնար, թէ ո՛վ է Ան եւ զո՛վ կը փրկէ, ինչպէ՛ս կը փրկէ եւ ե՛րբ կը փրկէ:
Ս. Ծնունդը իրական տօն է մեզի համար, քանի որ Փրկիչը «այսօ՛ր» ծնաւ: «Այսօր»-ը պատմական քսանչորս ժամերու հարց չէ. ա՛յն օրն է, որուն մէջ կ՛իրականանան շատ հին ժամանակներու մարգարէութիւնները, բոլոր ժամանակներուն համար. ա՛յն օրն է, «զոր Տէրը ստեղծեց». ա՛յն օրն է, որ մնայուն ներկան է: Աստուած, որ ժամանակները ստեղծեց առաջին օրը ստեղծելով, Ի՛նք կը մտնէ մեր ժամանակին մէջ, զայն վերածելով Իր ներկայութեան ժամանակին: Ուրեմն` անհեթեթ կը դառնայ հարցումը, թէ` ո՞ր օրուան եւ ո՞ր ժամուն մէջ մեզ պիտի փրկէ Աստուած. Ան կը փրկէ մեզ, այնքան ատեն որ «այսօր»-ը ունինք: Ան չի պայմանաւորեր Իր փրկութիւնը մեր պայմաններով եւ վիճակներով կամ փոփոխութեամբը անոնց, որոնցմէ ազատիլ կը փափաքինք եւ կը փորձենք: Ան միշտ Փրկիչ է:
Ս. Ծնունդը իրական տօն է մեզի համար, քանի որ Փրկիչը ծնա՛ւ, այսինքն` Անոր ծնունդը կատարուեցաւ: Փրկութեան պարզ խոստում մը չէ այս, որ ապագային կը պատկանի, այլ` իրականութիւն մը, որ կատարեալ է: Մոգերն ու հովիւները նշանի մը պէտք ունէին, որպէսզի մարդ արարածին փրկուելու կարելիութեան իրական ըլլալը կարենան հաստատել. եւ` նշանը աստղ մը չէր կրնար ըլլալ, ո՛չ ալ հրեշտակային երգեցողութեան տեսիլք մը: Նշանը նոյնքան իրական եւ շօշափելի պէտք էր ըլլար, որքան` փրկութիւնը, որքան` այսօրուան ժամանակը: Նշանը` խանձարուրի մէջ փաթթուած ու մսուրին մէջ պառկած «իրական» մանուկը կրնար ըլլալ միայն: Ահա այդ մանուկը Փրկիչն է, Օծեալ Տէրը, նոյնիսկ` մանկական «անկարող» իր թաթիկներով մեզ փրկող:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդին մէջ` Կատարեալն է, որ կու գայ անկատարին, Ամենասուրբը, որ կու գայ մեղաւորին, Ամենակարողը, որ կու գայ անկարողին, Անժամանակը, որ կու գայ ժամանակաւորին, Անսահմանը, որ կու գայ սահմանափակին, Հաստատուն Վէմը, որ կու գայ տատանողին, Փնտռողը, որ կու գայ կորսուածին իրական Փրկիչ ըլլալու: Ահա մեծագոյն ուրախութեան առիթը մեր այսօրուան համար:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
ձեզի մեզի մեծ աւետիս:
ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Յունուար 2016