Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի Բացառիկին. Հերոս Մեր Ժողովուրդին Արժանաւոր Ղեկավարում Ապահովենք

$
0
0

Asbarez_NY2016_Special_Arm_1

Թուրքիոյ ցեղասպան իշխանութիւնը ձախողեցաւ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու իր դիւային ծրագիրը իրականացնելուն մէջ: Երիտասարդական հազարաւոր շուրթներէ հնչած այս կարգախօսը հաւասարազօր է «Մենք յաղթեցինք» յայտարարութեան, որ ամէնէն ճիշդ կերպով արտայայտեց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներէն ճառագայթող ոգին:

Հայ ժողովուրդը իր յաղթանակը նշանաւորած է Հայաստան պետութեամբ, ազատագրուած Արցախով, Հայոց ցեղասպանութեան ու բռնագրաւուած հայրենիքի յուշն ու հատուցման պահանջը իրենց սրտին մէջ օրէ օր ահագնացող կրակով վառուող Հայ դատի զինուորեալներով:

Յաղթանակը նշանաւորուած է նաեւ առաւել ուժեղ հաւատքով ու համոզումով, որ` արդարութեան պահը անհասանելի երազ չէ այլեւս, որ` յաւելեալ վճռակամութիւն, եռանդ ու ոգի պէտք է միայն` հասնելու համար մեր վերջնական նպատակին:

Հպարտ ենք, որ այս յաղթական երթին մենք ալ մեր պատուաբեր մասնակցութիւնը բերինք: Մենք` Լոս Անճելըսի հայութիւնը: Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն շարքին իր աննախընթաց տարողութեամբ ու հնչեղութեամբ առանձնացաւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը, որ իր հարիւրամեակի արդարութեան հզօր երթով, պահանջատիրական նոր որակ ու նոր մակարդակ ակնկալելու յայտ ներկայացուց զինք ղեկավարելու յաւակնութիւնը ունեցող կազմակերպութիւններուն:

Այս համայնքը, մշակութային ու հոգեւոր ոլորտներու մէջ եւս, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշանաւորեց յանդուգն ու հոգեցունց ձեռնարկներով` սկսելով «Անուշ» օփերայի բեմականացումով, բազմաթիւ յուշահամերգներով, մինչեւ իսկ շրջանի բոլոր ազդեցիկ կրօնական ղեկավարներու մասնակցութեամբ նահատակներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան միջեկեղեցական արարողութեամբ:

Հայկական պահանջատիրական շարժումին մասնակից ըլլալու իր պատրաստակամութիւնը այսպէս ցուցականօրէն դրսեւորելով` Լոս Անճելըսի հայ համայնքը համահայկական չափանիշներ ջարդեց ու ցարդ թաքնուած ուժականութեան զօրաշարժի խոստումը տուաւ` հոյակապ հանդիսաւորութեամբ:

Այս խոստումը, սակայն, երկար ժամանակ ի զօրու կրնայ չմնալ: Ի վերջոյ, հարիւրամեակի կախարդական ձգողականութիւնը օրէ օր կրնայ թուլանալ, եւ տասնեակ հազարներու շէնշող ոգին կրնայ արագ խամրիլ: Մեր միջավայրի կլանող առօրեան այդ դաւադիր մաշումին հարուստ փորձը ունի: Անհրաժեշտ է, ուրեմն, արագ, ճշգրիտ ու նպատակասլաց ծրագիրներով վերստին հաղորդուիլ այդ հրաշալի բազմութեան հետ:

Ափսո՛ս է, հազա՜ր ափսոս պիտի ըլլայ, եթէ նոր հարիւրամեակը թափով սկսելու այս սրսկումը յումպէտս կորչի: Ափսո՛ս է, եւ մենք բոլորս պատասխանատուութեան կը կանչուինք, եթէ չկարենանք այս կարողականութիւնը օգտագործել ոչ միայն Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն համար, այլեւ` ի նպաստ քառորդ դար կտրած մեր վերականգնած պետականութեան ամրացման:

Եկէք` հերոսական մեր ժողովուրդին արժանի ղեկավարո՛ւմ ապահովենք: Եկէք` նախ եւ առաջ այս հերոս ժողովուրդի սիրտին այնքա՛ն մօտիկ մեր միասնականութիւնը ամրացնենք, առնուազն` այնպիսի նպատակներու շուրջ, որոնք անվիճելիօրէն համահայկական են:

Եկէք` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք մեր նոր գտած ուժը` անկախացած հայրենիքի հզօրացման ի խնդիր հանենք մէջտեղ: Այս հրամայականը առաւել շեշտակիօրէն կը ծառանայ մեր առջեւ, մանաւանդ այս օրերուն, երբ թշնամին ամէն օր նոր սադրանքներ կը նիւթէ մեր սահմաններուն վրայ:

Եւ հաւատացէ՛ք, այդ ուժը վերստին կ՛ողողէ հրապարակը, վերստին կը յայտարարէ իր ներկայութիւնը հոս, այնտեղ, ամէնուր` հերոսաբա՛ր:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Trending Articles